ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Սիթին Նկատառելի Արդիւնքով Յաղթեց Լիվըրփուլին
Անգլիոյ ախոյեանութեան 11-րդ փուլի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթին յաջողեցաւ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Լիվըրփուլը եւ գրաւել աղիւսակի երկրորդ դիրքը:
Մրցումի սկիզբէն, Սիթին տիրապետեց խաղարկութեան եւ կրցաւ վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: 9-րդ վայրկեանին, հանդիպումի իրաւարարը «VAR»-ին հետեւելէն ետք տուգանային հարուած մը հաստատեց, ուստի Էրիք Հալանտ ձախողելով չկրցաւ նշանակել խումբին առաջին կոլը: Սիթիի խաղցողները չյուսահատելով, շարունակեցին իրենց խիտ յարձակումները եւ վտանգի ենթարկեցին Լիվըրփուլի դարպասը: 29-րդ վայրկեանին Հալանտ գնդակի քանի մը յաջող փոխանցումներէ ետք կրցաւ ցնցել Լիվըրփուլի դարպասը: Նախքան կիսախաղ հասնիլը, Կոնզալէս հեռաւոր հարուածով մը կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղի խաղարկութեան ոճը մնաց նոյնը. Սիթին յարձակեցաւ, իսկ Լիվըրփուլ պաշտպանուեցաւ: 63-րդ վայրկեանին Ճիրիմի Տիքու կրցաւ նշանակել խումբին երրորդ եւ վերջին կոլը: Նշենք, որ այս եղաւ Կուարտիոլայի մարզական կեանքի 1000-րդ մրցումը, զոր կը ղեկավարէ որպէս մարզիչ:
Աշրաֆ Հաքիմի Ծանրօրէն Վիրաւորուեցաւ
Մարոքի հաւաքականի եւ Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի խաղցող Աշրաֆ Հաքիմի Չեմփիընզ Լիկի Պայերն Միւնէխի դէմ տեղի ունեցած հանդիպումին ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ հեռացաւ դաշտէն, որուն հետեւանքով ան պիտի բացակայի շուրջ 8 շաբաթ: Այս պատճառով ան պիտի բացակայի նաեւ Մարոքի հաւաքականի մրցումներէն, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր Ափրիկէի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրէն ներս: Ըստ սպանական AS թերթին, ֆրանսական ակումբէն միայն Հաքիմին պիտի չբացակայի, այլ նաեւ խումբը՝ ազդուած ըլլալով Տիզիրի Տուիի եւ Օսման Տեմպելէի բացակայութիւններէն:
Աժաքս Ամսթրտամ Հեռացուց Խումբի Մարզիչը
Հոլանտայի Աժաքս Ամսթրտամ ակումբի պատասխանատուները իրենց վերջին նիստին որոշեցին հեռացնել խումբի մարզիչ Ժոն Հեթիկան ու օգնական մարզիչ Մարսէլ Քայզէրը իրենց պաշտօններէն: Ըստ ակումբի կայքէջին, վարչակազմը դժգոհ է խումբին վերջին շրջանի արձանագրած արդիւնքներէն: Մինչ նոր մարզիչի նշանակումը, սոյն պաշտօնը վստահուած է ֆրէտ Կրիմին: Աժաքսի մարզական տնօրէն՝ Ալեքս Քրոս ըսաւ. «Դժուար որոշում էր Ժոնը հեռացնելը. Ակումբը եկար ժամանակը առիթ տուած էր անոր խումբի խաղարկութիւնն ու արդիւնքները բարելաւելու, բայց ան չկրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած աշխատանքը»: Նշենք որ Ժոնին պայմանագիրը նկատի առնուած էր մինչեւ Յուլիս 2027:
Ռաֆֆի Սիւլահեան