ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՈՐ ՍՆՆԴԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՇԱԿԵՐՏԻ ԱՌՈՂՋ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի խնամքի հաստատութիւններուն, յատկապէս դպրոցներուն մէջ սկսած է կարեւոր գործընթաց մը՝ սնունդի համակարգի բարեփոխում։
Համաձայն schoolfeeding.am-ի, 2024-25 թուականներուն առաջին անգամ պետական մակարդակով կ’իրականանայ սննդային լայնածաւալ ծրագիր մը, որուն հիմնական նպատակն է խնամքի հաստատութիւններուն մէջ ապրող մանուկներուն համար բարելաւել առողջ, հաւասարակշռուած եւ որակեալ սնունդ ապահովելու կարելիութիւնները։
Ծրագիրը կ’իրականացնէ «Դպրոցական սնունդ եւ երեխաներու բարեկեցութիւն» հիմնարկը (ԴՍԵԲ)՝ ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային ծրագիրի (WFP) հայաստանեան գրասենեակին աջակցութեամբ եւ Աշխատանքի ու Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Աշխատանքը կ’իրականանայ «Հայաստանի հասարակական պաշտպանութեան համակարգի հզօրացում» ծրագիրի շրջագիծէն ներս՝ Եւրոպական Միութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
Նոր չափանիշեր՝ ժամանակակից պահանջներուն համահունչ
Ծրագիրը կը սահմանէ խնամքի հաստատութիւններուն մէջ մանուկներու եւ պատանիներու սնունդի հիմնական չափորոշիչները, որոնք նախապէս բաւարար չափով չէին արտացոլացներ ժամանակակից սննդաբանական եւ առողջապահական մօտեցումները։ Մասնագէտներու առաջարկներով այս որոշումը կը դառնայ համահունչ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան համապատասխան հրամաններուն, որոնք կը նախատեսեն մանուկներու համար առողջ, թարմ, բնական եւ հաւասարակշռուած սնունդի ապահովում՝ ըստ տարիքային առանձնայատկութիւններու։
Հիմնարկի սննդագէտ Արմէն Մկրտչեան ըսած է որ. «Նախապէս կիրառուող չափորոշիչները համահունչ չէին ժամանակակից սննդաբանական եւ առողջապահական տուեալներուն։ Այդ պատճառով ալ մշակեցինք ամբողջական համակարգ»։
Մասնագիտական լուրջ աշխատանքի հետեւանքով նոր չափորոշիչներուն մէջ.
o Հիմնականօրէն նուազեցուած է փոշի շաքարի եւ քաղցրեղէնի չափաքանակը,
o Առաջարկուած է բացառել իւղի եւ մասնակի հիտրոժէնացուած ճարպերու կիրառումը,
o Շեշտը դրուած է ամբողջական հատիկով հացամթերքի, ձաւարէղէնի եւ այլ բարձրարժէք մթերքի օգտագործման վրայ,
o Սպիտակ ալիւրը փոխարինուած է խառնուրդներով կամ ամբողջական հատիկի տարբերակներով,
o Սնունդին մէջ անպայման ներառուած են կաթնամթերքի տեսակներ, օրինակ՝ պանիր եւ ոչ թէ պանիրի նման այլ մթերք,
o Յստակօրէն ճշդուած են ջերմուժի (քալորի) եւ սպիտակուցներու (փրոթէյն) նոր պահանջները՝ ըստ տարիքային խումբերու,
o Մշակուած է ուղեցոյց՝ քրոնիկ հիւանդութիւններով մանուկներու համար, որպէսզի կեդրոնները կարենան յարմարեցնել սնունդը՝ բժշկական ցուցմունքի հիման վրայ։
Ահա թէ ինչպիսի՛ ուշադրութեան արժանի է մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն սնունդը։ Հետեւաբար կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել նորարար հետազօտութիւններուն, սննդագէտներու կարծիքին, որպէսզի մեր զաւակները վերամուտը նոր սննդակարգով դիմաւորեն ո՛չ միայն դպրոցներու, այլեւ տան, ակումբէն ներս եւ այլն։ Այսպիսով ապահոված կ’ըլլանք անոնց առողջ աճը, զերծ կը պահենք զիրենք հիւանդութիւններէ եւ կ’օգնենք, որ ունենան առողջ մարմին, արթուն միտք եւ ըմբռնումի, ինչպէս նաեւ սորվածը յիշելու եւ ստեղծագործելու կարողութիւն։
Խոհագիր
Արմաւով եւ ընկոյզով գնդիկներ
Բաղադրութիւն
-Կէս քիլո արմաւ (շաղուած)
-125 կրամ մանրուած ընկոյզ
-125 կրամ մանրուած նուշ
– 125 կրամ մանր վարսակ (շոֆէն)
– 4 ապուրի դգալ շուշմայ
-50 կրամ մանրուած հնդկընկոյզ
-Փոշի կասիա, կակաւոն (քաքաու), մեղր
Պատրաստութիւն
Արմաւը շաղել, ափին մէջ քիչ մը ձիթաիւղ քսելով, ապա արմաւին աւելցնել մէկ ապուրի դգալ փոշի կասիա եւ մէկ ապուրի դգալ կակաւո։ Զանգուածը փոքր գնդիկներու վերածել եւ մէկ կողմ դնել։ Մանրուած ընկուզեղէնը, վարսակն ու շուշման խառնել երկու ապուրի դգալ մեղրով, որպէսզի կարելի ըլլայ կպչուն զանգուածի մը վերածել զայն։ Արմաւի գնդիկները բանալ, մէջը լեցնել շաղուած ընկուզէղէնը եւ կլորել։ Ապա թաթխել հնդկընկոյզի փոշիին մինչեւ որ ամէն կողմերը ծածկուին անով։ Տեղաւորել ափսէի մը մէջ եւ հիւրասիրել։