Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական կարգի՝ պրովէի պետական քննութեանց արդիւնքը։

Նախարարութեան համաձայն, յաջողութեան տոկոսը 67,38 առ հարիւր է։ Պետական քննութիւն յանձնած է 286.484 աշակերտ եւ աշակերտուհի, որոնցմէ յաջոցած է` 193.037։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ բարձրագոյն նիշին արժանացած է 21 աշակերտ-աշակերտուհի։