«Արմէնփրէս».-ՀՀ ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յովհաննէս Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 26 Յուլիսին այցելած է Աւստրիա` քննարկելու ՀՀ-ԵՄ մուտքի արտօնագրերու զանց առնումին շուրջ երկխօսութեան (ՄԱԱԵ) հեռանկարները:
ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, Աւստրիոյ մէջ ինթեգրման ( համարկումին – «Գ.») եւ ՄԱԱԵ-ի մեկնարկին շուրջ ծաւալած են արդիւնաւէտ քննարկումներ:
Հայկական կողմը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնած է երկխօսութեան մեկնարկին համար առանցքային հանդիսացող ՀՀ-ԵՄ Մուտքի արտօնագրերու դիւրացման համաձայնագրերը:
Աւստրիական կողմը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնած է տեղաշարժի ոլորտին մէջ երկկողմ գործակցութեան բարձր մակարդակին համար` ՄԱԱԵ մեկնարկին ուղղուած աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը շեշտելով: