ՆՈՐԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐ
—————————————
Պէյրութի Մուսա Լեռան Ուսումնասիրաց Միութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսած «Գառնի» ուսանողական մատենաշարի 47-րդ հատորը կը կրէ «Մուսա Լեռան 18 Նահատակները – Լեռ Փառապանծ» խորագիրը։ Խմբագրական աշխատանքը ստանձնած է Վարուժան Արք. Հերկելեան։
Այս փոքրածաւալ, բայց բովանդակալից գրքոյկը յարգանքի տուրք մըն է Մուսա Լեռան հերոսամարտին ընթացքին նահատակուած տասնութ հայորդիներուն։ Անիկա ոչ միայն պատմական անդրադարձ մըն է անոնց անձնազոհութեան, այլեւ խտացուած պատում մըն է մուսալեռցի հերոսածին ժողովուրդի պայքարին, ապա տարագրութեան ու Այնճարի մէջ նոր կեանքի արմատաւորման։
Գրքոյկը կը ներկայացնէ նաեւ հիւսուած բանաստեղծութիւններ, աշխարհագրական նկարագրութիւններ եւ վկայութիւններ՝ փոխանցելով ոչ միայն անցեալի դէպքերը, այլեւ անոնց յուզական ու հոգեւոր արձագանգը։
Հատորը ձօնուած է Սփիւռքի մէջ գործած եւ գործող հայրենակցական միութեանց անդամ բոլոր հայորդիներուն՝ որոնք հայրենիքի համն ու հոտը վառ կը պահեն օտար երկինքներու տակ։ Հրատարակուած է հովանաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Եսայի եւ Ցօղիկ Հաւաթեանի։
«Գառնի»-ի ՝ «Այնճար` 18-ին Յուշարձանը» խորագրով խօսքին մէջ, Վարուժան Արք. Հերկելեան կը գրէ.
«Ինչպէս կը նկատէք, Մուսա լեռան 18 նահատակները, սկսեալ Մուսա լեռէն, մինչեւ Հայաստան եւ Ամերիկա, ունին հինգէ աւելի յուշարձաններ, սակայն ըստ մեր հայեցողութեան, Այնճար հայաւանը կենդանի եւ ամէնէն ցայտուն յուշարձանն է 18-ին։
Մուսա Լեռ-Այնճար հայաւանը Սփիւռքի մէջ եզակի եւ միակ ներկայացուցիչն է մեր կորսուած հազարաւոր գիւղերուն՝ իր հաւատքով, իր հիւրընկալ օճախներով, իր յուսատու կամքով, իր հայապահպան նկարագրով, իր լեզուով, իր հայրենասիրութեամբ եւ իր հայեցի մթնոլորտով:
«Ցեղասպանութենէն վերապրող միակ գիւղը, որ գոյաւորուեցաւ Լիբանանի մէկ անկիւնը, է այս գիւղը: Ան համախմբեց Մուսա լեռան տարագիր ժողովուրդը:
«Գուրգուրանք անոր հողի իրաքանչիւր հատիկին վրայ, պահենք անոր իւրաքանչիւր քարի բեկորը, այնպէս ինչպէս փափաքեցան մեր նահատակները: Չմոռնանք 18 աճիւնները մեր նոր եւ հզօր արմատներն են, իսկ Այնճար հայաւանը իրենց կենդանի եւ յաւիտենական յուշարձանը»:
«Գառնի»-ի խօսքին կը յաջորդէ, «Կառչած Մնալով Մուսա Լեռան» խորագրով Եսայի Հաւաթեանի խօսքը, ուր յատկապէս կը յայտնէ
«1939-ի Սեպտեմբերին, երբ մուսալեռցիները ոտք դրին Այնճար, մեծ յոյս ունէին որ իրենց կեցութիւնը ժամանակաւոր է այս անբնակելի տարածքին վրայ, եւ շուտով պիտի վերադառնան Մուսա լեռ:
Սակայն Այնճարի առաջին տարիներու ահաւոր դժուարութիւնները, գաղթականներու մեծաթիւ մահերը (աւելի քան հազար) եւ 1946-1947 թուականներու ներգաղթը տկարացուցին վերադարձի յոյսը։ Ճիշդ է որ գաղթական մուսալեռցիները սկսած էին ապրիլ Այնճարի մէջ, սակայն իրենց մէջ տիրական կը մնար իրենց երկրին շունչը:
1939-էն առաջ, Պէյրութի մէջ ապրող մուսալեռցիներ, 1931-ին կազմած են «Հաճի Հապիպլիի հայրենակցական միութիւնը» իրարօգնութեան նպատակով։ 1933-ին, կազմուած է «Ճէպէլ Մուսայի Հայրենակցական Միութիւն» մը` նպատակ ունենալով օժանդակել չքաւորներուն եւ սերտացնել հայրենակիցներուն փոխյարաբերութիւնները: 1935-ին, երկու միութիւնները կը միաձուլուին «Ճէպէլ Մուսայի Հայրենակցական Միութիւն» անուան տակ։ 1939-1945, միութիւնը կը դադրի գործելէ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին պատճառով։ Ներգաղթի ատեն միութիւնը կ’ունենայ աշխուժ գործունէութիւն, սակայն անկէ ետք կը դադրի գործելէ մինչեւ 1959-ը, երբ միութիւնը կը վերակազմուի գլխաւոր նպատակ ունենալով Մուսա Լեռան Յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը, որ իրականութիւն կը դառնայ 1970-ին, երբ կը հրատարակուի «Յուշամատեան Մուսա Լեռան» մեծածաւալ հատորը, խմբագրութեամբ Մարտիրոս Գուշագճեանի եւ Պօղոս Մատուռեանի:
«Մուսա Լեռան Ուսումնասիրաց Միութիւն»-ը ծնունդ կ’առնէ Պէյրութի մէջ, 1954-1955 թուականին, խումբ մը հայրենասէր եւ նուիրեալ մուսալեռցիներու կողմէ։ Շուրջ 28 տարիներու գործունէութեան ընթացքին, այս միութեան վարչական տարբեր կազմերուն մէջ կը գործեն մեծաթիւ մուսալեռցիներ՝ որոնցմէ յիշենք Մովսէս Ճէրէճեան, Ստեփան Տուտագլեան, Աբրահամ Նգրուրեան, Սարգիս Ապպէսեան, Յարութիւն Պօյաճեան (երկար տարիներու ատենապետ), Տէր Բաբգէն քհնյ. Քէնտիրճեան, Տէր Արսէն քհնյ. Քէշիշեան, Սամուէլ Պօյաճեան, Անդրանիկ Պօղիկեան, Սամուէլ Մարգարեան, Սարգիս Գուճանեան, Քնար Ֆուտուրեան, Յակոբ Սագարեան, Ժան Պէլեան, Եսայի Խ. Հաւաթեան, Մովսէս Ադամեան եւ բազմաթիւ յարգելի հայրենակիցներ։ Միութիւնը անմիջապէս կը լծուի աշխատանքի եւ կ’ունենայ աշխուժ գործունէութիւն, կ՚օժանդակէ Այնճարի ազգ. «Յառաջ» վարժարանին կառուցելով գրասենեակ մը, կ’օժանդակէ Պէյրութի մէջ ուսանող մուսալեռցի չքաւոր աշակերտներու եւ հիւանդ հայրենակիցներու, կը հրատարակէ օրացոյցներ, կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ պտոյտներ, հանգանակութիւն կը կազմակերպէ Հայաստանի մէջ կառուցուելիք Մուսա լեռան յուշարձանին համար, կ՚որոշէ հրատարակել Մուսա լեռան նուիրուած Յուշամատեան մը, որուն խմբագրութիւնը կը վստահուի մուսալեռցի ականաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանին, որուն կանխահաս մահով կիսատ կը մնայ այս ծրագիրը։
Միութիւնը կ’ունենայ իր կեդրոնը Ազգ. «Ազիրեան» ակումբի վերնայարկը, որ սակայն ամբողջութեամբ կը քանդուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին թիրախ դառնալով հրթիռի մը։ Դժբախտաբար կը փճանան նաեւ բոլոր արխիւները:
Մուսա լեռան յուշամատեանին համար որպէս հում նիւթ, միութիւնը 1960-ին կը հրատարակէ երկու փոքր գրքոյկներ՝ «Լեռ Փառապանծ» եւ «Մուսա Լեռան 18 Նահատակները», որոնք այսօր անգտանելի են:
«Գառնի» մատենաշարը, նկատի ունենալով այս զոյգ գրքոյկներու ազգագրական եւ պատմական կարեւորութիւնը, յատկապէս մեր նոր սերունդին համար, Մուսա լեռան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով որոշեց վերահրատարակել զանոնք մէկ հատորով»։
Ապա կը յուսայ, որ երիտասարդ մուսալեռցիները այս գիրքը կարդալով կառչած մնան իրենց գիւղի պատմութեան ու ոգիին։
Յառաջաբանին մէջ Պէյրութի Մուսա Լեռան Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութիւնը դիտել կուտայ, որ տարիներ շարունակ, իւրաքանչիւր Խաչի տօնին, հոծ բազմութիւններ Այնճարի ծառաստաններու հովանիին տակ, յուզումի եւ խանդավառութեան մէջ կը տօնեն Սուէտիոյ հերոսամարտին յիշատակը, ու բոլորին մտքերուն մէջ կը վերապրի թիւ մը՝ տասնութ եւ հերոսական մարտնչումի մը աղօտ մտապատկերը:
Արդ, սոյն գրքոյկի հրատարակութեամբ Մուսա Լեռան Պէյրութի Ուսումնասիրաց Միութիւնը կը ջանայ հասարակութեան ծանօթացնել տասնութ նահատակներու կեանքն ու գործը սեղմ գիծերու մէջ:
Վարչութիւնը նկատել կուտայ, որ Սուէտիոյ հերոսամարտին շուրջ աւելի լայն ծաւալով ու ծանօթութիւններով հատորի մը հրատարակութիւնը կը մնայ միշտ այժմէական պահանջք մը։ Անոր համաձայն, այս փոքրիկ ձեռնարկը օգտակար կ’ըլլայ նաեւ այդ մեծ գործին, որպէս վաւերական աղբիւր ապստամբութեան պատմութեան լուսաւորման:
Գրքոյկին նիւթն ու ծանօթութիւնները քաղուած են Սուէտիոյ հերոսամարտին մասնակից ու կռիւներուն մէջ առաջաւոր դիրքերու վրայ գտնուող, ծերունի վկաներու բերնէն:
Գրքոյկի վկայութեանց բաժինին մէջ աւելցած են երեք յօդուածներ առաջինը ազգային կուսակցական գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի, երկրորդը յայտնի քանդակագործ եւ ազգային գործիչ Յակոբ Ճանպազեանի, իսկ երրորդը ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Վեհափառի կողմէ գրուած: Աւելցած են նաեւ լուսանկարներ։
Աւարտին կը ներկայացուի «Գառնի» մատենաշարի հրատարակութիւններու ցանկը։
120 էջերու վրայ ծաւալող գրքոյկը կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդ մը կրնայ տարագրուիլ, բայց երբեք չի մոռնար իր արմատները։ Ան կը վկայէ, որ արմատներուն կառչիլը խթանն է նոր կեանքի, նոր պայքարի եւ նոր յոյսի։
Զարմիկ Պօղիկեան