Աւելի քան 7 տարի օտարութեան մէջ տունդարձի օրը սպասելէ ետք, հալէպցի շատ մը  արդիւնաբերողներ վերադարձան հայրենիք, ամբողջացուցին իրենց գործատեղիներու վերանորոգութեան աշխատանքը եւ վերսկսան իրենց ընդհատուած գործունէութիւնը:

Հալէպի Ճարտարարուեստի Պալատի նախագահ Ֆարէս Շահապի յայտնեց, որ պալատի աշխատակազմը վերադարձած է իր նախկին կեդրոնը, իսկ Հալէպի արդիւնաբերական հաստատութիւններու վերականգնումի ծախսը հասած է 200 միլիոն ս.ո.-ի:

Ան յայտնեց, որ ներկայիս 15.800 արդիւնաբերական հաստատութիւններ բանիլ սկսած են: Շահապիի համաձայն, մօտ ապագային անոնց թիւը պիտի բարձրանայ եւ Սուրիոյ պարտադրուած միակողմանի տնտեսական պատժամիջոցները պիտի յաղթահարուին: Յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին Հալէպի մէջ արդիւնաբերական հաստատութիւններուն թիւը պիտի հասնի 20.000-ի: