ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ԼԻԱՆԱ ԳԻՒՐՋԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԻՆՉԵՒ 23 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ծանրամարտի կանանց հաւաքականի անդամ Լիանա Գիւրջեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան ոսկի մետալակիր՝ նուաճելով հաւաքականի 5-րդ ոսկի մետալը: Այս մասին յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանի Ծանրամարտի Դաշնութիւնը: Ալպանիոյ Տուրէս քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու եւ մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան պայքարին մէջ մտան 86 քկ. մինչեւ 23 տարեկան աղջիկներ: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լիանա Գիւրջեան պոկումի վարժութեան ունեցաւ երեք յաջող մօտեցում՝ 95 քկ., 100 քկ. եւ 102 քկ. ծանրութիւն բարձրացնելով: Գիւրջեան այս վարժութեան աւարտին դարձաւ ոսկէ մետալակիր: Հրումի վարժութեան հայ ծանրորդը բարձրացուց 125 քկ. եւ130 քկ.: Այստեղ եւս ան առաջինն էր: Երկմարտի 232 քկ. արդիւնքով՝ Լիանա Գիւրջեան Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան ոսկէ մետալակիր դարձաւ:
ԷՄՄԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ
ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ալպանիոյ Տուրէս քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի ծանրամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականէն ոսկի մետալ նուաճեց նաեւ Էմմա Պօղոսեան: Երիտասարդներու 86 քկ.-ի ծանրորդներու պայքարին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Էմմա Պօղոսեան պոկումի վարժութեան ունեցաւ երեք յաջող ներկայացում՝ յաջորդաբար բարձրացնելով 100 քկ., 103 քկ. եւ 105 քկ.։ Այս վարժութեան, Պօղոսեան գրաւեց երրորդ դիրքը: Հրումի վարժութեան Էմման բարձրացուց 131 քկ. ու 136 քկ.՝ սահմանելով Եւրոպայի բարձրագոյն թուանիշը, դառնալով ախոյեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ԼԵՒԱՆՏՈՎՍԿԻՆ ՓՈԽԱՐԻՆՈՂ ՄԸ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան լրջօրէն կը փնտռէ լեհ մարզիկ Լեւանտովսկին փոխարինողը: Քաթալոնէական ակումբի պատասխանատուները հետաքրքրուած են Պայերն Միւնեխի յարձակող Հարի Քէյնով եւ պատրաստ են անոր յատկացնել 65 միլիոն եւրո: Sport.es-ի տուեալներով՝ 2026-ի ամռան 32-ամեայ անգլիացի ֆութպոլիստի պայմանագրութեան մէջ յիշուած է կէտ մը, որ առիթ կու տայ զինք գնել 65 միլիոն եւրոյով։ Քաթալոնէացիները կը փնտռեն նաեւ այլ տարբերակներ՝ 37-ամեայ յարձակող Ռոպերթ Լեւանտովսկին փոխարինելու համար։ Քէյնով հետաքրքրուած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ակումբները։Անգլիացի մարզիկին Պաւարիոյ հետ կնքած պայմանագրութիւնը նկատի առնուած է մինչեւ 2027 թուականի ամառը։
Ռաֆֆի Սիւլահեան