ՀԱՅԿԱԿԱն
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ
Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան եւրոպական կազմերու ընտրական փուլի F խումբի երրորդ հանգրուանին,  Հայաստանի հաւաքականը Պուտափեստի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ հաւաքականին կողմէ:   Եղիշէ Մէլիքեանի գլխաւորած կազմը պարտութեան մատնուեցաւ 2-0 արդիւնքով: 56-րդ վայրկեանին, հունգարական Փուշքէշ Ակադեմիայի 29-ամեայ յարձակող Տանիէլ Լոկաշ, նշանակեց առաջին կոլը, իսկ մրցումի յաւելեալ չորրորդ վայրկեանին կոլի հեղինակ դարձաւ հունգարական Ֆերընվարոշի
21-ամեայ յարձակող Ժոմպոր Կրուպըրը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՈՒԱՐԷԶ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐ 600-ՐԴ ԿՈԼԸ
Ամերիկեան Ինթըր Մայամի ուրուկուէյցի յարձակող Լուիս Սուարէզ 600-րդ կոլը նշանակեց իր մարզական կեանքի ընթացքին։ Ֆութպոլի բարձրագոյն լիկայի կանոնաւոր առաջնութեան խաղին, Ինթըր Մայամի 4 – 0 արդիւնքով յաղթեց  Աթլանթա Իւնայթըտին, որուն մէկ կոլի հեղինակը դարձաւ Սուարէզ: Սուարէզ 42 կոլ նշանակած է Ինթըր Մայամիի, 198 կոլ՝ Պարսելոնայի, 111 կոլ՝ Աճաքսի, 82 կոլ՝ Լիվըրփուլի, 69 կոլ՝ Ուրուկուէյի հաւաքականին,  34 կոլ՝ Աթլեթիքո Մատրիտի, 29 կոլ՝ Կրեմիոյի , 20 կոլ՝ Նասեոնալի եւ 15 կոլ՝ Կրոնինկենի հետ: Սուարէզ 2024 թուականի Յունուարէն  հանդէս կու գայ Ամերիկայի  Ինթըր Մայամիի հետ, որուն հետ անոր  պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2025:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԻՏԻ ՉԵՐԿԱՐԱՁԳԷ 
ԼԵՒԱՆՏՈՎՍՔԻԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ
Սպանիոյ Sport.es-ին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պարսելոնայի  ղեկավարութիւնը մտադիր չէ երկարաձգել լեհ յարձակող Ռոպէրթ Լեւանտովսքիի հետ ստորագրած պայմանագիրը: Աղբիւրի տեղեկութիւններուն հիմնուելով,  Քաթալոնիացիներու ղեկավարութիւնը այս քայլին դիմած է  քանի մը  պատճառներով, որոնցմէ յիշատակելի է յարձակողի տարիքը, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտութեան անկումը: Այս պահին յայտնի չէ, եթէ Լեւանտովսքին  մտադիր է աւարտել արհեստավարժական կեանքի  ընթացիկ մրցաշրջանը աւարտելէ  յետոյ, թէ կը շարունակէ ելոյթները այլ ակումբի հետ։ Այս մրցաշրջանին  Լեւանտովսկին Պարսելոնայի հետ  մասնակցեցաւ  բոլոր մրցումներու ինը հանդիպման, եւ դարձաւ   չորս կոլի հեղինակ։ Լեհաստանցի խաղացողի պայմանագիրը Պարսելոնայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականի ամառ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան