Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներու, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։
Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը։
Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր օրուան աստուածաշնչական հատուածները (Գղ 6.14-18: Մտ 24.30-36):
Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ տարիներ ետք արժանի դարձուց մեզ մասնակի օծուած եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցելու, օրուան խորհուրդին հաղորդ դառնալու եւ Տիրոջ մարմինն ու արիւնը ճաշակելով զօրանալու։
Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ տօնին հետ Սրբազան Հայրը յիշեց տօնացոյցին մէջ նշուած Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, որ յատուկ է Հայ Եկեղեցւոյ եւ որուն ձօնուած «Նշանաւ ամենայաղթ Խաչի քո Քրիստոս» շարականը գրած է Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոս։
Սրբազան Հայրը աստուածաշնչական հատուածներուն ընդմէջէն դիտել տուաւ, որ Պօղոս առաքեալ կեղծ քարոզիչներէն կը զգուշացնէր ժողովուրդը, ըսելով, որ «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գղ 6.14)։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ խաչը ամենակարեւոր ազդակն է մեզի համար, որովհետեւ խաչին միջոցաւ Տէրը մեզ փրկութիւն բերաւ, որպէս անմեղ գառնուկ իր արիւնը հեղեց եւ մեզ Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդներ դարձուց։ Այլ խօսքով, խաչը աստուածային անսահման սիրոյ, ներողամտութեան եւ յաղթութեան նշան հանդիսացաւ հաւատացեալներուս համար։
«Խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» կը նշանակէ, թէ Պօղոս առաքեալի համար աշխարհի բոլոր հրապոյրները, ցանկութիւնները, կիրքերը որեւէ ձեւով ազդեցութիւն չունէին իր վրայ, որովհետեւ ինք մեռած էր այդ երեւոյթներուն համար։ Ամէն ինչ որ աշխարհը կը հրամցնէ, որպէս հրապոյր մարդը իր կողմը կը քաշէ։ Հետեւաբար, «Աշխարհը ինծի համար մեռած է» կը նշանակէ աշխարհի հրապոյրներէն ձերբազատած եմ, անտեսած եմ, արհամարհած եմ զանոնք եւ Քրիստոսի նուիրուած եմ։ Պօղոս առաքեալ պատրաստ էր Քրիստոսի Աւետարանին համար տառապանք կրելու, նոյնիսկ նահատակուելու։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Տիրոջ խաչը ուրախութեան խորհրդանիշն է հաւատացեալներուս համար, հետեւաբար, զոյգ տօներուն առիթով, ան հրաւիրեց ներկաները ինքնաքննութեան ճամբով բացուելու խաչափայտի սուրբ խորհուրդին եւ իրենց հաւատքը կեանքի կոչելով հաւատքի պայքար մղելու։
Ս. Հաղորդութենէն ետք, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։