Սուրիոյ նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա եւ մասնակցութիւնը «Ներդրումներու Ապագան» նախաձեռնութեան խորհրդաժողովին անկիւնադարձային առիթ մը կարելի է համարել քաղաքական եւ տնտեսական առումներով։ Նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը միջազգային ներդրողներու եւ համաշխարհային  առեւտրական ընկերութիւններու հետ՝ առաւելաբար ներդրումային եւ Սուրիոյ վերականգնումի ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու եւ ձեռնարկատէրերը Սուրիա հրաւիրելու։
Այս շրջագիծին մէջ Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Սէուտական-Սուրիական կլոր սեղան մը երկու կողմերու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ, ուր քննարկուեցան Սուրիոյ տնտեսութեան վերածաղկումի կարելիութիւններն ու Սէուտական Արաբիոյ առաջատար դերը այս առումով։ Աւարտին, Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու նախարարը յայտնեց, որ մօտ օրէն Սուրիա-Սէուտական Արաբիա ցամաքային կապը պիտի բանի, ապա յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ ութ միլիառ սէուտական ռիալի արժէքով ութ համաձայնագրեր ստորագրուած են։
Նախագահ Շարաաի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը երկու էական առանցք ունէր։
Առաջինը՝ Սէուտական Արաբիոյ Սուրիոյ մէջ ունենալիք ներդրումն է։ Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ ստանձնելով առաջնորդող դերակատարութիւն, ամէն ջանք պիտի թափէ Սուրիա-Սէուտական Արաբիա գործակցութիւնը ամրապնդելու, արաբական, ծոցի եւ տարածաշրջանի նեդրողներն ու առեւտրականները Սուրիա ուղղելու, ինչպէս նաեւ առիթներ ստեղծելու Սուրիոյ համար, որպէսզի ան բացուի համաշխարհային տնտեսական կեդրոններու եւ խրախուսէ օտար ձեռնարկատէրերու Սուրիա ուղղուիլը՝ համապատասխան օրէնքներու փոփոխութիւններ կատարելով եւ կայուն ու զարգացող միջավայր ստեղծելով։
Երկրորդը՝ Սուրիոյ ապագայ զարգացումներուն կը վերաբերի։ Նախագահը իր հանդիպումներուն լոյսին տակ Ռիատի մէջ գումարուող խորհրդաժողովի շրջագիծէն ներս երկխօսութեան նիստ մը վարեց՝ արքայազն Մուհամմետ պըն Սալմանի ներկայութեամբ։ Նիստի ընթացքին, նախագահը մայրաքաղաք Ռիատէն ուղերձ այլեւ բաց հրաւէր ուղղեց տարածաշրջանի եւ միջազգային ձեռնարկատէրերուն, ընկերութիւններուն՝  ներդրումներ իրականացնելու Սուրիոյ մէջ, միեւնոյն ժամանակ շեշտեց տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ առաջատար դերը։
Այս խորհրդաժողովը տարածաշրջանի տնտեսական կարեւորագոյն ժողովներէն էր, որուն ներկայ էին շուրջ քսան նախագահ կամ փոխնախագահներ, գործարարներ, քաղաքագէտներ եւ այլն։ Սէուտական աղբիւրներու համաձայն, կ’ենթադրուի որ ժողովի աւարտին ստորագրուին գործարքներ, որոնք պիտի հասնին վաթսուն միլիառ  տոլարի։
Սուրիոյ նախագահին մասնակցութիւնը կու գայ շեշտելու, որ Սուրիան կ’ուղղուի դէպի կայունութիւն եւ բաց է գործակցութեան տարբեր կողմերու հետ։
Խորհրդաժողովը փաստօրէն Սուրիոյ համար ռազմավարական այն բեմը դարձաւ,  որ Սուրիան ուղղակիօրէն եւ յստակ օրակարգով հաղորդակից դարձուց Ծոցի, արաբական եւ տարածաշրջանային երկիրներուն։
Սուրիական կողմը մեծ կարեւորութիւն տուաւ եզակի առիթ հանդիսացող այս ժողովին, այս պատճառով ալ ներկայ եղաւ պաշտօնական բարձր պատուիրակութեամբ։
Սուրիոյ համար այս այցելութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ թափ կու տայ  Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւման, իսկ Սէուտական Արաբիան կ’ամրագրէ իր դերը տարածաշրջանի տնտեսական բարգաւաճման ու կայունութեան մէջ։
Սուրիան ներդրումներու առիթներ կրնայ ընծայել գիւղատնտեսութեան, փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, ճարտարարուեստի տարբեր ոլորտներուն մէջ։
Նախագահին համաձայն, Սուրիոյ կայունութենէն ողջ աշխարհը օգուտ կը քաղէ, որովհետեւ Սուրիան տարածաշրջանին մէջ ռազմավարական դիրք ունի: Երկիրը պատմութեան ընթացքին եղած է դէպի Արեւելք տանող դարպասը եւ Մետաքսի ճամբուն կարեւոր մէկ բաժինը: Ան ունի բազմազան աղբիւրներ, հումք եւ բազմաճիւղ տնտեսութիւն, որ մէկ ու միակ ոլորտէ կախեալ չէ:
Նախագահը հաւաստիացուց, որ Սուրիան կրնայ հասնիլ տնտեսական հաւասարակշռուած դիրքի տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, իսկ քանի մը տարուան ընթացքին կրնայ դասուիլ տնտեսապէս ուժեղ պետութիւններու շարքին։
Այս բոլորին դիմաց կը մնայ դիմագրաւել որոշ մարտահրաւէրներ ու անսալ անոնց շուտափոյթ յաղթահարման։
Առաջինը ներքին ապահովական վիճակի ամրագրումն է, իսկ երկրորդը՝ տնտեսական համապատասխան օրէնքներու, ինչպէս նաեւ մաքսային տուրքերու վերանայումն է, ապա նաեւ մասնաւոր եւ ընդհանուր հատուածներու կենսագործութեան բարելաւումը երկրէն ներս։
Կը թուի թէ Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ հետ տնտեսական գործակցութեան առաջին քայլերը առած է արդէն՝ նոր համաձայնագրերու ստորագրութեամբ, ներդրումային ծրագիրներու յատուկ տարածքներու հաստատմամբ, դրամատնային եւ մաքսային օրէնքներու համակարգմամբ, Սուրիա-Սէուտական Արաբիա տնտեսական խորհուրդի կազմաւորմամբ եւ այլն։
Յուսանք, որ այս հարթակը երկու երկիրներուն միջեւ կարենայ յառաջացնել այնպիսի գործակցութիւն մը, որ կայուն միջավայր կը ստեղծէ տարածաշրջանի տնտեսական բարգաւաճման համար, միեւնոյն ատեն վերջ կու տայ Սուրիոյ տնտեսական մեկուսացման՝ աշխուժացնելով երկրի գործակցութիւնը ծոցի, արաբական եւ տարածաշրջանի երկիրներու հետ, վերադարձնելու Սուրիան իր նախնական կարեւոր դիրքին։