ՆԱԽՔԱՆ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՍՆՈՒՆԴ ՍՏԱՆԱԼ

Դպրոցական քննութիւններու շրջան է։ Ձեր զաւակներուն մտային եւ առողջապահական վիճակին հետեւելով ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք, որ քննութենէն առաջ անոնք անպայման նախաճաշեն։
Բժիշկ Նաճիպ Անսի կը թելադրէ քննութենէն առաջ կեդրոնանալ այնպիսի սննդեղէնի եւ ըմպելիներու վրայ, որոնք կը սնուցանեն միտքն ու ուղեղը: Քննութեան օրերուն պէտք է խուսափիլ արագ պատրաստուող ճաշերէն, կազային ըմպելիներէն ու փոխարէնը առատ ջուր եւ կանաչ թէյ խմել:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ սուրճը կը յառաջացնէ մարմինի ջրազրկում։ Այս մէկը կարելի է յաղթահարել սակայն առատ ջուր եւ կանաչ կամ բուսական այլ թէյի տեսակներ խմելով:
Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴՈՂ ԳԻՇԵՐԸ
Քննութեան գիշերը նախընտրելի է ուտել օմեկա 3 պարունակող ուտեստ, ինչպէս՝ ձուկ, ձիթաիւղով պատրաստուած աղցանի տեսակներ եւ ընկուզեղէն։
Անհրաժեշտ է խուսափիլ տապկուած ուտեստներէ, որպէսզի մարսողութեան հարցեր չյառաջանան եւ ուղեղը իր աշխատանքի նկատառելի մասը չտրամադրէ ստամոքսի ու մարսողութեան։ Եթէ ուղեղին մէջ արեան քանակը նուազի, կեդրոնացումը կը խախտի:
Սնունդը պէտք է բաժնուի օրուան ընթացքին, իսկ ընթրիքը պէտք է ըլլայ թեթեւ եւ դիւրամարս։
Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՒՕՏԸ
Քննութեան երթալէ առաջ կարելի է ուտել քառորդ հաց, քիչ իւղով պանիր եւ վարունգ, խմել մեղրով, պանանով եւ կաթով  պատրաստուած ըմպելի կամ նարինջի թարմ հիւթ: Շեշտը պէտք է դնել թարմ պտուղի եւ բանջարեղէնի վրայ, որպէսզի  ապահովենք մարմինին անհրաժեշտ կենսանիւթերը: Կարելի է կաթին կամ պտուղի հիւթին հետ կտոր մը տուրմ կամ արմաւ ուտել, որպէսզի միտքը սթափ մնայ։
Դպրոցական տարիներուն ընդհանրապէս անհրաժեշտ է մանուկին կամ պատանիին կենսանիւթերով հարուստ բազմատեսակ սնունդ հայթայթել: Երեխաներու աճին նպաստելու համար անհրաժեշտ է յատկապէս սպիտակուցով (փրոթէինով) հարուստ սնունդը: Անբաւարար սնունդը կ’ազդէ ֆիզիքական եւ մտային զարգացման վրայ: Փոքրերը սուրճ չխմելով հանդերձ, քաֆէին կը ստանան պատրաստ, արհեստական հիւթերէն, քոլաներէն, որոնք անոնց մօտ գերգրգռուածութեան եւ գերշարժողականութեան պատճառ կը դառնան՝ ազդելով անոնց կեդրոնացման, ուսման նկատմամբ անտարբերութեան վրայ:
Քննութեան շրջանին անհրաժեշտ է բազմատեսակ եւ կենսանիւթերով հարուստ սնունդ: Այս շրջանին յանձնարարելի են՝ տուրմը, պանանը, ընկոյզը, նարինջի հիւթը, իսկ եռանդուն եւ աշխուժ ըլլալու համար նախաճաշը անհրաժեշտութիւն է:
Ամէնէն կարեւորը, անհրաժեշտ է լաւատես ըլլալ, օրուան ընթացքին գէթ կէս ժամ մարզանքով զբաղիլ, քալել եւ կատարել թեթեւ ֆիզիքական աշխատանք, որ անձին հաճոյք կը պատճառէ:
***
Բանաստեղծական Անկիւն
———————————

ՍԻՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Զահրատ

Սեւ հագնիմ
Ամպ հագնիմ անձրեւ հագնիմ
Ցաւը սրտիկս է այրեր
Աշնան չոր տերեւ հագնիմ
Հուր ժողվեմ
Իմ սիրածէս լուր ժողվեմ
Հուրը զոզնան ու երթան
Ես նստիմ փրփուր ժողվեմ
Լուռ քալեմ
Ցաւը սրտիս ծուռ քալեմ
Երբ հանդիպիմ սիրածիս
Ալ հարց չտամ ուր քալեմ
Լոյս իյնայ
Աչքերուն թող յոյս իյնայ
Այդ աչքերովն երբ նայի
Նայուածքը հոգւոյս իյնայ
Հով ըլլամ
Հովուն պէս գինով ըլլամ
Սիրտս զարնէ խենթի պէս
Երբ սիրածիս քով ըլլամ
Տօն ըլլայ
Իմ սիրածս հոն ըլլայ
Ծաղիկը շուտ կը թոռմի
Սիրածս կոկոն ըլլայ
Գինի տամ
Մարդ չտեսնէ գաղտնի տամ
Վարդ այտերը կարմրնան
Համբուրեմ երանի տամ
Տուն մտնեմ
Տան սեմէն ժպտուն մտնեմ
Գըլուխս դընեմ ուսին
Ու երջանիկ քուն մտնեմ
Երազիս
Աստղ մը գայ նստի սազիս
Ես այդ սազով տաղ ըսեմ
Աստղերը թող լսեն զիս
Եար ըսեմ
Սիրածիս գոհար ըսեմ
Թէ մեռնիմ լայ ետեւէս
Ողջննամ մի լար ըսեմ
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան