«Հայ Ասպետ»-ի մրցանակը Հայաստանի պատկերասփիւռէն դիտած էի: Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը նոյն օրինակին հետեւելով կազմակերպեց միջմասնաճիւղային «Հայ Ասպետ»-ի մրցանակ՝ 20 Հոկտեմբեր 2023-ին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան մէջ:
Հարցումները շարուած էին այբբենական կարգով: Մրցումին նպատակն էր պատանիներուն գիտելիքները զարգացնել եւ անոնց ծանօթացնել Հայոց պատմութեան, ՀՅԴ պատմութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան՝ իր գեղեցիկ բնութեամբ, լիճերով ու գետերով,  գրականութեան ու արուեստին, այդ մարզերուն մէջ ծառայած նշանաւոր դէմքերու եւ այլն:
Մրցանակին երկրորդ նպատակն էր՝ պատանիներուն ինքնավստահութիւնը բարձրացնել: Չորս խումբերը իրենց լաւագոյնը ներկայացուցին: Ժիւրիներուն եւ անոնց կողմէ տրուած նիշերուն համաձայն ունեցանք յաղթող խումբ մը, նաեւ «հայ ասպետ» մը, որոնք պարգեւատրուեցան: Մասնակիցները հարուստ գիտելիքներով եւ լաւ յիշատակներով վերադարձան իրենց տուները, խոստանալով միշտ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել իրենց լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին հանդէպ:
Փափաքս է, որ նման մրցանակներ յաճախակիօրէն կազմակերպուին, որպէսզի հայ պատանին ներշնչուի հայկական ոգիով:
Մարիա Բրդոյեան