Հայաստանն ու Թուրքիան համաձայնած են աւելցնել երկու երկիրներու միջեւ թռիչքները:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Միրզոյեան տեղեկացուցած է «Օրպելի ֆորում. կառուցելով խաղաղութիւն և բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագիրը կրող միջազգային համաժողովի ընթացքին:

Արարատ Միրզոյեան, պատասխանելով թուրք լրագրողի հարցումին, յայտնած է, որ, եթէ Ատրպէյճանի և Հայաստանի կառավարութիւնները հաստատած են խաղաղութիւն, նախաստորագրած են համաձայնագիր եւ հռչակագիր, ու խնդիրը հասարակութիւններու հաշտեցումն է, Թուրքիոյ հետ իրավիճակը հայելային հակապատկերն է:

«Տասնամեակներով փակ սահմաններու պարագային մարդիկ մեկնած են, այցելած են միմեանց, առեւտուրը եղած է շատ շօշափելի, խնդիրը եղած է այն, որ այդ առեւտուրը երրորդ երկրով անցած է: Թռիչքներ եղած են ու այսօր ալ կան։

Համաձայնութիւն կայ աւելցնելու թռիչքները՝ դէպի Երևան, դէպի Կիւմրի և Թուրքիոյ այլ քաղաքներ՝ Իսթանպուլ, Անգարա եւ այլն: Թուրքիոյ հետ խնդիրը այն է, որ սահմանը փակ է, և դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան», ըսաւ Միրզոյեան:
Արտաքին գործոց նախարարը արձանագրեց, որ Թուրքիոյ հետ քաղաքական երկխօսութիւնը շատ աշխոյժ եւ բովանդակային է, կը քննարկուին նաեւ փոխվստահութեան այլ միջոցներ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան եւ փակ սահմաններիու բացը ամբողջացնելու համար:

Հայաստանի և Թուրքիոյ միջեւ թռիչքները աւելցնելու համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր այս տարուան 12 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի հանդիպման ընթացքին։