Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսի գործակատար խորհրդական Բաբգէն Պատալեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ: Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարոն Բաբգէնին: