ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ
ՄՀԵՐ ԵՒ ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ
Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը կը սպասէր Արամ Ա. կաթողիկոսի ժամանումին:
Վեհափառին դիմաւորելու եկած էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարո Մատէնլեան եւ անդամ Լեւոն Պարոնեան, թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ, ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը տրուած էր Յարութ Սողոմոնեանին, Սարգիս Սեփեթճեանին, Սարո Տէր Յովհաննէսեանին եւ Յովսէփ Պոյաճեանին։
«Հրաշափառ»-ի յատուկ արարողութենէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, յանուն թեմի ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին ողջունելով կաթողիկոսին այցելութիւնը՝ ըսաւ. «Նորին սրբութեան հովուապետական այցելութիւնը ո՛չ միայն օրհնաբեր է, այլեւ՝ շէն, վերանորոգող, վերակենսաւորող, նոր բարձունքներ նուաճելու համար ուժ եւ կորով ներշնչող ու ազգային կեանքը պայծառակերպող այցելութիւն»: Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց կաթողիկոսը՝ յղելու իր հայրապետական պատգամը։
«Իմ այս առաջին պատգամիս ու հովուապետական այցելութեանս որպէս բնաբան եւ մեր ժողովուրդին կեանքին ու գործին որպէս ուղեցոյց ընտրած եմ երեք բառեր՝ հաւատք, հաւատարմութիւն, համախմբում։ Կեանքի սովորական վիճակներ բնորոշող բառեր չեն ասոնք, որովհետեւ անոնք մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամէնէն էական տարածքները կ’արտայայտեն.
«ա) Հաւատք. մարդկային կեանքին մէջ չկայ անհատ մը, որ չունենայ հաւատք։ Հաւատք՝ իր անձին նեղ պարունակէն վեր ու անդին՝ երեւոյթի մը, դէպքի մը, սպասումի մը։ Որպէս քրիստոնեաներ, մեր կեանքին առանցքը Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն է։ Տառապանքներով ու հալածանքներով լեցուն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ու որպէս փոքր ժողովուրդ մեր գոյատեւումը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած խոր հաւատքին, որ դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը, տոկունութեան վահանը, ստեղծագործութեան աղբիւրը եւ մեր կեանքի ճանապարհը։
«բ) Հաւատարմութիւն. չի բաւեր միայն հաւատք ունենալ, այլ անհրաժեշտ է մեր ունեցած հաւատքին հրամայականներուն նկատմամբ ունենալ հաւատարմութիւն։ Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը. «Ան որ ինծի
կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»։ Հետեւաբար, հաւատալ կ’ենթադրէ պատասխանատուութիւն ու պարտաւորութիւն՝ հաւատքի սկզբունքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ։ Պատմութեան ընթացքին մեր գոյութեան քրիստոնէական ու ազգային տարածքները դարձան մէկ ամբողջութիւն, մէկ ինքնութիւն։ Մեր եկեղեցին, վկայ մեր պատմութիւնը, մեզի համար սովորական աղօթավայր չեղաւ, այլ մեր հաւատքին ամրոցը, մեր ինքնութեան աղբիւրը, մեր պայքարին վահանը ու մեր գոյութեան խարիսխը եղաւ։ Այսպէս է մեր եկեղեցին նաեւ այսօ՛ր։ Ձեր հաւատարմութիւնը մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէք՝ մասնակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, նոյնանալով եկեղեցւոյ հետ ու դառնալով ապրող ու ծառայող եկեղեցի, եկեղեցին դարձնելով պայծառակերպող ներկայութիւն ձեր ընտանիքէն ներս, հայ դպրոցէն ներս եւ մեր բոլոր կառոյցներէն ներս։
«գ) Համախմբում.մեր ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է իր անցեալով ու ներկայով. ինչպէս մեր եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է՝ իր երկու հայրապետական Աթոռներով. նաեւ մեր Հայրենիքը։ Արդ, ամուր պահեցէ՛ք մեր էութեան ու գոյութեան եւ մեր ինքնաճանաչման անբաժանելիօրէն մաս կազմող միութիւնը, ամբողջականութեան գիտակցութիւնը՝ համախմբուելով մեր կառոյցներուն շուրջ, մեր եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, դպրոցին եւ կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն շուրջ, որոնք աղբիւրն են ու պահապան մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, մեր հայօրէն գոյութեան։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս տեսակէտներու տարբերութիւններ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան. սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ այդ տարբերութիւնները երբեք չդառնան վնասաբեր. միաժամանակ պէտք է յանձնառու ըլլալ, որ այդ տարբերութիւններէն վեր համազգային արժէքներու շուրջ մեր մօտեցումները համախմբուին ու նոյնանան։ Որքան մենք ըլլանք միակամ՝ մեր Հայրենիքը աւելի կը հզօրանայ, մեր եկեղեցին աւելի կը պայծառանայ եւ մեր կեանքը աւելի կը ծաղկի», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս։
Իր պատգամէն ետք, վեհափառին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան կրթական համալիրին:
Այս առիթով հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. «Որքան եկեղեցին սրբավայր է մեզի համար, այնքան նաեւ՝ դպրոցը: Սովորական ուսումնարան չէ հայ դպրոցը մեզի համար: Հայ դպրոցին ճամբով մեր զաւակները սոսկ գիտութիւն չեն ստանար, այլ նաեւ կը թրծուին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Այլ խօսքով՝ հայ դպրոցը հայուն մէջ հա՛յը կ’ամրացնէ, հայու ինքնութիւնը կը բիւրեղացնէ, նոյն ազգին մեր պատկանելիութիւնը կ’ամրապնդէ»:
Վեհափառին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք, ուր ընթերցուեցան տեղական իշխանութիւններուն պաշտօնական խօսքերը, որոնք ուղղուած էին հայրապետին՝ Արեւմտեան Հայոց թեմին կատարած այցելութեան եւ իր 30-ամեայ գահակալութեան առիթով: Հռչակագրեր յղուած էին ծերակուտական Էտըմ Շիֆի, քոնկրէսական Լորա Ֆրիտմընի, Լոս Անճելըս նահանգի վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Հիլտա Սոլիսի կողմէ, իսկ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ուկո Սոթո-Մարթինեզ իր հռչակագիրը անձամբ յանձնեց։