Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Նիտալ աշ-Շաարի նախագահութեամբ սուրիական պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Քոմեսք» իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան տնտեսական եւ առեւտրական մնայուն յանձնախումբի 41-րդ նստաշրջանի նախարարական աշխատանքային նիստին, զոր նախագահեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ:
Նախարար Շաար ներկայացուց Սուրիոյ տնտեսական իրավիճակը եւ ներդրումային աշխատանքներուն նեցուկ կանգնելու վերաբերող կառավարութեան ծրագիրները: Իր կարգին, բարգաւաճման ծրագիրներու գրասենեակի տօրէն Մուհամմետ Սաֆուաթ Ռասլան ներկայացուց Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներու ելեւմուտքի ընթացքը եւ առաջարկուած զարգացման ծրագիրներու օրինակները: