Չորեքշաբթի, 19 Յունիսին, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան այցելեց ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան Հալէպի կեդրոն՝ խումբի երկրորդ հերթափոխին յաջողութիւն մաղթելով մարդասիրական աշխատանքներու իրականացման մէջ։
Յիշենք, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական, մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով` մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած երկրորդ խումբը 4 Յունիսին Հայաստանէն ժամանեց Սուրիա, Հալէպ: