«h-pem.com-ի Լեզուի Քաղաքականութիւնն է՝ Անգլերէնը Միջոց. Հայերէնը՝ Նպատակ». Վաչէ Փափազեան
«Կը Ձգտինք Հայ Երիտասարդին Տալ Առիթը՝ Ինքզինք Հայ Զգալու». Լուսիկ Կիւլոյան-Սրապեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ.».- Այսօր h-pem.com-ը ի՞նչ խմբակով կը գործէ, հարթակ այցելողները կրնա՞ն մաս կազմել այս խմբակին կամ ներգրաւուիլ ձեր աշխատանքներուն մէջ: Տարիքային կամ մասնագիտութիւններու բաժանում կամ սահմանափակում կա՞յ: Անդամ կամ այցելու ըլլալու դրութեան եւս անդրադառնանք:

ԼՈՒՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ-ՍՐԱՊԵԱՆ.- Տնօրէնին կողքին, բեմը եւ անոր ընկերային ցանցերը կը ղեկավարեն աշխատակազմի 3 անդամներ. լիաժամ դրութեամբ` Արեւելեան Ամերիկայէն Լիլի Թորոսեանը (օգնական պատասխանատու եւ խմբագիր) եւ Թորոնթոյէն  Ռուբէն Ճանպազեանը (բովանդակութեան պատասխանատու եւ խմբագիր), իսկ կիսաժամ դրութեամբ` Լիբանանէն Շահէն Արապօղլեանը (տնօրէնի օգնական եւ ընկերային ցանցերու քաղաքականութիւն մշակող):

H-Pem-ը կը յատկանշուի իր մասնակցողական գործելաոճով: Հանդիպման վայր  է, նպատակաուղղուած է կապ եւ գործակցութիւն ստեղծելու աշխարհացրիւ հայերու միջեւ:

Հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան հետ միասնաբար արժէք ստեղծելու ձգտումով բեմը կը կազմէ իր հաւաքականութիւնը: Այցելուներ կրնան անվճար արձանագրուիլ եւ մասնակցիլ բեմին գործունէութեան` լեցնելով become an active user հարցաթերթիկը:

Տարիքային սահմանումներ չկան: 16 տարեկանէն վար պատանիներ կրնան անդամագրուիլ ծնողական համաձայնութեամբ: Որոշ թիւով անդամներ ներգրաւելէ ետք բեմը պիտի սկսի մշակել տարիքային բաժանումներու համապատասխան ծրագիրներ:

Նորահաս արուեստագէտներ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ կրնան իրենց գործերէն նմուշներ եւ բացատրութիւններ ուղարկել` լեցնելով Submit your work հարցաթերթիկը: Բեմին խմբագրական կազմը կը տնօրինէ անոնց  հրապարակումը: Նոյնպէս` շնորհալի լրագրողներ, լուսանկարիչներ կամ նկարահանողներ կրնան աշխատակցութեան առաջարկներ ներկայացնել` լեցնելով become a contributor հարցաթերթիկը: Բեմին խմբագրական կազմը կը քննէ ներկայացուած նիւթերը եւ կը վաւերացնէ աշխատակցութիւնը: Աշխատակցութեան հիմնական նախապայման է անգլերէնին գերազանց տիրապետումը: Աշխատակիցներ կը ստանան համապատասխան պատուեգին:

Անոնք, որոնք կը փափաքին կամաւոր կերպով մասնակցութիւն բերել բեմը ծանօթացնելու եւ տարածելու աշխատանքին, կրնան լեցնել become an ambassador հարցաթերթիկը եւ դառնալ բեմը ներկայացնող դեսպաններ: Բեմին դեսպանները կը հետեւին աշխատակազմին սահմանած ցուցմունքներուն, ունին իրենց յատուկ անկիւնը, ուր կը հրապարակուի անոնց հակիրճ կենսագրութիւնը եւ բեմին մասին իրենց կարծիքը:

Արուեստագէտներ, գրագէտներ, մշակոյթի ծիրերու մէջ աշխատողներ բեմին հետ գործակցութեան առաջարկ կրնան ներկայացնել` լեցնելով Collaborations/send a message հարցաթերթիկը:

Բեմը պատրաստ է, կազմակերպութիւններու եւ արուեստագէտներու հետ գործակցելով, կատարել մշակութային յատկանշական իրադարձութիւններու կենդանի սփռում: Կենդանի սփռումի դիմումնագիր կարելի է ներկայացնել` լեցնելով Live Streaming հարցաթերթիկը:

Նշեալ դաշտերուն համապատասխան հարցաթերթիկները կը պարունակեն մանրամասն ուղեցոյցներ եւ լուսաբանութիւններ:

«Ա.».- Գործակցութեան կարելիութիւններ կա՞ն տարբեր կազմակերպութիւններու հետ: Կայքը հանրութեան մեծ զանգուածին, յատկապէս երիտասարդութեան ծանօթացնելու իմաստով ի՞նչ ծրագիրներ կան, մանաւանդ որ մեր անմիջական շրջանակէն դուրս եղողներուն հասնելու նպատակ կը հետապնդէք:

Լ. Կ. Ս.– Կը խօսէինք աշխատակազմի մասին: Մեզի համար շատ կարեւոր էր ընտրել այնպիսի անձեր, որոնք կարենային անգլիախօս հայ սերունդներուն հետ տեսակէտներ փոխանակել իբրեւ սերնդակից եւ ծառայել իբրեւ օղակ` իրենց ինքնութեան գիտակից հայերու եւ զայն ճանչնալ փափաքող անձերու միջեւ: Այսօր բեմին աշխատակազմը ոչ միայն կը տիրապետէ անգլերէն լեզուամտածողութեան, հաղորդակից է անգլիախօս հայերու մտայնութեան, հետաքրքրութիւններուն եւ կարիքներուն, այլ նաեւ` հայ մշակոյթին, արուեստին եւ ինքնութեան նրբերանգներուն, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ զանոնք բեմին թիրախին մատչելի ոճով մատուցելու կարողութիւն:

Կը փնտռենք արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ արդիական  շունչով ստեղծագործող հայ երիտասարդներ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ ներկայութիւն  են իրենց գործերով, ունին մեծ թիւով հետեւորդներ, եւ կը մշակենք միատեղ գործակցութեան ծրագիրներ:

Ցարդ գործակցած ենք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ: Կը շարունակուին Թումոյի եւ «Կարապալա»-ի հետ գործակցութիւններ, որոնք սկիզբ առած էին բեմին մեկնարկէն առաջ: Գործնական քայլեր առած ենք այլ կառոյցներու հետ գործակցութեան:

Ունինք նաեւ տարբեր վայրերու մէջ դեսպաններ, որոնք կամաւոր կերպով կը մասնակցին բեմին գործունէութիւնը տարածելու աշխատանքին:

Նման գործակցութիւններով կը փորձենք աստիճանաբար բազմացնել օղակները հայութենէն հեռու ապրող մեր թիրախին եւ հայութեամբ շնչող   երիտասարդութեան միջեւ: Կը գիտակցինք, որ գէթ սկզբնական շրջանին առաւելաբար պիտի ներգրաւենք նման օղակներ, եւ մեր հետեւորդներուն մեծամասնութիւնը պիտի կազմեն անոնք: Կը գիտակցինք նաեւ, որ անկարելի է, առանց նման օղակներու, հասնիլ հայկականութենէ բոլորովին հեռու ապրող հայերու: Հասարակաց բարեկամներու շնորհիւ է, որ կը յուսանք աստիճանաբար կապեր հաստատել հայկական շրջանակներէ հեռու ապրող հայերու հետ:

Բնականաբար ասիկա կ՛ենթադրէ տարիներու վրայ երկարող հետեւողական ճիգ, արդիւնաւէտ միջոցներու փնտռտուք, փորձարկելու համբերութիւն եւ հմտութիւն, մշակութային շրջանակներու հետ կապ, երիտասարդներու առաջարկները լսելու եւ անոնց հետ գործակցելու տրամադրութիւն, ճկուն գործելաոճ զարգացնելու անհրաժեշտութիւն եւ երկարաշունչ աշխատանք, որպէսզի բեմը հասնի իր նպատակին եւ կարելի ըլլայ անոր շուրջ գոյացնել հայ մշակոյթով հետաքրքիր եւ բեմին աշխատանքներուն աշխուժ կերպով մասնակցող հաւաքականութիւն մը:

Գրաւիչ ոճը, ստեղծագործ մօտեցումը եւ անուղղակի ռազմավարութիւնները անհրաժեշտ են` գտնելու համար սերունդներուն հասնելու եւ զանոնք հայկականութեամբ խանդավառելու միջոցները:

Անշուշտ շատ բան կախեալ է այցելուներու վարմունքէն, մասնակցութեան մակարդակէն եւ վստահութենէն: Սակայն բեմին որակը կը մնայ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու նախապայմանը եւ յաջողութեան գրաւականը: Հետեւաբար կը ձգտինք որակ եւ խորք տալ  բեմին պարունակութեան եւ ներկայացման ձեւին:

«Ա.».- Համազգայինի մեծ ընտանիքը այս նախաձեռնութեան դիմած է առանձին, նաեւ բաւական դժուար ուղի յաղթահարած է արդէն, սակայն արդեօք առանձին շարունակելու երաշխիքներ կա՞ն` բոլոր առումներով:

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Ինչպէս կ՛ըսէի, Համազգայինի պատգամաւորական ժողովները պիւտճէական ծանր յանձնառութիւն ստանձնած են այս կարեւոր ծրագիրին նախաձեռնելու համար: Համազգայինը իր կարելին ըրած է եւ վստահաբար պիտի շարունակէ ընել, բայց նման   ծրագիր, ապրելու ու մանաւանդ մեծնալու համար պէտք ունի շարունակական մեծ ներդրումներու, որոնց իր բաժինը պէտք է բերէ նաեւ մեր ժողովուրդը: Այս ծրագիրը համահայկական է: Պիտի ապրի եւ ուռճանայ համայն հայութեան նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ ներդրումներով: Այս ծրագիրը տակաւին զարգացումի ճամբայ ունի կտրելիք. հետաքրքրական եւ կարեւոր հանգրուաններով պիտի յառաջդիմէ: Կասկած չունինք, որ շատեր պիտի գիտակցին զայն զարգացնելու կարեւորութեան, պիտի փափաքին մաս կազմել այս յուսատու գործին եւ թիկունք պիտի կանգնին անոր:

«Ա.».- Ցարդ հրապարակուածէն բացի` կա՞ն այլ ծրագիրներ, որոնց մասին կ՛ուզէք խօսիլ:

Լ. Կ. Ս.– Ապագային բեմը պիտի ունենայ blog-ներ եւ տարբեր բնագաւառներու յատուկ առցանց ակումբներ, պիտի կազմակերպէ մրցանքներ եւ webinar-ներ, պիտի կատարէ լրատուութիւն եւ այլն: Այս բոլորը, նախքան իբրեւ առանձին բաժիններ հաստատուիլը, պիտի փորձարկուին հանգրուանային դրութեամբ` ի վերջոյ իրականացնելու համար Կեդրոնական վարչութեան առցանց բեմի հիմնական ամբողջական ծրագիրը:

«Ա.».- Բեմին հրապարակումէն մինչեւ հիմա քու տպաւորութիւնդ ի՞նչ է:

Լ. Կ. Ս.– Թերեւս պէտք է սկսիլ մեկնարկէն առա՞ջ: Յաճախ կը մտածէի, որ համացանցի վրայ որեւէ կայք ունի գոյութենական տագնապ. լաւագոյնները մէկ օրէն միւսը կրնան ամայանալ, եթէ չփորձարկեն իրենց գոյութիւնը վերահաստատող հնարքներ:

Սակայն, երբ բեմին մեկնարկէն հազիւ 1 շաբաթ ետք Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքէն Քալվին անունով երիտասարդ մը անդամակցեցաւ բեմին եւ ուղարկեց հայոց պատմութեան մասին իր պատրաստած տեսերիզները, անմիջապէս զգացի, թէ որքա՛ն կարիքը կար նման բեմի մը, թէ` որքա՛ն բեմը կարելիութիւնը ունէր ինքզինք վերստեղծելու:

Քալվին կը գրէր. «Այս ծրագիրին նախաձեռնեցի` երբ կը յայտնաբերէի ինքնութիւնս: Հայոց պատմութեան մասին կարդալով` ներշնչուեցայ եւ փափաքեցայ կարողութիւններս ի սպաս դնել` մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու աշխարհին»:

Յաջորդ շաբաթ ոչ հայկական մականունով հայէ մը ստացանք հայկական խորհրդանիշներէ ներշնչուած ձեռարուեստի գործեր:

Բեմին նշանաբանը ոչ միայն հնչած էր, այլ նաեւ հասած էր աշխարհի տարբեր անկիւնները:

Գրեթէ քանի մը օրը անգամ մը արուեստագէտներէ կամ մշակութային շրջանակներէ  կը ստանանք գործակցութեան առաջարկներ: Հայկական տարբեր ինքնութիւններու նրբերանգները արդէն կու գան հարստացնելու բեմը, ինչ որ միայն լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

«Ա.».- Ձեր կոչը` մեր ընթերցողներուն, յատկապէս` երիտասարդներուն, որոնք կոչուած են ըլլալ h-pem.com-ի ընտանիքին հիմնական անդամները:

Վ. Փ.– Կոչը մեծ բառ է: Ըսելիք ունիմ, այո՛: Կը սիրէ՞ք հայ մշակոյթը, կը սիրէ՞ք արուեստը, կ՛ուզէ՞ք աշխարհով մէկ  տարածուած` արուեստը եւ  մշակոյթը սիրող, տարիքով կամ ոգիով երիտասարդ հայերու հետ կապ հաստատել, գործակցիլ եւ նորութիւն ստեղծել, նոր ճամբայ կտրել: Եթէ այդպէս է, գիտցէք` այս բեմը համահայկական է եւ մասնակցողական` իր բնոյթով: Ան ձեր բեմն է, ձեր աշխատավայրը, ձեր գործունէութեան դաշտը: H-Pem-ը կ՛ուզէ, որ մասնակցիք իր զարգացումին, որ դուք ձեզ իր տէրը զգաք:

Լ. Կ. Ս.– Նոյնինքն` h-pem-ի նշանաբանը. «Եկէ՛ք` ծանօթանանք մէկզմէկու արուեստին: Աշխարհը մեր բեմն է, h-pem-ը` ձերը»:

H-Pem կարելի է այցելել հետեւեալ հասցէներով.

Website: www.h-pem.com

Instagram: @hpemonline

Facebook: H-Pem կամ facebook.com/hpemonline

Twitter: @hpemonline

YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=9BZ9uWCg8TU

(Շար. 2 եւ վերջ)