Եւ Ասոնցմէ Մըծագոյնը Սէրն Է
Ա Կորնթացիներուն 13։13
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ՝ գրասեղանիս անկիւնը ծուարած գրքերէն ձեռքս վերցուցի երկուքը՝ Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակինփոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը (այո՛, մի՛ զարմանաք. ութսունն անց գրողը անցեալ տարի հրատարակածէ) եւ Հայաստանի «Աստուածաշնչային ընկերութեան» նոր հրատարակութիւնը՝ «Սիրոյպատմութիւններն Աստուածաշնչում»[Աստուածաշնչային հատուածներու ընտրութիւնը եւներածականները՝ Անեգրէթ Փութքամերի, գերմաներէնէն թարգմանութիւնը՝ Տէր Անդրէաս վրդ. Եզեկեանի, խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ ԼուսինէՎարդանեան]։
Աստուածաշունչի էջերէն ծանօթ եւ ուսուցողական սիրային պատմութիւններուն գումարուեցաւ գրողի յուզիչ յուշը՝ անցած-գացածօրերու անմոռանալի յիշատակներու ու մարդուն Մարդ դարձնող աստուածային Սիրոյ մասին։
Տասնամեակներ անց գրքի էջերուն մէջ կը վերակենդանանայ Հալէպի բակերէն մէկը, ուր կ’ապրին քանի մը հայ ընտանիքներ։ Կ’ապրինհաշտ, համերաշխ, կը խուսափին մեծ ու փոքրբախումներէն, որովհետեւ կան, կը գործեն բարոյականութեան չգրուած օրէնքներ, սովոր ենիրար հետ հաց ու դժուարութիւններ կիսել, միասին կ’ուրախանան ու կը տխրին։
Այս քիչ թէ շատ երազային պայմաններուն մէջ (գաղտնիք չէ՝ տասնամեակներ անց մեր կեանքի անգամ ամենացաւոտ պահերը «կը ներկուին» այլերանգներով) կ’ապրէր ուսումնասէր եւ օրինակելիՀայկը, որու ընկերը՝ Տիգրանը, երբեմն-երբեմն իրական ու յօրինուած պատմութիւններ կը պատմէր կիներու մասին, ցոյց կու տար որոշ լուսանկարներ. «Մէկ խօսքով՝ «շուկայի քերականութեան» դասեր …»(27)։
Այդ ամէնը գայթակղիչ էր, բայց շա՜տ-շա՜տ հեռու կը թուէր, քանի դեռ բակի ամենաօրինակելի պատանին՝ Հայկը, չէր դարձած «իր տաքպատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած»գայթակղութեան զոհն ու «անակնկալ դիպուած»-ի (8) հերոսը։ Հիմա՝ գեղեցկուհի Շուշանիկի մերկութիւնըտեսնելէ յետոյ, Հայկը կ’ապրէր այլ աշխարհի մէջ: Գէորգ Պետիկեան շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ հերոսներու գաղտնի հանդիպումները, լաւթաքցուցած ապրումները, ու մեր աչքի առջեւ կը ծաւալուի շատ սիրուն սիրավէպ մը։ Վէպէն մի քանի պատկերներով ներկայացնեմ Հայկի եւ Շուշանիկի ապրումները. «Հայկի ուղեղէն հոսող պատկերները մարտ ամսուայ անակնկալ եւ անօրինակ անձրեւի նման կը հոսէին իր հոգիին մէջ» (16), «Ահա նոր վախմը։ Ամօթ ըսուած բառէն կախուած վախ մը։ Ու այդվախը հիմա կը կճէր [կծէր] իր սիրտը» (17), «Հայկերբեք չէր զգացած, որ ճիշդ իր քիթին տակ կամաց-կամաց, օրէ օր մէկը՝ իգական սեռին պատկանող էակ մը, կը մեծնար կամ սկսած էր «հասուննալ» »(25), «Հիմա ինք ունէր իր հերոսուհին։ Իրանձնականը, որ զինք միշտ կը փոխադրէր երազային եւ դրախտային աշխարհ մը» (27) եւայսպէս շարունակ։
