ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու լարուածութեան հերթական փուլի ֆոնին՝ շատերը կը հետաքրքրէ, թէ կարելի՞ է, արդեօք, Թեհրան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ենթադրել Փիոնկեանկ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու բնականոնացման ընթացքը, թէ՞ ոչ: Հարցին շուրջ Yerkir.am-ը զրուցած է Alikonline-ի պատասխանատու-խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հետ:
«Կը փափաքէի հարցումին պատասխանել հարցումով՝ Իրան ունի՞ ԱՄՆ-ի հետ բանակցելու փափաք, թէ՞ ոչ: Այլ խօսքով՝ Իրան կը փափաքի՞ Հիւսիսային Քորիայի վերածուիլ, թէ ոչ», ըսաւ Արամ Շահնազարեան՝ աւելցնելով, որ փորձագէտներ ճիշդ այս հարցն է որ ելակէտային կը համարեն:
Ըստ Շահնազարեանի, հարցումին պատասխանելու համար ան հրաժեշտ է նախ նկատի առնել Իրանի եւ Հիւսիսային Քորիայի միջեւ առկայ աշխարհաքաղաքական տարբերութիւնները եւ, անոնց համընթաց, ԱՄՆ ներքաղաքական զարգացումներն ու իրադարձութիւնները:
«Եթէ մէկ կողմ թողունք Իրանի եւ Հիւսիսային Քորիայի պատմական տարբերութիւնները՝ երկու երկիրներու ղեկավարման հիմքը տեղադրուած գաղափարախօսութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը, անցած պատմական ուղին եւ քաղաքական գործընթացներու զարգացումը, վերջապէս՝ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ ընթացքը, որոնց անդրադառնալը, բնականաբար, բաւական ժամանակ կը խլէ, հաստատապէս կարելի չէ անտարբեր անցնիլ երկու երկիրներու աշխարհաքաղաքական տարբերութիւններուն, անոնց դրացի երկիրներուն եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանային խաղացողներու վարքագիծին եւ վարուելակերպին վրայէն: Չմոռնանք, որ Հիւսիսային Քորիայի հարաւային դրացին Հարաւային Քորիան է, որ, ինչպէս փորձագէտներ իրաւացիօրէն կը շեշտեն, բնաւ ալ շահագրգռուած չէ իր հիւսիսային դրացիին քաղաքական համակարգի փլուզումով եւ, ընդհանրապէս, երկու ազգակից երկիրներուն միացումով, քանի որ անոր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական ահռելի հետեւանքները իրականութեան մէջ ինք պիտի կրէ: Թերեւս ճիշդ այդ պատճառով է, որ երկրի գործող նախագահը մեծ արկածախնդրութեան դիմած է՝ միջնորդական աշխոյժ առաքելութիւն ստանձնելով Փիոնկեանկի եւ Ուաշինկթընի միջեւ», ըսաւ Արամ Շահնազարեան:
Ինչ կը վերաբերի միւս երկու դրացիներուն՝ Ռուսաստանին ու Չինաստանին, ըստ Շահնազարեանի, անոնք կը համարուին Հիւսիսային Քորիայի հիմնական դաշնակիցները, որոնք Փիոնկեանկի խաղաքարտը կ’օգտագործեն տարածաշրջանի մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը սահմանափակելու համար եւ նոյնպէս չեն ուզեր այդ երկրի քաղաքական համակարգին փլուզումը: Իսկ տարածաշրջանային միւս խաղացողը՝ Ճափոնը, թէեւ կը ձգտի ապամիջուկային տեսնել Փիոնկեանկը, այդուհանդերձ, դէմ է տարածաշրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութեան ու նոր մարտահրաւէրներու յայտնաբերման: «Շեշտեմ, որ սա քորիական թերակղզիին եւ Հեռաւոր Արեւելքին հարցերով գրեթէ բոլոր փորձագէտներուն տեսակէտն է», աւելցուց Արամ Շահնազարեան:
Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական դասաւորումներուն եւ զարգացումներուն՝ Արամ Շահնազարեան պարզեց, որ նոյնը կարելի չէ ըսել Իրանի եւ անոր դրացիներու յարաբերութիւններուն մասին:
«Եթէ Հիւսիսային Քորիայի տարածաշրջանային ազդեցութիւնն ու զինուորական շարժման կարելիութիւնը սահմանափակ են, նոյնը կարելի չէ ըսել Իրանի պարագային: Պէտք չէ անտեսել այն պարզ իրողութիւնը, որ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ Իրան տիրական ներկայութիւն է, եւ ոչ մէկ պարագայի կը զիջի իր դիրքերը: Ընդգծեմ՝ սա բացառուած է, քանի որ Պարսից ծոցին մէջ Իրան ունի կենսական շահեր, որոնցմէ պատրաստ չէ հրաժարելու: Աւելին՝ ան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւս տարածաշրջանային գերտէրութիւն կը համարուի, կարեւոր եւ ազդեցիկ խաղացող ու հաւասարակշռող ուժ: Այս դիրքերէն Իրան նոյնպէս չի հրաժարիր երբեւիցէ:
Ինչ կը վերաբերի դրացի երկիրներուն, Հիւսիսային Քորիայի հետ բաղդատած, պատկերը դարձեալ կտրականապէս կը տարբերի: Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ-ն՝ իբրեւ Իրանի հետ ծովային սահման ունեցող երկիրներ, իսկ Իսրայէլը՝ իբրեւ, այսպէս կոչուած, տարածաշրջանային դրացի, կտրականապէս դէմ են Իրանի դէմ ճնշումներու թուլացման: Աւելին՝ անոնք ոչինչ կը խնայեն ԱՄՆ-ն Իրանի դէմ գոնէ սահմանափակ զինուորական հակամարտութեան մէջ ներքաշելու համար, որ իրականութեան մէջ կ’արտայայտուի Իրանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտերը հարուածելով: Պէտք չէ մոռնանք կարեւոր հանգամանք մը եւս՝ եթէ Հիւսիսային Քորիայի շուրջ ակնկալուած զարգացումները կը սահմանափակուին քորիական թերակղզիով կամ ալ Ճափոնական ծովով, նոյնը կարելի չէ ըսել Իրանի մասին: Իրանի պարագային անոնք կ’ունենան տոմինոյի ազդեցութիւն՝ ներքաշելով ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը եւ մերձակայ տարածաշրջանները», ըսաւ Շահնազարեան:
Արամ Շահնազարեան աւելցուց կարեւոր այլ հանգամանք մըն ալ, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու քաղաքական համակարգերուն նկատմամբ Սպիտակ տան մօտեցումին:
«Քորիական թերակղզիի իրադարձութիւններուն հետեւող փորձագէտներուն կարծիքով, Սպիտակ տունը համակերպած է Հիւսիսային Քորիայի քաղաքական համակարգին հետ՝ գիտակցելով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար պէտք է բանակցին նոյնինքն Կիմ Չեն Ընի եւ անոր կողմէն նշանակուած իշխող վերնախաւի միւս ներկայացուցիչներուն հետ: Մանաւանդ, որ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ երիտասարդ առաջնորդին համար թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս յաւելեալ վաւերականութիւն եւ հեղինակութիւն ապահովել: Նոյնը կարելի չէ ըսել Իրանի պարագային: Նախ՝ Իրանի ղեկավարութեան չի հետաքրքրեր նման ոճով յաւելեալ վաւերականութեան եւ հեղինակութեան ապահովումը, մանաւանդ, որ անոր կարիքն ալ առանձնապէս զգալի չէ: Իսկ յետոյ՝ Սպիտակ տան մէջ կան գործիչներ, յատկապէս Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընն ու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, որոնց հեռահար նպատակը Իրանի վարչաձեւին փոփոխութիւնն է: Այս իրողութիւնը բնաւ չի վրիպիր ո՛չ Թեհրանի, ո՛չ ալ փորձագէտներու եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութենէն», յայտնեց ան:
Եզրափակելով Արամ Շահնազարեան յայտնեց, որ, իր կարծիքով, այս պահուն Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ հիւսիսայինքորէական բեմագրութեան տարբերակը բացառուած է: «2020 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու ֆոնին, Իրանի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին ԱՄՆ ներքաղաքական զարգացումներու ընթացքին, որոնք, ինչ խօսք, անմիջականօրէն կրնան ազդել Իրանի նկատմամբ Սպիտակ տան քաղաքականութեան վրայ: Թեհրան իր կարծր դիրքորոշումով կը փորձէ սահմանափակել նախագահ Թրամփի շարժման կարելիութիւնը՝ նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ անոր համար կտրականապէս մեծցնելով Իրանի հետ առճակատման վտանգներն ու անոնց նախատեսելի հետեւանքները: Ու թէեւ սխալած չենք ըլլար, եթէ յայտնենք, որ Թրամփի գործողութիւններուն մէջ մեծ է անկանխատեսելիութեան գործօնը, այդուհանդերձ, դժուար թէ ընտրութիւններու նախօրէին ան փորձէ ներքաշուիլ այնպիսի հակամարտութեան մը մէջ, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ իրեն համար: Այնպէս որ՝ դժուար թէ յառաջիկայ ամիսներուն Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ կտրուկ շրջադարձի մը ականատեսը դառնանք: Բնականաբար, երբ նման նուրբ եւ զգայուն, այսպէս կոչուած, ճատրակի խաղին մէկ կողմը Իրանի փորձառու եւ ճկուն ղեկավարութիւնն է, իսկ միւս կողմը՝ Թրամփի պէս անկանխատեսելի խաղացողը, երբեք պէտք չէ մտահան ընել նաեւ ճէյմսպոնտեան ծանօթ խօսքը՝ «Never say never»,- ըսաւ Շահնազարեան: