Քուէյթի Ազգ. վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի Հալէպ այցելութեան առիթով, «Գանձասար» իր ընթերցողները Քուէյթի հայ համայնքին ծանօթացնելու եւ Տոքթ. Սարգիսեանի տպաւորութիւնները իմանալու համար հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ.
«Գանձասար».- Խնդրեմ Քուէյթի հայ համայնքին մասին համառօտ ակնարկ մը ներկայացնէք: Ի՞նչ են այդ համայնքին յատկութիւնները հայութեան ընդհանուր պատկերին մէջ:
Ներսէս Սարգիսեան.- Քուէյթի համայնքը Ծոցի շրջանի ամենահին համայնքն է: Կարելի է այդ համայնքը նկատել Սփիւռքին Սփիւռքը, այն իմաստով որ ցեղասպանութենէն վերջ կազմուած համայնք չէ, այլ՝ Միջին Արեւելքի համայնքներէն աշխատանքի որոնման հետեւանքով համախմբուած հայութեան Քուէյթ մէկտեղման հետեւանք է, որ իր սկզբնական օրերուն՝ 1940-ական, 1950-ական թուականներուն, պարսկահայերէ, լիբանանահայերէ եւ սուրիահայերէ կազմուած էր, սակայն այսօր համայնքը առաւելաբար սուրիահայերէ կազմուած է։
Աշխատանքի բերումով այնտեղ համախմբուած հայերը ունին յատուկ պարագայ, այն իմաստով, որ երկրի քաղաքացիներ չեն, երկրին օրէնքը չի թոյլատրեր, որ քաղաքացիութիւն ունենան, նոյնիսկ եթէ հոն ծնած ըլլան։ Շրջանի հայութեան հոգեւոր եւ կրթական կարիքները կը հոգան թեմական կառոյցները եւ միութիւնները:
«Գանձասար».- Ուսումնական կեանքը ինչպէ՞ս կþընթանայ: Ինչպիսի՞ առաւելութիւններ կամ դժուարութիւններ ունի Ազգային վարժարանը, որպէս հայկական կառոյց:
Ն.Ս.- Քույէթի Ազգային վարժարանը խորքին մէջ մէկ յարկի տակ գործող երկու դպրոցներէ բաղկացած է. մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ՝ private school, իսկ երկրորդականը, որ քուէյթեան պաքալորիայի վկայական կը տրամադրէ, այլ վարժարան է՝ Թատամոն երկրորդական անունով: Այս երկու կառոյցները կը գործեն մէկ յարկի տակ եւ որովհետեւ պաքալորիան քուէյթի պետական ծրագիրն է, նախակրթարանը եւ միջնակարգը պարտաւոր են նոյն շունչով ընթանալ, որպէսզի աշակերտութիւնը նախապատրաստեն այդ ծրագիրին։ Մենք վերջին շրջանին աշխատանք տարինք, որ դպրոցը դարձնենք մէկ ամբողջութիւն, այս երկուութենէն դուրս գանք, նաեւ դարձնենք մէկ դպրոց, որ կþունենայ մէկ ծրագիր, որուն մէջ գիտական նիւթերը կը դասաւանդուին անգլերէնով, պահելով հանդերձ հայերէնը: Այս պարագային մէկ առաւելութիւն պիտի ունենայինք, որ հայերէնը մինչեւ պաքալորիա պարտադիր առարկայ պիտի ըլլար եւ անոր գնահատականը պիտի ազդէր աշակերտին միջինին վրայ: Այս ուղղութեամբ գործակցեցանք Հայաստանի Կրթութեան Նախարարութեան հետ, օրուան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին, ապա այսօրուան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: Այս գործակցութիւնը մեծ մարտահրաւէր էր եւ քանի մը առաւելութիւն ունէր դպրոցին համար: Առաջինը այն էր, որ հայերէնի դասաւանդութիւնը կը դառնար պարտադիր, իսկ նիւթին գնահատականը կ’ազդէր աշակերտին ընդհանուր միջինին վրայ։ Երկրորդ՝ նոր, ենթադրեալ ծրագիրին մէջ գիտական