Չորեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2019-ին, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ գիտական հետազօտութիւններու բարձրագոյն խորհուրդին, Սուրիոյ Սփիւռքի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ Սփիւռքի սուրիացի մասնագէտներու «Նոսիթիա» խորհուրդին, Դամասկոսի «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ յետպատերազմեան տնտեսութեան մէջ Սուրիոյ եւ Սփիւռքի գիտնականներու ներդրումի միջոցներուն նուիրուած առաջին գիտաժողովը:
Երկօրեայ ժողովին մասնակցեցան 13 երկիրներէ 22 սուրիացի հետազօտողներ: Ժողովը լուսարձակի տակ առաւ 4 կարեւոր առանցքներ՝ բժշկութեան, երկրաչափութեան, կենսոլորտի, ջերմուժի ու տնտեսութեան: