Հայաստան, անկախութենէն ի վեր, ԱՄՆ-էն ստացած է 2 մլրդ. տոլարի օգնութիւն: «Արմենփրէս»ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան ըսաւ, որ այդ գործին մէջ յանձնախումբը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Ան տեղեկացուց, որ այս տարիներու ընթացքին Արցախն ալ ԱՄՆ-էն 45 մլն. տոլարի աջակցութիւն ստացած է։
«Ի դէպ, Արցախ միակ երկիրն է, որ չէ ճանչցուած եւ ԱՄՆ-էն ուղղակի աջակցութիւն կը ստանայ», ըսաւ Նորա Յովսէփեան: Լրագրողները հարցուցին, թէ ինչի հիման վրայ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կը նուազեցնէ նիւթական աջակցութիւնը Հայաստանին, սակայն Ատրպէյճանին կը նախատեսէ տրամադրել 100 մլն. տոլար Իրանի հետ սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: Նորա Յովսէփեան ըսաւ, որ ասիկա կեղծ լուր է, ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին 100 մլն. տոլար պիտի չտրամադրէ:
Նորա Յովսէփեան ըսաւ.«Անշուշտ նիւթական աջակցութիւն պիտի ըլլայ, սակայն ոչ այդ քանակով: Այդ գումարը նախատեսուած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանը կը դիտարկէ կարեւոր գործընկեր Իրանի դէմ: Հայաստանի ու Արցախի նիւթական աջակցութեան համար կրնամ ըսել, որ Թրամփի քաղաքականութիւնը այդպիսին է,ան բոլոր ձեւերով կը նուազեցնէ: Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայաստանի համար 40 մլն. տոլար նախատեսուած է, առաջարկուած է 45 մլն. տոլար եւս աւելցնել: Արցախի համար 5 մլն. տոլարի յոյս ունինք, Հայաստանի հետ կապուած 85 մլն. տոլարի»:
Ան աւելցնելով ըսաւ, որ աշխուժօրէն կ’աշխատին Հայաստան-ԱՄն յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ: Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը կը դիտարկուի այդ առնչութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Սփիւռքի հարցերու յանձնակատարին իրենց աջակցութեան համար: