ԲՆԱԿԱՆ ԲՈՅՍԵՐՈՎ ԲՈՒԺՈՒՄ

 

Իւրաքանչիւր հիւանդութեան դէմ պայքարելու  համար տաք բուսաջուր պէտք է պատրաստէք: Բնութիւնը դարմանումի յատուկ  խոտերով,  բոյսերով եւ տերեւներով հարուստ է: Պէտք է օգտագործենք բնութեան մէջ աճող այդ բոյսերը:
 1-Աղիքային որդի եւ մանրէներու դէմ պայքարելու համար կարելի է  դեղձենիի, ընկուզենիի կամ երիցուկի տերեւները մէկ լիթր եռացած ջուրի մէջ պահել հինգ վայրկեան, որպէսզի  բոյսերուն հիւթը լուծուի ջուրին մէջ եւ ապա սուզել եւ ջուրը խմել՝ օրական մէկէն երեք գաւաթ:
2-Հազի պարագային՝ կարելի է լեռնային ծոթրինի, ընկուզենիի, մանիշակի կամ մեխակի տերեւներով նման բուսաջուրեր պատրաստել:
3-Կուրծքի եւ կոկորդի ցաւի պարագային՝ ձիթենիի տերեւներէն օգտուիլ:
4-Ցղատապի (պրոնշիթ) պարագային՝  բաղեղի տերեւները օգտագործել:
5-Պնդութեան պարագային՝ դեղձենիի, վարդի եւ կոճապղպեղի տերեւներէն օգտուիլ:
6-Մարսողութեան, փորհարութեան, շաքարախտի եւ մկանային ցաւերու դէմ պայքարելու համար օգտագործել  շումրայի, անիսոնի, նարնջենիի տերեւները:
7-Լեարդի բորբոքումներուն  եւ մարմինի ջերմաստիճանի բարձրացումին պարագային՝ կիտրոնի,  նարինջի կամ ձիթենիի տերեւները օգտագործել:
8-Հարբուխի եւ աղիքային խանգարումներու պարագային՝ ընկուզենիի եւ անանուխի տերեւները:
9- Անքնութեան  եւ բորբոքումի պարագային օգտագործել նարնջենիի, շոճիի, կաղնիի եւ անանուխի տերեւները:
11-Գլխացաւի, միկրէնի եւ անախորժութեան պարագային՝ յասմիկը, մարիամխոտը, թրնջխոտը եւ ընկուզենիի տերեւները:
Այս բուսաջուրերը պէտք է օրական պատրաստենք, իսկ զանոնք համեղ եւ մեր գիմքին հաճելի դարձնելու համար կարելի է անոնց աւելցնել մէկ թէյի դգալ մեղր:
ԲՈՅՍԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ
Հաւանաբար անհաւատալի կը թուի որ բոյսերուն յաջողութիւն կը բերեն, սակայն իւրաքանչիւրս փորձով կրնանք ապացուցել այս իրողութիւնը: Գոյութիւն ունին բոյսեր, որոնք յաջողութիւն եւ դրամական վիճակի բարելաւում կը բերեն:
ԴՐԱՄԻ ԲՈՅՍ (ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՅՌ)
Ափրիկեան ծագումով այս բոյսը լայն տարածում ունի աշխարհի մէջ: Ան իր անուանումը ստացած է շնորհիւ իր տերեւներուն, որոնք մետաղադրամներու կը նմանին:Եթէ կը հաւատաք  այս  բոյսի ուժին եւ կրնաք պահել զայն ձեր տան մէջ, դուք կը հարստանաք. ան քմահաճ  չէ  եւ մեծ խնամք չի պահանջեր:
ԵՐՋԱՆԻԿ ՊԱՄՊՈՒ
Այս բոյսին  տերեւները իւրայատուկ զարդարանք կը համարուին, իսկ բոյսը այնքան քիչ խնամք կը  պահանջէ, որ կրնայ աճիլ նոյնիսկ առանց բնական հողի:
ԿԻՏՐՈՆ
Կիտրոնի ծառը կրնանք սովորական ձեւով աճեցնել, բայց ժամանակը շատ կարեւոր է: Շատեր կը պնդեն, որ կ’արժէ այս հրաշագործ ծառը աճեցնել, քանի որ անոր շնորհիւ ոչ միայն նիւթական յաջողութիւն կը գտնէք, այլեւ համերաշխութիւն կը տիրէ ձեր ընտանիքին մէջ:
ՔԱՔՏՈՒՍ
Շատեր կը պնդեն, որ քաքտուսը իր մէջ կը պահէ միջավայրի բացասական ջերմուժը, մեզի վերապահելով դրականը:
Քաքտուսը օժտուած է նաեւ նիւթական յաջողութիւններ բերելու յատկութեամբ: Ան նոյնիսկ բնակարանը կը պաշտպանէ  գողերէ եւ վատ ջերմուժէ, ճառագայթներէ եւ այլն:Այդ պատճառով ալ պէտք է զայն պահենք մեր գրասենեակին կամ խոհանոցին մէջ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան