Սեպտեմբերեան գիշեր մըն էր, երբ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի բակը լեցուեցաւ ոգեւորուած պատանիներով։ Սուրիոյ Պարանեկան Միութեան պատանիները՝ պայծառ ժպիտով ու պատրաստ ճամբորդութեան, մեկնեցան դէպի գեղատեսիլ Քեսապ՝ մասնակցելու «Սարգիս Զէյթլեան» պատանեկան բանակումին։
Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 40-րդ տարելիցը ամբողջանալուն առիթով՝ բանակումը իր անունը կրեց։
ՍՊՄ-ի Ընդհանուր վարիչ Մարմինը՝ հակառակ կազմակերպչական դժուարութիւններուն, ոչ մէկ ճիգ խնայեց պատանիներուն վայելել տալու անվտանգ, օգտաշատ եւ դաշնակցական պատանիին արժանի բանակում մը։
1-էն 7 Սեպտեմբեր 2025-ին, Քեսապի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրի մէջ տիրած ընկերասիրութեան եւ հայրենասիրական ջերմ մթնոլորտ։ Հալէպէն, Քեսապէն, Գամիշլիէն ու Լաթաքիայէն ժամանած 104 պատանիները ոչ միայն ծանօթացան իրարու, այլ նաեւ միասին ապրեցան դաշնակցական ընտանիքի ոգին։ Օրակարգերը կը ներառէին Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող դասախօսութիւններ, ինքնազարգացման թեմաներ, քննարկումներ պատանիներու առօրեային ու մարտահրաւէրներուն մասին։
Բանակումի խմբակները կրեցին մեր ժողովուրդի նահատակ հերոսներուն անունները։
Մարզանքները, դաշտային խաղերը, յեղափոխական երգերն ու կանչերը դարձան օրուան ամենախանդավառ պահերը։ Պատանիները մեր հերոսներու երգերը երգելով ոգեշնչուեցան Քրիստափորով, Գարեգին Նժդեհով, Յարութ Բանոյեանով եւ շա՜տ շատերով, յիշելով որ անոնք յաջորդող սերունդն են այն կտրիճներուն, որոնք իրենց կեանքով ամրացուցին հայրենիքի յաւերժութիւնը։
Վերջին օրը տեղի ունեցաւ աւանդական խարուկահանդէսը, որուն ներկայ էին ծնողներ եւ այցելուներ։ Յայտագիրը արտացոլացուց բանակումի ընդհանուր մթնոլորտը։ Ջահակիր պատանիները կրակը բոցավառեցին՝ վեհ պահելով Հայաստանի դրօշը։ Բեմը թնդաց երգով, ասմունքով, պարով, բուրքով ու կենդանի պատկերով։ Յեղափոխական կանչերուն միացան բոլորը, ստեղծելով այնպիսի խանդավառ մթնոլորտ մը, որ երկար պիտի մնայ յիշողութեան մէջ։
Այս բանակումը դարձաւ վկայութիւն մը, թէ ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեամբ նոր սերունդը կրնայ դառնալ մեր ժողովուրդին ամուր յենարանը։ Պատանիներուն աչքերուն մէջ կը կարդացուէր ճշմարիտ պատգամը՝ իրենք են վաղուան յուսալի ապագան։
Մարինա Ասատուրեան