ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ` քննարկելու համար երկրին մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Այս ծիրին մէջ 29 Յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Ազատութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Հրանդ Բագրատեանի եւ իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, սահմանադրագէտ Նորայր Փանոսեանի հետ: Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է երկրի ընկերային-տնտեսական, քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ Արցախ-Հայաստան անվտանգութեան խնդիրներ, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներ, Հայաստանի համար ներքին ու արտաքին առկայ մարտահրաւէրներ, այս հարցերուն շուրջ գործակցութեան կարելիութիւններ:
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել քաղաքական խորհրդակցութիւնները: