-Ճեմարան ըսելով՝ միայն դաս ու դասարան չհասկնաք: Մեր ճեմարանը ունի յատուկ մթնոլորտ: Դպրոցները իրարմէ կը զանազանուին իրենց մթնոլորտով: Դպրոցական շատ ջերմ կապերով կա-պուած ենք իրարու շնորհիւ մեր դպրոցի մթնոլորտին: Այլեւս ուրիշ տեղ պիտի չգտնենք այս մթնոլորտը: Մեզի համար ամէնէն դժուարը այդ մթնոլորտէն բաժնուիլն է:
-Ճեմարանը մեզի տուաւ ուսում, կրթութիւն, հայեցիութիւն: Մենք կրթուեցանք, դաստիարակուեցանք, մշակուեցանք, ազնուացանք՝ իւրացնելով ազգային եւ մարդկային արժէքներ, որոնց հաւատարիմ պիտի մնանք:
-Դպրոց կը նշանակէ ուղղութիւն: Ճեմարանը մեզի ա՛յդ տուաւ: Ճամբայ կ’ելլենք դէպի կեանքի նոր փուլ՝ ունենալով յստակ ուղղութիւն: Ուղղութիւն ունեցողը չի կորսուիր:
-Եթէ մէկը ուղղութիւն ունի, ուրեմն ան պատասխանատու անձ մըն է: Կեանքի ամէն մէկ փուլ մարդ տարբեր պատասխանատուութիւն կ’ունենայ: Ճեմարանաւարտի պատասխանատուութիւնը միշտ մեզի հետ պիտի մնայ:
-Ճեմարանը մեծ ընտանիք մըն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ճամբան պիտի ընտրէ, տարբեր մասնագիտութեան պիտի հետեւի, անձնական կեանքը պիտի կերտէ: Մեզ միացած պահողը մեր ճեմարանցի ըլլալն է: Ճեմարան յաճախելը դիւրին է, իսկ ճեմարանցի ըլլալը աւելի դժուար է: Ճեմարանը մեզմէ կ’ակընկալէ որ ուսանինք եւ յաջող անձեր ըլլանք: Եւ կ’ըլլանք, անպայմա՛ն կ’ըլլանք, որպէսզի մեր Ճեմարանը հպարտանայ մեզմով:
-Ըսած են՝ ուսումը յաղթանակի զէնքն է, ան կը բանայ ամէն դուռ: Ճեմարանը մեզի տուաւ այդ զէնքը: Այդ զէնքը մեր ամբարած գիտելիքներն են, հմտութիւններն են եւ այն ինչ որ մեր միտքին եւ հոգիին մէջ ամրացած է դպրոցական տարիներու ընթացքին:
-Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս աւարտական դասարան հասանք, բնաւ չիմացանք:
-Այնպէս կը թուի, թէ Ճեմարան աւարտելը այնքան ալ դժուար չէ, որքան անկէ բաժնուիլը:
-«Մնաք Բարով», կ’ըսեն մեկնողները: Մենք մեկնողը չենք Ճեմարանէն: Իսկական վերադարձի առաջին օրը կը սկսի, երբ վկայական ստանանք: Ուրեմն եկէք, ըսենք՝ «Ցտեսութիւն»:
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի
ԺԲ. կարգի աշակերտներ (2018)