«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան (այսուհետեւ՝ ՄԻՊ) Արտակ Պեքլարեան, ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեան եւ ԱՄՆ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան ղեկավար կազմը 28 Յունիսին հանդիպած են Լոս Անճըլոսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Մարդու Իրաւունքներու «Խոստում» հիմնարկի (Promise Institute for Human Rights) ղեկավարութեան` Քէյթ Մակինթոշի եւ Ճեսիքա Փիքի հետ:
Երկու ՄԻՊ-երը հակիրճ կերպով ներկայացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը եւ հիմնական մարտահրաւէրները` անդրադառնալով նաեւ իրենց հաստատութիւններուն գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն:
Ա. Պեքլարեան յատուկ կերպով անդրադարձ կատարած է Արցախի միջազգային իրաւական կարգավիճակին ու Ատրպէյճանի մեկուսացման քաղաքականութեամբ սահմանուած արցախցիներու իրաւունքներու խախտումներուն ու սահմանափակումներուն` յայտնելով, որ այդպիսի պայմաններու մէջ մարդու իրաւունքները մեծապէս խոցելի են. ուստի, միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է լուսարձակի տակ առնելու այս հարցերը: Ան շեշտած է գիտահետազօտական հաստատութիւններու կարեւոր դերակատարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «Խոստում» հիմնարկը օրինակ պիտի ըլլայ շատերու համար:
Կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութեան արժանացած շարք մը հարցեր եւ գործակցութեան հետագայ կարելիութիւններ: