ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Երեքշաբթի 4 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ` Կարօ Իւզպաշեանի ու Յարութ Հայրապետեանի եւ Ռատիօ Երազի տնօրէն Ռուբէն Գէորգեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս` Արմէն Սարգսեանին: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հիւպատոսութեան խորհրդական Վարդան Յովհաննիսեան եւ մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպի մէջ ծառայող խումբի պետ Արկատի Տօնոյեան:

Մօտաւոր մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հալէպահայութիւնը յուզող մտահոգութիւններ եւ սուրիահայութեան վերականգնումի գծով սկսած  աշխատանքը շարունակելու հեռանկարները :

Գլխաւոր Հիւպատոսը իր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց այցելութեան համար: Խաչատուրեան իր կարգին բարձր գնահատեց Սուրիոյ տագնապի ընթացքին, ՀՀ Դեսպանութեան եւ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան գործուն ներկայութիւնն ու ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին:

Հանդիպումէն ետք, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, հիւպատոսին ու Արկատի Տօնոյեանին ընկերակցութեամբ, այցելեց Հալէպի մէջ` ՀՀ մարդասիրական առաքելութեամբ ծառայող խումբի կեդրոնը: Խումբի պատասխանատու Արկատի Տօնոյեան լուսաբանութիւններ տուաւ անոր մարդասիրական առաքելութեան ու ծառայութեան ոլորտներու շուրջ, նշելով, որ բժշկական անձնակազմը իր գործը ծաւալած է Հալէպի բազմաթիւ արուարձաններու մէջ ապրող արաբ ժողովուրդին, Հալէպի պետ. Համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մեծապէս ողջունեց ՀՀ Կառավարութեան որոշումը եւ  Սուրիոյ տագնապալի պայմաններուն մէջ այս երկրի նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը, զայն համարելով հայ ազգի նկարագրային յատկութիւնը: