ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՖԻՖԱ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԱՇԽԱՐՀԻ 2030-Ի ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ 64-Ի
Ֆութպոլի միջազգային դաշնութիւնը պատրաստ է 2030-ի  աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչ մրցա-շարքի մասնակիցներու թիւը հասցնել 64 հաւաքականի։ Այս մասին տեղեկութիւններ փոխան-ցեց Ole-ն: Առաջարկը եկած է  Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի գերագոյն կոմիտէին կողմէ։ Այս պարագային մրցաշարքի մասնա-կիցները կը բաժանուին 16 խըմ-բակի։ Իւրաքանչիւր խմբակի երկու ուժեղագոյնները կը հասնին աւարտական փուլ:
Աւելցնենք, որ 2026-ի աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչ մրցաշարքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի 48 հաւաքական:
ՕՍՄԱՆ ՏԵՄՊԵԼԷ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՈՍԿԵԱՅ ԳՆԴԱԿԻ
 Ֆրանսայի ախոյեան գաւաթակիր, սուփըրգաւաթակիր, Չեմփիընզ լիկի գաւաթակիր Փարիզ Սան Ժերմանի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի յարձակող Օսման Տեմպելէ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած մրցանա-կաբաշխութեան
արժանացաւ «Ոսկեայ գնդակին»: Անցեալ տարի մրցանակին արժանացած էր անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի եւ Սպանիոյ հաւաքականի կիսապաշտ-պան Ռոտրին։ Տեմպելէ պատ-մութեան մէջ 10-րդ ֆութ-պոլիստն է, որ կը նուաճէ աշխարհի ախոյեանութեան, Չեմփիընզ լիկի գաւաթակիրի կոչումներն ու «Ոսկեայ գնդակը»: Քուէարկութեան Տեմպելէ  գերազանցեց Սպա-նիոյ ախոյեան Պարսելոնայի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ հաւաքականի յարձակող Լամին Եամալը, որը գրաւեց երկրորդ դիրքը։  Կանանց «Ոսկեայ գնդակին» երրորդ անգամ անընդմէջ արժանացաւ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ հաւաքականի խաղացող Այթանա Պոնմաթին:
ԼՈՒԻՍ ԷՆՐԻՔԷ ԴԱՐՁԱՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէ, անցեալ մրցաշրջանի արդիւնքներուն համաձայն, արժանացաւ լաւագոյն մարզիչի մրցանակին՝ Փարիզի մէջ ընթացող «Ոսկեայ գնդակ» մրցանակաբաշխութեան:
Անցեալ մրցա-շրջանին  Փարիզ Սան Ժերման Լուիս Էնրիքէի ղեկավարութեամբ նուաճած է Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը, գաւաթը, սուփըր-գաւաթը եւ Չեմփիընզ լիկի գաւաթը։ Փարիզ Սան Ժերման աշխարհի ակումբային առաջ-նութեան հասաւ եզրափակիչին եւ պարտութիւն կրեց Լոնտոնի Չելսիէն: Կանանց խումբերու  լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ Սարինա Վիկման, որուն ղեկավարութեամբ Անգլիոյ հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ռաֆֆի Սիւլահեան