նիւթերը անգլերէնով պիտի դասաւանդուէին: Սա աւելի արդիական ծրագիր էր, մեր նպատակը Հայաստանի ծրագիրը իւրացնելն ու պահպանելով այդ ամբողջ ծրագիրին տրամաբանութիւնը, գիտական նիւթերը անգլերէնով դասաւանդելն էր՝ հայաստանեան կրթական փիլիսոփայութեամբ, նոյն ձեւով։ Այս ուղղութեամբ մեզի նպաստեց Անանիա Շիրակացի կրթահամալիրը: Օրին Հայաստանի կրթական իշխանութիւնները մեզի ուղղեցին Անանիա Շիրակացի: Գործակցութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է, շատ հսկայ աշխատանք է, դպրոցի մը ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելը դիւրին բան չէ։
Այս ծրագիրը կիրարկելու պարագային, օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն թիւը կրնայ նուազիլ, որովհետեւ ընդհանրապէս օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ծնողներուն մտահոգութիւնը այն է, որ հետագային, համալսարաններուն մէջ, իրենց զաւակները լեզուական դժուարութիւն չեն գտներ երբ արեւմտեան կամ լիբանանեան համալսարաններ յաճախեն: Այս պարագային մենք այդ բացը գոցած կ’ըլլանք։ Բաւական աշխատանք տարուած է, պէտք է շարունակուի: Սա մեծ մարտահրաւէր է: Մենք զուգահեռաբար դպրոցի ենթակառոյցը նորոգելու աշխատանքին ալ ձեռնարկեցինք: Նորոգութեան աշխատանքին ներդրում բերին համայնքի զաւակները եւ տեղւոյն բարեսիրական ու քուէյթեան կողմեր: Այսօրուան դրուածքով, դպրոցի ենթակառոյցին 90 առ հարիւրը վերանորոգուած է իր բոլոր բաժիններով՝ տարրալուծարաններով, սրահներով, conferece room-ով, շարժանկարի սենեակով, դասարաններով: Գրադարանի նորոգութիւնը ցարդ չէ ամբողջացած: Մտադրած ենք գրադարանը media tech-ի վերածել, արդիական միջավայրի մը, որ ոչ միայն գրադարան ըլլայ, այլ լսատեսողական կեդրոն, ուր աշակերտը ե՛ւ հաճելի, ե՛ւ օգտակար ժամանակ կ՛անցընէ։ Կը յուսանք, որ այդ ալ կþիրագործուի այս մէկ-երկու տարուան ընթացքին։ Մենք կը կարծենք, որ այս վարժարանին գոյութիւնը էական է: Եթէ չըլլայ այս վարժարանը, Քուէյթի հայ համայնքը լիարժէք համայնք չ՛ըլլար։ Բաղդատենք զայն Իմարաթի համայնքին հետ: Իմարաթի մէջ հաւանաբար նոյնքան հայութիւն կայ, որքան Քուէյթի մէջ, բայց Քուէյթը աւելի կազմակերպուած համայնք է, եւ անոր պատճառներէն մէկը ամէնօրեայ վարժարանի գոյութիւնն է: Ուստի այդ վարժարանի պահպանելը ռազմավարական նշանակութիւն ունի շրջանին մէջ, որպէսզի այս երկիրներուն մէջ հայութիւնը մնայ կազմակերպ, մնայ քաղաքականացած եւ ազդեցութիւնը ունենայ իր միջավայրին վրայ: Այստեղ եւս թիւի նուազում կայ վերջին քանի մը տարիներուն, որովհետեւ Քուէյթէն ալ գաղթ կայ: Գաղթը, բարեբախտաբար, մեծ մասամբ դէպի Հայաստան է, բայց կայ նաեւ դէպի Քանատա, դէպի արեւմտեան այլ երկիրներ: Գաղթի երեւոյթը կը շարունակուի, որովհետեւ Քուէյթի տնտեսական վիճակը անցեալի փայլուն պատկերը չի պարզեր։
«Գանձասար».- Որպէս Սուրիոյ տագնապը ապրած եւ վերջին երեք տարիներուն Սուրիայէն դուրս ապրած հալէպահայ, ինչպէ՞ս կը դիտէիք ձեր, մեր տագնապը մօտէն եւ հեռուէն: Իսկ հիմա, երբ արդէն մէկ ամսուան այցելութեամբ Հալէպ կը գտնուիք, ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը տեսնէք սուրիահայ համայնքը իր գոյատեւման երթին մէջ:
