ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ

Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Նախքան մանկապարտէզ յաճախելը, ծնողքը մանուկին պէտք է սորվեցնէ վարք ու բարքի որոշ դրսեւորումներ, որոնք պիտի նպաստեն որ ան հետագային կազմակերպուած աշխատանք ունենայ եւ ինքնավստահ դառնայ։ Արդարեւ, հարկ է մանուկին սորվեցնել.
* Հաւաքել իրերն ու խաղալիքները խաղալէն ետք։
*Ինքնուրոյն ուտել եւ խմել։
*Ինքնուրոյն հագնիլ եւ հանուիլ։
*Ինքնուրոյն լուացուիլ եւ ակռաները խոզանակել։
*Ինքնուրոյն մաքրել պտուղներուն կեղեւը՝ պանան, մանտարին եւ այլն։
*Խաղալ այլ փոքրիկներու հետ։
*Արտայայտել իր յոյզերը, եթէ ուզէ լալ, թող լայ (ոչ թէ համոզել զինք որ լալը ամօթ է, չըլլայ թէ լայ)։
*Սխալելու պարագային ներողութիւն խնդրել, նուէր մը ստանալու պարագային շնորհակալութիւն յայտնել։
*Սիրել ու խնամել կենդանիները, չվախնալ անոնցմէ։
* Աղբը թափել միայն աղբամանին մէջ։
* Օգնել մարդոց, երբ իր կարիքը ունին (կրնաք ստեղծել արհեստական իրավիճակներ, երբ դուք օգնութեան կարիք ունիք, խնդրեցէ՛ք իրմէ, որ մօտենայ ձեզի եւ օգնէ)։
*Չվախնալ դժուարութիւններէն, հաւատալ իր կարողութիւններուն (դժուար վարժութիւններ տուէք, շիշը ամուր փակել, կրկին բանալ, եթէ ըսէ, թէ չի կրնար, օգնեցէ՛ք ու կրկին տուէք որ փորձէ իւրովի բանալ ու գոցել)։
*Տան բոլոր անդամներուն բարի գիշեր մաղթել՝ քնանալէն առաջ։
* Հոգատարութիւն ցուցաբերել բոյսերուն։
* Ստեղծագործ ըլլալ՝ խրախուսել, որ լեկոներով նոր՝ գոյութիւն չունեցող  բաներ ստեղծէ, խրախուսեցէ՛ք, որ թատրոն  բեմադրէ ձեզի համար եւ այլն։
*Ուտելէն ետք պնակը խոհանոց տանի, շնորհակալութիւն յայտնէ մայրիկին համեղ ուտելիք պատրաստելուն համար եւ աղօթէ նախքան ճաշի սկսիլը։
* Սպասել, համբերել։ Մի՛ տաք անոր իր ուզածը անմիջապէս, խնդրեցէ՛ք, որ քիչ մը սպասէ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք սպասելուն համար։
ՄԵԾ ՉԱՓՈՎ ՈՍԿԵԱՅ ԶԱՐԴԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ 2025-Ի ԱՇՆԱՆ ՆՈՐՈՅԹԸ
Աշուն-ձմեռ 2025-2026 թուականներու նորաձեւութիւնը համարձակօրէն կ’ոչնչացնէ փոքր զարդերու նախկին կանոնները: Ոճաբաններ համադրում կը կատարեն խոշոր եւ շքեղ զարդերու՝ զանոնք բերելով կերպարի կեդրոնը: Vogue France-ը կ’ընդգծէ հիմնական միտումները, որոնք արդէն նկատելի են նորաձեւութեան կեդրոններուն մէջ։
Ականջի խոշոր օղեր
Այս աշնան վերադարձած են մեծ, յատուկ ձեւերով եւ նկատելի ականջի օղերը: Անոնք
կը շեշտադրեն կերպարը եւ կ’ընդգծեն դէմքը։
Թեւնոցներ
Մետաղեայ թեւնոցները արդիական են: Զանոնք կարելի է կրել՝ որպէս առանձին շեշտադրում կամ բազմաշերտ համադրու-թիւններով, նոյնիսկ ամենապարզ հագուստը ընդգծելու համար։
Հնաոճ, կոշտ վզնոցներ
Հնաոճ, կամ ժամանակակից մեծ վզնոցները վերադարձած են նորաձեւութեան դաշտ։ Անոնք ներդաշնակօրէն կ’ամբողջացնեն աշնանային ուրուագիծերը՝ կերպարը դարձնելով ամբողջական եւ նորաձեւ։
Շերտաւոր ապարանջաններ
Անհատականութեան սիրահարները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն ոսկեայ ապարանջաններու բազմաշերտ համադրութեան։ Այս միտումը կ’ենթադրէ հին եւ նոր զարդերու համադրութիւն, ինչպես նաեւ ձեւաւորման համարձակ լուծումներ։
2025-ի աշունը կը խոստանայ ըլլալ փայլուն. Մեծ չափով ոսկեգոյն զարդերը շքեղութիւն եւ արտայայտչականութիւն կը հաղորդեն առօրեայ եւ երեկոյեան զգեստապահարաններուն՝ աքսեսուարները դարձնելով իւրաքանչիւր կերպարի գլխաւոր շեշտադրում։