ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՍՊԱՆԱՑԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՏԵԼ ՊՈՍՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ
Սպանիոյ ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վիսենտէ Տել Պոսքի պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց։ Ան լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին նախ շնորհաւորեց Հայաստանի հաւաքականին վերջին երկու խաղերուն (Լիխտենշթայն եւ Յունաստան) անընդմէջ յաղթանակները, որոնք ճամբայ կը հարթեն Եւրոպայի առաջնութեան մասնակցութեան։ Անոր համաձայն, մանկապատանեկան ֆութպոլի խումբերուն հետ պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ, ապագային յաջող արդիւնքներու հասնելու համար: Տէլ Պոսքին ըսաւ, որ իր լաւ ընկերներէն մէկը՝ Խաֆիէր Մինիանօն, կ’աշխատի Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ, իսկ երկրորդը՝ մանկապատանեկան տարիքի կազմին հետ: «Հայաստանի մասին անոնք լաւ անդրադարձներ ունեցած են, եւ գոհ են այստեղ գտնուելու համար», աւելցուց սպանացի մասնագէտը: Իսկ երբ հարց տուին, թէ հայ մարզիչները ինչի՞ վրայ պէտք է աշխատին, Թէլ Պոսքի ըսաւ, որ անոնք պէտք է շրջապատուած ըլլան լաւ մասնագէտներով, նաեւ կարեւոր է, թէ ինչպիսի՞ մարզադաշտեր կան երեխաներու համար։ Անոր համաձայն, դրականը այն է, որ ֆութպոլիստները մաս կը կազմեն արտասահմանեան խումբերու:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊՈՒՖՕՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ՍՏԱՑԱԾ Է ՊՈՐՏՕ, ՖԼՈՒՄԻՆԵՆՍ ԵՒ ԼԻԹՍ ԽՈՒՄԲԵՐԷՆ
Ըստ gazetta.it-ի, Փարիզ Սան Ժերմանի եւ Իւվէնթուսի նախկին դարպասապահ, իտալացի Ճանլուիճի Պուֆօն առաջարկներ ստացած է փորթուկալական Պորտօ, պրազիլեան Ֆլումինենս, անգլիական Լիթսի եւ իտալական Աթլանթա խումբերէն: 41-ամեայ իտալացի դարպասապահը հետաքրքրուած է Պորտոյի առաջարկով՝ փոխարինելու Քասիլասը, սակայն ան տակաւին վերջնականապէս չէ որոշած թէ պիտի ընդառաջէ առաջարկին կամ՝ ոչ: Աւելցնենք, որ վերջին տարեշրջանին Պուֆօն ֆրանսական ակումբին հետ մասնակցած է 25 մրցումներու:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐԸ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ՓՈԿՊԱՆ ՊԱՀԵԼ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ
Մանչեսթըր Իւնայթըտի կիսապաշտպան Փօլ Փոկպա Յունիսին հրապարակաւ յայտարարած էր ակումբէն հեռանալու մասին, սակայն «Կարմիր Աատանաներ»ու գործադիր տնօրէն Էտ Վուտուորթ անտեսած էր անոր որոշումը եւ փորձած պահել ֆրանսացի կիսապաշտպանը: Այժմ անգլիական մամուլը իր առօրեայ լուրերուն մէջ դիտել կու տայ, որ ակումբի երէց խաղցողները չեն ուզեր Փոկպան պահել խումբին մէջ: Ֆութպոլիստները կ’ուզեն նոր էջ բանալ՝ Սուլշերի ղեկավարութեամբ, եւ կը կարծեն, որ այն ֆութպոլիստները, որոնք մտադիր են հեռանալ, պէտք չէ պահել խումբին մէջ: Նշենք որ Վուտուորդ պատրաստ է Փոկպայի աշխատավարձը հասցնել շաբաթական 500 հազար ֆոնտի:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՏԱՆԻ ԱԼԱՒԷՍԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է
Esports RAC1-ի-ի լրագրող Խերարթօ Ռոմերօ թուիթըրի իր էջով յայտարարեց, թէ պաշտպան Տանի Ալաւէս, որ 23 Յունիսին յայտարարած էր Փարիզ Սան Ժերմանէն հեռանալու մասին, կրնայ վերադառնալ «Պարսելոնա»:
Ալաւէս Փարիզ 2017-ի ամրան իտալական Իւվէնթուսէն Սան Ժերման տեղափոխուեցաւ: Վերջին մրցաշրջանին պրազիլցին փարիզեան ակումբի կազմին հետ մասնակցեցաւ 32 խաղի, նշանակեց 3 կոլ ու կատարեց 8 կոլի փոխանցում: Աւելցնենք, որ Տանի Ալաւէսի Պարսելոնայի կազմին մաս կազմած է 2008-2016 թուականներուն:
transfermarkt.de կայքը անոր փոխադրութեան արժէքը 2,5 միլիոն եւրօ նախատեսած է:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան
Ռաֆֆի Սիւլահեան