Ն.Ս.- Ես Հալէպէն մեկնեցայ Յուլիս 2016-ին. արդէն քանի մը ամիս վերջ Հալէպը ազատագրուեցաւ: Մենք այդ լուրերը, հետագային նաեւ գաղութի վերականգնումի աշխատանքները շատ դրական նկատեցինք եւ այդ ամբողջ մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման էր գաղութը արդարացի դուրս եկան:
Այսօր, Հալէպի մէջ, ապահովական եւ կենցաղային իմաստով, դրական շատ մեծ տեղաշարժ կայ: Ճիշդ է, կը պատահին հատուկենտ դէպքեր, այսուհանդերձ շատ զգալի է դրական ընթացքը: Այս զարգացումներուն զուգահեռ, սակայն, ժողովուրդի հոգեբանութեան ենթադրեալ դրական տեղաշարժ չնկատեցի: Այս իրավիճակը երկու երեւոյթներու կը վերագրուի առաւելաբար:
Առաջինը այն է, որ ժողովուրդը կ’ենթադրէր, թէ երբ Հալէպը ազատագրուի, շատ արագ կերպով կազդուրման վիճակ մը պիտի ստեղծուի, յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ, ինչ որ ցաւօք տեղի չունեցաւ:
Երկրորդը այն է, որ տակաւին երեւելի չէ համայնքը պատերազմական իրավիճակէն դէպի վերականգնումի իրավիճակ ուղղելու ամբողջական, շօշափելի ծրագիր մը: Համայնքը, իմ պատկերացումով, ունենալու է ներկայ պայմաններուն համահունչ, նոր մտայղացումներով յագեցած ծրագիր, որ պէտք է ընդգրկէ համայնքի կեանքին այլազան երեսները՝ տնտեսական, կրթական, քաղաքական, ծառայողական եւ այլն: Վերականգնումը միայն շէնքեր կառուցել չի նշանակեր: Սուրիահայ համայնքը նախորդ տարիներուն փաստեց, որ իր անկոտրում կամքով վերապրեցաւ ու յաղթանակեց: Այդուհանդերձ զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ թոյլ չտալ, որ ֆիզիքական պատերազմը յաղթահարած գաղութը հոգեբանական պարտութիւն կրէ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ:
Անհրաժեշտ է ստեղծել այնպիսի վիճակ, որուն շնորհիւ համայնքի զաւակները առկայ պայմաններուն մէջ իրենց լաւագոյնը տան՝ այլազան բնագաւառներու մէջ: Իրագործելի հսկայական աշխատանք կայ եւ գոյութիւն ունի սքանչելի երիտասարդութիւն: Այո՛, անկախ պատերազմական տարիներու մղձաւանջէն, սուրիահայ համայնքը, յատկապէս հալէպահայութիւնը, հարուստ է իր մարդուժով: Պէտք է գուրգուրալ այդ մարդուժին վրայ: Ես դժուարութեամբ կը պատկերացնեմ, օրինակ, որ կրթական մշակ մը կամ ազգային պաշտօնեայ մը սահմանափակ եկամուտով գոյատեւէ այս պայմաններուն մէջ եւ իր լաւագոյնը կարենայ տալ: Այս մարդուժը պէտք է պահել լօզունգներէ ու ձեռնարկներու ընթացքին հնչող պատգամներէ անդին, գործնական քայլերով: Պէտք է գուրգուրալ անոր վրայ, տնտեսական իր վիճակը բարելաւել եւ վստահեցնել զինք, որ տարիներու գոյապայքար մղած ըլլալով, պիտի կարենայ այլեւս այս երկրին մէջ արժանապատիւ կեանք մը վայելել: Ուրեմն անհրաժեշտ է կեդրոնանալ այս մարդուժը պահելու աշխատանքին վրայ:
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան
Արտագրեց
Անի Թոփալեան-Սարուխան