ՀԱՅԿԱԿԱՆ
UNITY EURO CUP 2025-ԻՆ  
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՐԱՒԵՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ
Հոլանտայի մէջ իր աւարտին հասաւ Unity EURO Cup 2025-ը։ Հայաստանի հաւաքականը յաջող արդիւնքներ արձանագրելով դուրս եկաւ փլէյ-օֆֆ, ուր յաղթեց Հիւսիսային Իրլանտային՝ 2 – 1 արդիւնքով։ Կիսեզրափակիչին, Հայաստանի կազմը  պարտութեան մատնեց նաեւ  Յունաստանը՝ 1-0 արդիւնքով։ Եզրափակիչ խաղին Հայաստանի հաւաքականը  հանդիպեցաւ Ֆինլանտիային։ Հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, իսկ հետխաղեայ 11-մեթրի  հարուածաշարքին ուժեղ էին ֆինլանտացիները։ Unity EURO Cup-ը ՈւԵՖԱ-ի եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի (UNHCR) միատեղ նախաձեռնութիւնն է։ Այս մրցաշարքը կը յիշեցնէ, որ ֆութպոլը ուժ ունի միաւորելու մարդիկ՝ անկախ անոնց պատմութենէն կամ ծագումը։ Ան կ’ապացուցէ, որ մարզանքը կրնայ դառնալ ներառման, յոյսի եւ նոր կարելիութիւններու հարթակ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՄՆԱՑ ԱՂԻՒՍԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներուն, մայրաքաղաքի արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտը 1-0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Խիթաֆը: Հանդիպումին, թէեւ Ռէալի խաղացողները տիրապետած էին խաղարկութեան, բայց առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 հաւասար արդիւնքով: Երկրորդ կիսախաղին, Ռէալի մարզիչ Ալոնսոն դաշտ ուղղեց Վինիսիոս Ժունիըրը, որ յաջողեցաւ մուտք գործել մրցակիցի պաշտպանողական գիծը. 76-րդ վայրկեանին մրցակից կազմէն Նիոմ մուտք գործեց դաշտ, որմէ միայն մէկ վայրկեան ետք կարմիր քարտով հեռացուեցաւ մրցումէն: 80-րդ վայրկեանին Ռէալի ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէ նշանակեց խումբին միակ կոլը:
Աղիւսակին երկրորդ դիրքը գրաւող Պարսելոնան դժուար յաղթանակ մը արձանագրելով 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժիրոնան: Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Փետրին եւ Արաուխոն։ Աւելցնենք, որ Պարսելոնայի գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքը վերջին վայրկեաններուն կարմիր քարտով հեռացուեցաւ դաշտէն, իր ունեցած  արարքին պատճառով: Ֆլիք պիտի բացակայի Քլասիքոյի մրցումէն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի Սանթիակո Պերնապէյի մարզադաշտին վրայ: Ներկայիս Ռէալ 24 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակը, իրեն կը յաջորդէ Պարսելոնան՝ 22 կէտով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան