Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 Յուլիսին Աւստրալիոյ մայրաքաղաքի` երկրի Դաշնային խորհրդարանին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի անդամ, Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան առաջնորդ Ռիչըրտ Տի Նաթալէի հետ:
Մասիս Մայիլեան բարձրօրէն գնահատած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը իրենց ծրագիրին մէջ ներառելու Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Կանաչներու Կուսակցութեան` Դեկտեմբեր 2017-ին ընդունուած որոշումը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հանրապետութեան արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է, որ առանցքային նշանակութիւն ունի Արցախի ժողովուրդին` իրենց հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու լիարժէք գործադրման եւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման համար:
Իր կարգին, ծերակուտական Տի Նաթալէ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Մայիլեանին ընձեռնուած առիթին համար` ուղղակի տեղեկանալու Արցախի եւ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Ան ընդգծած է, որ Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համար արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յառաջ մղումը առանցքային տեղ կը գրաւէ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, քննարկուած են այդ բնագաւառին մէջ նոր կարելիութիւնները:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: