Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի 10-րդ կարգ  ընդունուելու նախապայմանները՝ պետական, անձնական հատուածի եւ արհեստից երկրորդական վարժարաններու:

Նախարարութիւնը իւրաքանչիւր նահանգի յատուկ 10-րդ կարգ ընդունուելու նուազագոյն գնահատանիշ ճշդեց: Այսպէս՝  Դամասկոսի մէջ՝ 1596, Դամասկոսի արուարձաններ՝ 1528, Քունէյթրա՝ 1506, Տարաա՝ 1528, Տարաաի արուարձաննե՝ 1454, Սուէյտա՝ 1754, Սուէյտայի արուարձաններ՝ 1705, Հոմս՝ 1600, Հոմսի արուարձաններ՝ 1490, Հալէպ եւ Հալէպի արուարձաններ՝ 1519, Համա՝ 1548, Համայի արուարձաններ՝ 1498, Իտլիպ եւ Իտլիպի արուարձաններ՝ 1570, Թարթուս՝ 2000, Թարթուսի արուարձաններ՝ 1780, Լաթաքիա՝ 2000, Լաթաքիոյ արուարձաններ՝ 1962, Ռաքքա՝ 1459, Ռաքքայի արուարձաններ՝ 1438, Հասիչէ՝ 1476, Հասիչէի արուարձաններ՝ 1409, Տէր Զօր եւ արուարձաններ՝ 1483:

Նախարարութիւնը ճշդած է նաեւ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի Պրովէի պետական քննութեան յաջողած աշակերտութեան 10-րդ կարգ արձանագրութեան թուականը: Արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-էն մինչեւ Երկուշաբթի, 26 Օգոստոս 2019: