21-23 Յունիսին ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու (Young European Socialists) Բիւրոյի Ժողովը: ՀՅԴ երիտասարդներէն ժողովին կը մասնակցում էր Անահիտ Յակոբեան (Ֆրանսա):
ժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 40 երիտասարդ ընկերվարականներ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն` Իտալիա, Իսպանիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ, Պուլկարիա, Հոլլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Դանիա, Շուէտ, Նորուէյճ, Խրուաթիա, Կիպրոս եւ այլն:
Նշենք, որ Բիւրոյի ժողովը տեղի կ’ունեայ տարին երկու անգամ, ուր կազմակերպութեան նախագահութիւնը եւ վարչութունը կը ներկայացնեն իրենց կատարած գործունէութեան հաշուետուութիւնը, կը ճշդեն կազմակերպութեան քաղաքական ուղղութիւնը եւ կ’ընդունին բանաձեւեր:
Այս ժողովը առաջինն էր Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններէն վերջ:
ԵԵԸ-ի քարտուղարութեան համար նաեւ առաջին Ժողովն էր մինչեւ իր ընտրուիլը: Առիթ եղաւ ներկայացնելու կատարած աշխատանքները, մասնաւորապէս եւրոպական ընտրութիւններուն ժամանակ:
Որոշուեցաւ կազմակերպութեան քարոզչութեան ուղղութիւնը Եւրոխորհրդարանի նոր ընտրեալ պատգամաւորներուն նկատմամբ:
Ժողովի պաշտօնական օրակարգէն դուրս, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ մասնակից պատուիրակութիւններու հետ` ՀՅԴ Երիտասարդականի եւ անոնց միջեւ գործակցութեան խորացման մասին:
ՀՅԴ Երիտասարդականը Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
28 Յունիս 2019 թ.