Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի Հալէպ ժամանումը աւետաբեր արձագանգ ունեցաւ Թեմիս տարածքին։ Հալէպ քաղաքը բարի գալուստի շքեղ ընդունելութեան պերճախօս թարգմանը հանդիսացաւ։
Արդարեւ, Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը։ Ներկայ էին Ազգային, Երեսփոխանական, Կրօնական եւ Վարչութեան ժողովի ներկայացուցիչներ, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։
Եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ «Շողակաթ» երգչախումբին կատարողութեամբ ներդաշնակ երգեցողութիւնը ունէր մեղեդիաբարբառ առոգանութիւն։ Քրիստոսասէր ներկայութիւնը երկիւղած հետեւողութեամբ մասնակից կը դառնար հոգեպարար արարողութեան։ Ուրախալի շարժառիթը անգամ մը եւս կը հաստատէր ժողովուրդին անքակտելի կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Վերօծուած Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին միւռոնելի առաքելութեամբ, յաղթական երթի հոգեխօս պատկերը կը պարզէր ամէնուն աչքերուն առջեւ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին որպէս բնաբան ընտրեց Սաղմոս 121-ի աղօթաբոյր խօսքերը. «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։ Իմ օգնութիւնս Տիրոջմէն է, որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց» (Սղ 121.1-2)։
Մասիս Եպս. Զօպուեան նախ անդրադարձաւ մարտահրաւէրներով շրջապատուող, նեղութեանց մատնուող եւ բազմաբնոյթ դժուարութեանց մէջ գտնուող հաւատքի մարդուն՝ սաղմոսասացին յուսադրիչ արտայայտութեան մասին։ Դիտել տալով, որ Աստուծոյ ապաւինողը՝ լաւատեսութեամբ՝ բարի դիտաւորութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ կը շարժի, այլ խօսքով՝ բարին կ’ակնկալէ եւ յոյսով Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը կը սպասէ։ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որուն ներգործող զօրութեան շնորհիւ հալէպահայը տակաւին կը գոյատեւէ, անդրդուելի կամքով եւ հաստատուն հաւատքով կառչած կը մնայ սուրիական հայրենիքին։ Բերիոյ Հայոց Թեմը պատմական նշանակութիւն ունի։ Թեմը իր բոլոր կառոյցներով գոյապայքար կը մղէ եւ կը շարունակէ ապրիլ, հակառակ պատերազմին վատ հետեւանքներուն։ Լիայոյս ենք, որ ծառայութեան ոգիով եւ սիրոյ սկզբունքով միասնաբար կերտենք նոր հանգրուան մը, բարօրութեամբ եւ պայծառութեամբ յատկանշուած։ Այս ծանր աշխատանքը իր բարի նպատակին կը ծառայէ համագործակցութեամբ։ Ուստի, մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է իր բաժինը բերելու, որպէսզի վերականգնումի բոլոր ծրագիրները դառնան իրագործելի»։ Սրբազան Հայրը խրախուսիչ պատգամին ընդմէջէն հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներուն պահապանն ու տարածիչը ըլլալ թելադրեց։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա թափօրը «Տէր Կեցո Դու Զհայս» մաղթերգի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, որմէ ետք հնչեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նուիրուած յատուկ օրհներգը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հաւատացեալները խաղաղութեամբ արձակուեցան։
Արեւշատութիւն եւ օրհնաբեր ծառայութիւն կը մաղթենք նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Թող Աստուած իր մարդասիրական խնամքին ներքեւ պահէ Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան