ԿԱՆԱՉ ԳՐԻՉԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
«Կանաչ գրիչի դրութիւնը» մանկավարժութեան մէջ կիրարկուող հետաքրքրական մօտեցում մըն է, որուն նպատակն է մանուկին մօտ սորվելու նկատմամբ դրական վերաբերմունք ձեւաւորել։ Ծանօթ է որպէս դրական գնահատման միջոց։
Սովորաբար ուսուցիչները սխալները կը շեշտեն կարմիր գրիչով։ Այս ձեւը մանուկներուն մօտ կը յառաջացնէ վախ, հիասթափութիւն կամ ինքնավստահութեան կորուստ։
Կանաչ գրիչի միջոցի պարագային ուսուցիչը չի կենդրոնանար սխալներուն վրայ, այլ կանաչով կ’առանձնացնէ ճիշդը սխալէն։
Այսպէս մանուկը կը տեսնէ ոչ թէ իր «սխալ ըլլալը», այլ իր ուժեղ կողմերը։
Ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործել այս ձեւը.
1. Ուսուցիչը ստուգելու ընթացքին կանաչ գոյնով կ’ընդգծէ ճիշդ պատասխանները կամ յաջող արտայայտութիւնները։
2. Սխալներու մասին կը խօսի մտերմաբար, առանց բացասական շեշտադրման. օրինակ՝ «Ահա այս բառը կարելի է աւելի գեղեցիկ գրել», «Հիանալի նախադասութիւն կազմած ես, բայց եկո՛ւր տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ան աւելի ճշգրիտ դարձնել զայն»։
3. Մանուկը կը սորվի, որ իր աշխատանքին մէջ կան արժէքաւոր բաժիններ, որոնց վրայ կարելի է յենիլ։
Այս Միջոցին Առաւելութիւնները
Կը նպաստէ դրական տրամադրութեան յառաջացման։
Կը զարգացնէ մանուկին ինքնավստահութիւնը։
Կը խրախուսէ շարունակել փորձը եւ սորվիլ։
Ուսուցիչին եւ աշակերտին միջեւ կը ձեւաւորուի ջերմ եւ գործակցութեան կապեր։
Արդեօ՞ք Այս Միջոցը Թերութիւններ կամ Սահմանափակումներ Ունի
Շատ կարեւոր է հաւասարակշռութիւն պահել. այսինքն՝ եթէ միայն դրականը շեշտուի, առանց ճշդելու սխալը, այսպիսով մանուկը չի նկատեր իր սխալները։
Պէտք է ապահովել դրական շեշտադրումը եւ մեղմ ճշդումը։
Լիլիթ Դանիէլեան
ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԱԽԱՃԱՇԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Նախաճաշը կը համարուի օրուան ամենակարեւոր կերակուրներէն մէկը, յատկապէս մանուկներուն համար։
Շատ յաճախ փոքրիկները դպրոց կամ մանկապարտէզ կ’երթան անօթի՝ մտածելով, որ կարելի է սպասել մինչեւ զբօսանք։ Սակայն նախաճաշը ոչ միայն կուշտ պահելու, այլեւ առողջութեան, սորվելու եւ ընդհանուր զարգացման կարեւորագոյն գործօններէն է։
1- Կենսուժ կը պարգեւէ ամբողջ օրուան ընթացքին
Մանուկներու օրկանիզմը շարունակական աճի ու զարգացման մէջ է, իսկ նախաճաշը անոնց կենսուժի հիմնական աղբիւրն է։ Սննդարար նախաճաշը կ’օգնէ մանուկներուն մնալու աշխոյժ, կեդրոնանալու դասերու կամ խաղերու ընթացքին։
2- Ուսման եւ յիշողութեան բարելաւում
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ այն մանուկները, ովքեր առաւօտեան կ’ուտեն, ունին աւելի բարձր ուշադրութիւն եւ յիշողութեան կարողութիւններ։ Անօթի վիճակի մէջ ուղեղը բաւարար սնունդ չի ստանար, հետեւաբար փոքրիկները կեդրոնացման դժուարութիւն կ’ունենան։
3- Առողջապահական ծանրութեան պահպանում
Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ նախաճաշ չընելը գիրութենէ զերծ կը պահէ մանուկը։ Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է. նախաճաշող փոքրիկները աւելի հաւասարակշռուած կը սնանին ամբողջ օրուան ընթացքին եւ աւելի քիչ կ’օգտագործեն վնասակար ուտելիքը։
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ փոքրիկի առողջ նախաճաշին պարունակութիւնը
o Թարմ պտուղ կամ բանջարեղէն,
o Կաթնամթերք (կաթ, մածուն, պանիր),
o Հաց կամ վարսակի հատիկներ,
o Հաւկիթ կամ այլ սպիտակուցային մթերք,
o Ընկուզեղէն եւ արմաւ։