Իրական աշխարհին մէջ կան այլ գործեր,որոնցմէ ամենակարեւորը աւարտական վկայականստանալն ու Հայաստանի մէջ բժշկութիւն ուսանիլն են։ Ուսուցիչներու ու քրոջ բծախնդիր հսկողութեան տակ Հայկը հարկադրուած կը հրաժարի Շուշանիկի հետ հանդիպումներէն, կը կարգաւորէ միւս գործերըեւ մի քանի տարիով կը մեկնի Հայաստան՝ բժշկութիւն ուսանելու։
Գէորգ Պետիկեան հետագայ դէպքերը համառօտ կը ներկայացնէ. երեք տարի անց Շուշանիկը կ’ամուսնանայ Սուրէնի հետ, բայց երջանիկ չէ, իսկ երբ ամուսինը ծանր կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ, պարզապէս կը յուսահատի:
Պատանեկան երազները վերակենդանանալու, աւելին՝ իրականութիւն դառնալու հեքիաթայինզօրութիւն ունին։
Հայկի եւ Շուշանիկի՝ շատ ուշացած, բայց անխուսափելի հանդիպումէն յետոյ կը կատարուի ամենասովորական հրաշքը, եւ հերոսները կը վճռեն ամուսնանալ։
«Հայկ յաղթած էր իր երազին»,– սա սիրավէպի հեղինակի եզրակացութիւնն է։
140 էջանոց այս գրքին մէջ Գէորգ Պետիկեանը կը վերադառնայ իր ծննդավայր Հալէպ՝ «սպիտակ ուհին հեքիաթներու» քաղաք, որ «շատ-շատերու համար պաշտելի գիրք մըն է, որուն մէջ ամէն ինչգրուած էր մատչելի բառերով» (120)։
Գրողը, ընթերցողի հետ վերապրելով պատանեկան օրերու անմոռանալի յիշատակները,առիթէ առիթ կը խօսի կիներու մասին. «Կիներըշուտով կրնան կարդալ այրերու աչքերը։ Այդ անոնց առաւելութիւններէն է» (26), «Կիները այդպէս են. կասկածներէ ու ենթադրութիւններէ ծնունդ առած հազար տեսակ հարցականներ կը մտնեն անոնց ուղեղէն ներս եւ կը խանգարեն անոր հեզասահվազքն ու ընթացքը» (59), «Շուշան կարծես հասունկին մը ըլլար։ Ինք չէր կրնար ընդունիլ կեանքը ինչպէս որ էր։ Ինք սիրահար մըն էր՝ նման բոլոր սիրահարներուն՝ անմեղ եւ արդար» (83), «Կիները իրականութեան զաւակն են։ Շատ յաճախ կընմանին գետերու … Վա՜յ անոնց, որոնք լողալ չենգիտեր» (107), «Շուշան հասկցող կին մը դարձած էրեւ նման որդեգրում մը շատ դրական նկատած։ Ժողովական։ Ինքզինք կիներով շրջապատած էր ուանհամ ժողովներու մթնոլորտին մէջ նետած»,«Տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած կեանքիփորձառութիւնը իրմէ սկսած էր հեռացնել նոյն կեանքի բարդութեան եւ անորոշութեան գոյներն ուգիծերը։
Նոր աստղի նման փայլուն էր ու երջանիկ։
Ամուսնանալ Հայկի հետ։ Միանալ անոր կեանքին։ Ահա՛ իր պատանութեան՝ հիմա՝ հասուն տարիքին, վերակենդանացած երազը» ( 141) եւ այլն։
Սիրավէպը կարդալէ յետոյ ընթերցողը կը խորհի կարդացածի ու իր կենսագրութեան ինչ-ինչդրուագներու, անցածի, կորսնցուցածի եւ ձեռքբերածի մասին, կը խորհի լուսաւոր թախիծով ու շնորհակալութեամբ, որ ապրած եւ զգացած. սա է մեր կարճ, բայց բովանդակութեամբ հարուստկեանքի բուն իմաստը։
Սա իմ՝ ընթերցողի եզրակացութիւնն է։
«Ի՜նչ լաւ է, որ մեր Աստուած, որ Ինքն իսկ սէր է, սէր պարգեւեց մեզի։ Ի՜նչ լաւ է, որ Ան մեզի մինակ չիթողուր մեր սիրոյ բոլոր դժուարութիւններուն մէջ…»,–աս ալ «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» վերը յիշատակուած գրքի վերջին տողերէն է։
Կարծեմ՝ ամէն ինչ ըսուած է …
Մարգարիտա Խաչատրեան