ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒՄ

ԽԱՐԲԵՐԴ ՀԱՐՍՆԱՌՈՒՄ
Հարսառնումի համար խնամիները շքախումբով կ’երթային հարսը առնելու եւ եկեղեցի տանելու: Հարսին տան դուռը փակ կ’ըլլար։ Չէին բանար, մինչեւ որ կնքահայրը, քանի մը անգամ թակելէ ետք, խնճոյքի խոստում մը ընէր։ Հարսնեւորները ներս կը մտնէին, հիւրասիրուելէ ետք հարսն ու ընտանիքը միասին եկեղեցի կ’ուղեւորուէին։ Եկեղեցիին մէջ քահանան կը պսակէր զոյգը։ Տան վերադարձի ճամբուն վրայ ամէն տուն ափսէներու վրայ գինի, պտուղ եւ անուշեղէն կը հրամցնէր։ Հարսնեւորները հարսատուն հասնելէ վերջ հարսն ու փեսան կը նստէին անկիւն մը, իսկ միւսները կը խմէին, կը պարէին ու կը զուարճանային՝ 3 օր, 3 գիշեր։ Հարսին գլուխը փաթթուած ու դէմքը ծածկուած կ’ըլլար հաստ քօղով մը: Յաջորդ օրը կիներ նուէրներով կը վերադառնային Էրեսբացի (երեսը բանալու): Հարսին դէմքէն կը վերցնէին հաստ քօղը եւ կը փոխարինէին աւելի թափանցիկ քօղով, զոր պարտաւոր էր պահել 40 օր։ Քառասուն օրը լրանալուն, ետեւէն մէկը գաղտուկ կու գար եւ քօղը կը քաշէր, կը պատռէր: Հարսը կը մնար գլխակապով: ԾՆՈՒՆԴ.- Նորապսակներուն առաջին երեխան, մանաւանդ եթէ մանչ էր, ուրախութեան եւ ցնծութեան մեծ դէպք մըն էր։ Աւետիսը կը տանէր պզտիկ մը՝ հարսին հօր, մօր եւ կնքահօր, որոնք ուրախ լուրը կը վարձատրէին «միւժրէ»-ով ( նուէր): Տղածգանը (ծնունդ տուողը) անկողին կը մնար 2-3 շաբաթ, տունէն դուրս չէր ելլեր քառասուն օր։ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ.- Երեխայի ծնունդէն առաւելագոյնը երկու շաբաթ ետք, կնքամայրը եւ մօտիկ ազգականներ նորածինը կը տանէին եկեղեցի մկրտութեան, որմէ ետք կը վերադառնային տուն եւ կը վայելէին ճոխ ճաշասեղան մը: Մաղթանքներ. -Խերլի զաւակ ըլլի։ -Մէկ հայր, մէկ մայրով մեծնայ։ -Շնորհքը էրեսէն պակաս չըլլի։ -Քար բռնէ, օսկի դառնայ։ ՏՈՒՆ ՏԱՆԵԼ.- Ամուսնութենէն քառասուն օր ետք, հարսը հօրը տունը կը տանէին եւ 7-8 օր կը պահէին։ Փեսան ալ գործէն վերադարձին հոն կ’երթար եւ հոն կը գիշերէր: Առաջին ծննդաբերութենէն ետքն ալ այս սովորութիւնը կը կրկնուէր: ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ.- Խարբերդի եւ շրջաններուն մէջ նման բան գոյութիւն չունէր: Հազուադէպ պարագաներու միայն եկեկեղեցին (առաջնորդարանի կրօնական խորհուրդը) բաժանումի արտօնութիւն կու տար։ ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՏԱՐԻՔ.- Ընդունուած էին 15-20 տարիքը աղջիկներու, իսկ 18-40 տղոց համար։ Քսանը անցած աղջիկը Տնմնայ (տունը մնացած) կը նկատուէր։ Երեսունը հասնելուն՝ Տարիքոտ։ Բախտաւոր պարագային՝ այրիացած մարդու մը կ’երթար (կ’ամուսնանար երեխաները խնամելու)։ «Եօթը Պորտ»: Խարբերդի բոլոր շրջաններուն մէջ ամուսնական կարգադրութեան ատեն, չափազանց զգոյշ էին մօտիկ ազգականներու միջեւ խնամութիւն հաստատելէ: «Եօթը պորտ»-ը կը համրէին, այսինքն աղջիկը եւ տղան եօթը ճիւղերով բաժնուած եւ հեռացած ըլլալու էին: Նահապետական սովորութիւնները կը յարգուէին ամէնուրեք։ Մէկ յարկի տակ կ’ապրէին 20-30-40 հոգի՝ մեծ հայր, մեծ մայր, զաւակներ, հարսեր, թոռներ։ Տան մեծ կինը մեծ յարգանք կը վայելէր։ Նախախնամական պարտք դրուած էր զաւակներուն վրայ յարգել, սիրել իրենց ծնողները՝ մինչեւ վերջ։ Աշխատանքը սուրբ էր, քրտինքը մշտահոս։ Տան մէջ հաւատարմութիւն կար, գործի մէջ՝ վստահութիւն, առեւտուրի մէջ խոստումը կը յարգուէր ծայրայեղ պատուախնդրութեաբ։ Խարբերդցիին դուռն ու սեղանը բաց էին նոյնիսկ եօթնօտարին առջեւ։ Բարեպաշտութիւնը հաստատուն էր Խարբերդի մէջ։ Բոլոր գիւղերն ալ կը ծառայէին եկեղեցիին։ Նարեկին, սուրբերուն, ոգիներուն, բժշկող աղբիւրներուն, քարերուն զօրութեան հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէին։ Յաճախ օրերով կը քալէին նշանաւոր սրբավայր մը հասնելու՝ իրենց ուխտը կատարելու։ Մատաղ կ’ընէին՝ հորթ, ոչխար, այծ կամ աքլոր մորթելով, եփելէ վերջ չքաւորներու բաժնելով: Հաւատարմօրէն կը գործադրէին բոլոր աւանդական տօները, զորս եկեղեցին արձանագրած էր օրացոյցներուն մէջ, ինչպէս՝ Կաղանդը, Ծնունդը, Զատիկը, Մեծ Պահքը, Վարդանանցը, Ծաղկազարդը, Վարդավառը, Համբարձումը, Աստուածածնայ տօնը, եւ այլն… Արդար հպարտութեամբ եւ ջերմ գուրգուրանքով փոխանցենք մեր ազգի բարքերն ու աւանդութիւնները նորահաս սերունդին՝ կամրջելու մեր առօրեան՝ անցեալի բիւրեղ ակունքին: Վերականգնենք եւ վերանորոգենք զանոնք ներկայ պայմաններուն պատշաճեցնելով: Թող որ միշտ վառ մնան մեր երիտասարդներուն մօտ արմատներուն կառչելու հզօր կամքն ու հաւատքը:

(շար. 2 եւ վերջ)

Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան