Այս շաբաթ, սուրիական մամուլը անդրադարձաւ տեղական եւ միջազգային գետնի վրայ տեղի ունեցած կարեւոր եւ հետաքրքրական դէպքերու:
Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Փեքինի մէջ, Չինաստանի փոխնախագահ Ուանկ Չի Շան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմի ընդունելութեան ընթացքին շեշտեց, որ Փեքին պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ եւ իր կարելին ի գործ պիտի դնէ զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու այլազան ոլորտներ՝ ներառեալ տնտեսականը: Այնուհետեւ Մուալլէմ շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի քաղաքական եւ սկզբունքային զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան, սատար հանդիսանալով պատերազմի 9-ամեայ տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդի պայքարին: Չի Շան շեշտեց, որ Չինաստանի համար անվիճելի են Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, խաղաղութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, աւելցնելով, որ Չինաստան կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մքտատ, Փեքինի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆա, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան վարչակազմի տնօրէն Մուհամմէտ Օմրանի եւ Մուալլէմին ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Չինաստանի կողմէն ներկայ գտնուեցան Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Չի Շիաու Տօնկ եւ Չինաստանի նախագահական գրասենեակէն խորհրդատուներ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հալէպի արեւմտեան Խան Թուման եւ Ռաշիտին շրջանին մէջ կայք հաստատած «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին հարաւային Ուըտտէհի գիւղին ուղղութեամբ։ Արձանագրուեցան 12 զոհ, 15 վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Իսկ Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, սուրիական պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ Գամիշլիի Քատտուր Պեկ թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է: Պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Այլ առումով, սուրիական «Ալ Ուահտա» թերթը յայտնեց, որ Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Հասիչէի հիւսիսային Ճաուատիէ գաւառին պատկանող Աապիրա եւ Շապաք գիւղերուն մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով վնասուած է գիւղատնտեսական հողատարածքներու աւելի քան 500 տոնումը: Միւս կողմէ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակած են Համայի հիւսիսային արուարձանէն Շէյխ Հատիտ գիւղին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով հողատարածքներ բռնկած են, ցանքը փճացած եւ նիւթական ահաւոր վնասներ արձանագրուած են: Աղբիւրին համաձայն, սուրիական բանակը հրթիռակոծած է ահաբեկիչներու կեդրոնները: Այս առիթով սուրիական «Շամ Թայմզ» կայքէջին մէջ կը յիշուի, որ Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններու գիւղատնտեսական ոլորտին կրած վնասները կը հասնին շուրջ 19 միլիառ ս.ո.ի՝ (33.0000 ԱՄՆ. Տոլար): Հրդեհներուն հետեւանքով վնասուած հողատարածքները մինչեւ 16 Յունիս 2019 կը հասնին շուրջ 40860 հազար հեկտարի: 350 հեթքար Տէր Զօրի, 34600 հեկտար Ճազիրէի, 2450 հեկտար Եփրատի ափերուն, 1850 Թապքայի, 1500 հեկտար Ռաքքայի եւ 110 հեկտար Մունպուճի մէջ: Այլ առիթով սուրիական «Տամ Փրէս» կայքէջէն կ’իմանանք, որ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին նախագահ Թուրքի Ֆայսալ, ամբաստանած է Քաթարը՝ 1995-էն ի վեր «Քաիտէ»ին հետ գործակցելուն եւ Սուրիոյ մէջ «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման աջակից հանդիսանալուն համար: