Պատենական Միութեան Լաթաքիոյ «Արցախ» մասնաճիւղը կը հանդիսանայ լաթաքիահայ պատանին կազմակերպուած կեանքի վարժեցնող կարեւոր միջավայր մը, պատանին զինելով հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով:

Պատենական Միութիւնը կը կազմակերպէ յատուկ գործունէութիւններ։ Շաբաթական ժողովներէն բացի, կը կազմակերպուին ելոյթներ, որոնց ընթացքին պատանին կը ներկայացնէ պար, երգ, ասմունք եւ այլն։

Պատանիները մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին բոլոր ձեռնարկներուն, հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն։ Պատանիներուն կանոնաւոր ներկայութեան եւ ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ ձեռնարկները ընդունելութիւն կը գտնեն։

Պատանեկան Միութեան կարեւոր ձեռնարկներէն է «Պատանիի օր»-ը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Լաթաքիոյ «Կարպուշեան» սրահէն ներս։

Օրակարգը կ՛ընդգրկէր
բացման պատկեր, ասմունք, դրուագի մը ներկայացում,
խոստման արարողութիւն,
երգչախումբ եւ
փակման պատկեր։

Ձեռնարկի ընթացքին պատանիները հայրենասիրութեան եւ ազգապահպանման մասին լոզունքներ արտասանեցին, քերթուածներ ասմունքեցին, պարեցին եւ երգեցին անմոռանալի պահեր ապրելով։

Դաշնակցական պատանեկան միութիւններու վարիչներն ու վարիչուհիները, դաստիարակներն ու դաստիարակուհիները կը հետեւին պատանիներու քայլերուն, կը հսկեն անոնց, ուժ կու տան իրենց ձիրքերը զարգացնելու եւ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները՝ հեռու մնալով այլասերիչ հոսանքներու վնասաբեր ազդեցութիւններէն, փոխարէնը գործելով հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ։

 

Աւետիս Ճերմակեան