Կ’ուզեմ երթալ այսօր մինակ
Տեղ մը, որ դեռ չէ հնարուած.
Անորոշով ան ծրարուած
Լոյսի ծնունդը դեռ չտեսած
Ձայնի շշուկը դեռ չզգացած
Որ ծնունդն է եւ մահութիւն
Երկու եզրերը կեանք թնճուկին…
Ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ…
Ես չեմ գիտեր
Անորոշէն դէպ անորո՞շ,
Անսահմանէն դէպ անսահմա՞ն,
Սկիզբէն որ միայն վերջո՞վ կը սահմանուի։
Պիտի գիտնա՞մ ինչու եկայ
– արդեօք եկա՞յ –
Արդեօք ինձմէ մաս մը «այնտեղ» դեռ չի՞ սպասեր,
Չի՞ թափառիր անորոշի մթութեան մէջ…։
Աւաղ, երբեք պիտ չգիտնամ
Որ որբացած եսէս մաս մը կը թափառի
Աշխարհիս մէջ այս մթագնած
Ինծի մօտիկ
Ինձմէ հեռու…
Ահա այսօր կ’ուզեմ երթալ
Մինակ… մինակ
Ինձմէ՝… ինծի՛։
Հրանդ Մարգարեան