«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդական (ԺԴԿ-HDP) կուսակցութեան Սիիրթ քաղաքէն ընտրուած ազգութեամբ քիւրտ պատգամաւոր Մերալ Դանըշ Պեշթաշ Սթոքհոլմի մէջ մասնակցած է ասորիներու ցեղասպանութեան նուիրուած ժողովին:
Մինչ ժողովին մասնակցիլը, Պեշթաշ Շուէտի մէջ հանդիպած է ասորական համայնքի շարք մը կազմակերպութիւններու հետ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ երկրի մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան:
«Գոյութիւն ունի 1915-ի Ցեղասպանութեան հարցը: Պէտք է առերեսուիլ անոր հետ եւ փորձել լուծում տալ: Կան Տերսիմի եւ շարք մը այլ կոտորածներ: Առերեսումը լուրջ ներդրում պիտի ունենայ այդ հարցերու լուծման մէջ», ըսած է պատգամաւորը:
Այնուհետեւ ան անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ քրտական հիմնահարցին` դիտել տալով, որ թրքական իշխանութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակեն խտրական քաղաքականութիւն վարել քիւրտերու նկատմամբ:
Պեշթաշ եզրափակած է. «Դուք մինչեւ հիմա արգելք կը սահմանէք քրտերէնի նկատմամբ: Մինչեւ հիմա մայրենի լեզուով կրթութիւն կարելի չէ ստանալ: Եօթը կուսակցութիւն փակած էք: Այս հարցերը պէտք է լուծուին: Պետութիւնը պէտք չէ միջամտէ հաւատքի հարցերուն: Պետութիւնը հաւատք եւ կրօնք չունի: Թուրքիոյ մէջ միակ բանը, որ ընդունելի է, քաղաքացի հասկացութիւնն է: Եթէ թուրք ես, սուննի ես, մուսուլման եւ տղամարդ, ուրեմն ընդունելի քաղաքացի ես, իսկ, եթէ քիւրտ ես, հայ, ասորի եւ կին ես, ուրեմն ընդունելի չես»: