«Երկիր».-ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանին դիմաց տեղի ունեցող երկօրեայ նստացոյցը իր աւարտին հասաւ:
Նախաձեռնութեան անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան նախաձեռնութեան անդամներուն մօտեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որուն հետ միտքեր փոխանակած են: Վարչապետը դիտել տուաւ, որ նախաձեռնութեան տեսակէտը իրեն համար հասկնալի է: «Երբ հարց տուինք, թէ արդեօք կը կարծէ, որ այս միջոցաւ բարձր եկամուտները կը խրախուսէ, վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ ինք վերջնական տեսակէտ չունի այդ հարցին հետ առնչուած, որ նախագիծը պէտք է փորձարկուի, եւ քանի մը տարի անհրաժեշտ է, որպէսզի հարցին հետ կապուածվերջնական տեսակէտ ձեւաւորուի», ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան: Անոր խօսքին համաձայն, վարչապետը որպէս հիմնաւորում Վրաստանի օրինակը բերած է, սական Վրաստանը ամենաբեւեռացուած հասարակութիւն ունեցող երկիրներէն մէկը կը համարուի:
Նախաձեռնութեան անդամները յոյս յայտնեցին, որ այն պատգամաւորները, որոնք օրէնքի նախագիծին առաջին ընթերցումի ընթացքին կողմ արտայայտուած են, մէկ անգամ ալ լաւ թող մտածեն, հաշուի առնեն ընկերային պայմանները, որուն մէջ կը գտնուի երկիրը, եւ յետոյ նորէն թող քուէարկեն:
Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուաւ.«Մենք այդ պատգամաւորներուն ուղերձ ունինք: Անոնց յիշեցնենք, որ իրենք բոլորը կը ներկայացնեն, բնակչութեան բոլոր շերտերը, ու պէտք չէ սխալին:Կոչ կ’ընենք այդ պատգամաւորներուն չհարուածել իրենց քաղաքական յենարան հանդիսացող բնակչութեան մեծամասնութիւնը, եւ կ’ըսենք, որ դուք տակաւին կրնաք ամէն ինչ շտկել, դեռ ուշ չէ»:
Նախաձեռնութեան անդամները վստահ են, որ համահարթեցման այս օրէնքով իշխանութիւններուն համար դժուար պիտի ըլլայ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնել, այս օրէնքով կարելի չէ ընկերային արդարութեան հասնիլ:
նախաձեռնութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան ըսաւ.«Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը, որովհետեւ վստահ ենք, որ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացումը հարկման պրոգրեսիւ (յառաջխաղաց «Գ.»)եղանակով կարելի պիտի ըլլայ: Պիտի պայքարինք այնքան ժամանակ մինչեւ արդար ու տրամաբանական ընթացք որդեգրուի»:
Ահազանգը ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութիւնն է, որ նպատակ ունի եկամտահարկի համահարթեցման դէմ պայքարիլ:
ՀՀ իշխանութիւնները, նախաձեռնելով հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու, կը ցանկան համահարթեցնել եկամտահարկը՝ սպասարկելով հասարակութեան նեղ շերտին շահերը ի հաշիւ հասարակութեան 65 տոկոս կազմող միջին եւ միջինէն ցած երկամուտ ունեցող խաւի ներկայացուցիչներու շահերուն, այդպիսով նպաստելով ընկերային անարդարութեան խորացման եւ հասարակութեան մէջ առկայ բեւեռացուածութեան մակարդակի բարձրացման: Նախաձեռնութիւնը անընդունելի կը համարէ իշխանութիւններուն նման մօտեցումը եւ, #ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցնելով միջին եւ միջինէն ցած եկամուտ ունեցող մեր հայրենակիցներուն համար, կը յայտարարէ, որ համահարթեցում #Պիտի_չըլլայ: