Հալէպահայ գեղանկարիչ Զաւէն Պարտաքճեանի նկարները իւրայատուկ են իրենց արդիական ոճով ու խորութեամբ։
Պարտաքճեան ոչ միայն ստեղծագործած, այլեւ արուեստի ուսուցման մէջ իւրայատուկ դեր ու ազդեցութիւն ունեցած է։ Իր աշակերտներէն շատեր արուեստի ոլորտին մէջ արդէն յայտնի անուններ դարձած են։
Արուեստագէտը իր առաջին քայլերուն մասին խօսելով հետեւեալը պատմեց.
«Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի տասներորդ կարգի մեր գծագրութեան ուսուցիչը՝ Եզեկէլ Թորոսը, գծագրութիւններս տեսնելով առաջարկեց որ յետմիջօրէին Ճեմարանի կառոյցին ետեւի բաժինին մէջ գծագրութեան տրամադրուած հաւաքատեղին, սրահը յաճախեմ ու գծեմ։ Առաջին գծագրութիւններս տեսնելէն ետք, մատիտով գծուած նկար մը տուաւ ու թելադրեց ներկել։ Երբ ներկեցի ու իրեն ցոյց տուի, «դուն սորվելու կարիք չունիս», ըսաւ ու ինծի վստահեցաւ այդ կեդրոն յաճախող աշակերտներուն ուղղութիւն տալը։ Յետմիջօրէներուն աշակերտներ կու գային հոն գծելու։ Ես ալ կը գծէի, միաժամանակ կը հսկէի եւ ուղղութիւն կու տայի անոնց։ Այսպէս սկսաւ ուղիս կերպարուեստի ճամբուն վրայ։ Նախքան Ճեմարանը աւարտելս, այս խումբը մասնակցեցաւ Սուրիոյ օրուան նախագահին հովանաւորութեամբ Հալէպի մէջ կազմակերպուած ամենամեծ «Ռապիհ» անունը կրող ցուցահանդէսին, որ տպաւորիչ ձեռնարկ մըն էր»։
Պարտաքճեան այնուհետեւ, համալսարանական ուսման տարիներուն, համալսարանական միջավայրին մէջ մասնակցած է ցուցահանդէսներու, որուն ի տես զինք նշանակած են Հալէպի պետական ընդհ. համալսարաններու արուեստի պատասխանատու՝ անհատական բոլոր ցուցահանդէսներու վաւերացումն ու հաւաքական ցուցահանդէսներու կազմակերպումը իրեն վստահելով։ Շրջան մը արուեստ դասաւանդած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն եւ Կիլիկեան վարժարանէն ներս։
Այդ օրերուն, Համազգայինի վարչութեան անդամներ Զաւէն Սապունճեան, Յարութ Հալլաճեան եւ Կարպիս Դերձակեան առաջարկած են Պարտաքճեանին կերպարուեստի դասընթացք մը կազմակերպել Համազգայինի անունով։ Առաջարկը ընդունած է այն պայմանով, որ վարչական պատասխանատուներ չմիջամտեն աշխատանքին, որովհետեւ մասնագիտական աշխատանքը ազատութիւն կը պահանջէ։ Սկիզբը՝ տատամսած, ապա շրջան մը վերջ զինք հրաւիրած են կերպարուեստի դասարան մը բանալու՝ Ճեմարանի կառոյցին ետեւի մասը գտնուող կեդրոնին մէջ (հետագային Ազգ. Հայկազեան Մանկապարտէզ)։ Աշխատանքը ընթացք առած է ու շրջան մը վերջ շուրջ երեսունհինգ աշակերտներով Հալէպի թանգարանին մէջ մեծ ցուցահանդէս մը իրականացուցած են, որ այդ օրերուն եզակի եղած է իր տեսակին մէջ ու շատ լաւ արձագանգ գտած։
«Աշխատանքս շարունակեցի մինչեւ ութսունական թուականներ, երբ զինուորական ծառայութեան համար դադրեցայ։ Վերադարձիս կերպարուեստի կեդրոնը արդէն Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզի վերածուած էր ու գծագրութեան բոլոր սարքերը, սեղանները, վարը՝ Տիգրանեան սրահ, լքուած վիճակի մէջ մնացած էին։ Հետագային Համազգայինը նոր կեդրոն ունեցաւ ու 1985-ին վերակազմակերպեց կերպարուեստի ուսումնարանը, զայն անուանելով «Արշիլ Կորքի»», յայտնեց Պարտաքճեան, ապա շարունակեց. «Զինուորական ծառայութիւնս աւարտելէն ետք շարունակեցի անձնական ցուցահանդէսներ տալ։ Ներկաները իւրայատուկ կը գտնէին իմ ոճն ու որակը, ենթադրելով որ արտասահմանէն եմ՝ արուեստի բարձրագոյն ուսումնարաններ աւարտած։ Ստեղծագործական աշխատանքս շարունակեցի, մերթ ընդ մերթ դադրելով անձնական գործերուս պատճառով»։
Պարտաքճեան արդէն մեծ համբաւ կը վայելէ թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ արտասահմանի արուեստի զանազան կեդրոններուն մէջ։ Անհատական ցուցահանդէսներուն կողքին կը մասնակցի արտերկրեայ ցուցահանդէսներու։
Երբ պրն. Զաւէնին հարցուցինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել իր ոճը, ըսաւ.
«Իմ ոճը սուրիալ-երեւակայական է, ծանօթ իրեր չեմ օգտագործեր նկարներուս մէջ։ Անոր համար ոճս Ապսթրասուրիայիզմ կը համարեմ։ Այսինքն՝ ունիմ երեւակայական մթնոլորտ մը, որուն մէջ ծանօթ իրեր չեմ օգտագործեր, որովհետեւ ծանօթ իրերը կը կաշկանդեն դիտողը։ Երբ, զորօրինակ մարդ մը տեսնէք նկարին մէջ, կը կարծէք թէ այդ է ամբողջ միտքը, նիւթը եւ վե՛րջ ու դիտողին կը թուի թէ հասկցած է նկարը։ Գծագրութիւնը կամ նկարչութեան արուեստը հասկնալը բարդ բան է, որովհետեւ արուեստը բառ չունի,  սահման չունի, պիտի կարենաս ճաշակել, խորանալ ու մտնել անոր մէջ զգացումներովդ, երեւակայութեամբդ։ Ես այսպէս կը բացատրեմ ոճս»։
«Ո՞վ է արուեստագէտը ձեր կարծիքով», հարց տուինք անոր։
«Նկարիչը կամ գծագրիչը միայն գեղեցիկը յօրինողը կամ շինողը չէ, այս երկուքը կիրարական արուեստին կը վերաբերին։ Գծագրիչը նախ պէտք է սեփական ոճ ունենայ, որպէսզի տեսնողը անմիջապէս կռահէ, թէ որո՛ւն կտաւն է, ո՞վ է հեղինակը։ Ոճս բնականաբար կը զարգանայ, կը յառաջանայ, սակայն Զաւէնը ներկայութիւն կը մնայ անոր մէջ։
Ես կը ներկայացնեմ մարդուն ներքին աշխարհը։ Երբ գծել սկսայ, նկարներս նախ սրտի զարկերու կը նմանէին, կը գծէի մարդու մտքին բարդ վիճակը, որ կը ժայթքի, կը ձեւափոխուի, որովհետեւ մարդուն միտքը չի դադրիր երազելէ։ Ես այդ անսահման երազը, մարդուն մտքին անջրպետը կը փորձեմ արտայայտել։ Մարդուն միտքը փաստօրէն միջոց մըն է, որ զինք կը փոխադրէ տեղէ տեղ, անսահմանօրէն։ Այս է իմ փիլիսոփայութիւնը, որ երբեմն կը յոգնեցնէ։ Երբ յոգնիմ, կը սկսիմ մատիտով ծանօթ իրեր գծել, սակայն չեմ ցուցադրեր, պարզապէս հանգստանալու համար կը գծեմ այս պարագային»։
Երբ հարց տուինք, թէ մշակութային մեր կեանքին ու դպրոցներուն մէջ ինչո՞ւ նուազած է հետաքրքրութիւնը արուեստին նկատմամբ ընդհանրապէս, նիւթականի ու նիւթեղէնի կարեւորութիւն տուող ներկայ արժեհամակա՞րգն է պատճառը արդեօք, Պարտաքճեան ըսաւ.
«Ցաւօք մեր դպրոցներն ու ծնողները կը մտածեն միայն աշակերտին բարձր նիշ ապահովելուն մասին, որպէսզի անով իսկ հպարտանան։ Ի՞նչ օգուտ, սակայն, եթէ բարձր գումարներ ապահովեցին, սակայն հայութենէ, մարդկութենէ պարպուեցան։ Արուեստը, մշակոյթը մեր ինքնութիւնը կ’արմատաւորեն աշակերտներուն մէջ, կը ծաղկեցնեն զիրենք։ Աշակերտը ինչո՞ւ կը գնահատուի միայն նիշով, ո՞վ ըսաւ որ բարձր գնահատանիշ չապահովող աշակերտը յաջողակ չի կրնար ըլլալ իր կեանքին մէջ։ Իմ նկարչութեան աշակերտներէս շատեր այսօր բարձր դիրքերու հասած են։ Ես անձամբ արուեստի ճամբով իմ կեանքը բարելաւած եմ։ Կարեւորը մարդ պատրաստելն է,  անոր մէջ ստեղծագործելու աւիւն ներարկելն է, այլապէս աշակերտը միայն նիշի հեւքին մէջ մտնելով չի զարգանար, տեղ չի հասնիր։ Այսօր փոքր չէ թիւը ձախող բժիշկներու, կամ երկրաչափներու»։
Պրն. Պարտաքճեան խօսելով արուեստի ուսուցման մասին դիտել տուաւ, որ նկարչութեան համաշխարհային դպրոցներու մէջ երկու ուղղութիւն կայ։ Առաջինը միայն գծել, ոչ թէ ստեղծագործել կը սորվեցնէ, որովհետեւ արուեստ յայտնաբերելը չես կրնար սորվեցնել, այնպէս ինչպէս գրականութիւն արտադրելը չես սորվեցներ։ Շատեր կը համարեն, որ գծողը պէտք է դասականը լաւ գիտնայ, որպէսզի կարենայ ժամանակակից ըլլալ։ Իմ կարծիքով գծողը պէտք է ազատօրէն ստեղծագործէ։ Ես աշակերտներուն հիմնական գիտելիքները տալէս վերջ ազատ կը ձգեմ, թոյլ չեմ տար որ մէկը միւսին նման գծէ, նոյն ձեւով շուք տայ եւ այլն։ Անոր համար ալ շատեր կու գան իմ տրամադրած աշխատանոցը՝ գծելու, որովհետեւ չեմ կաշկանդեր, չեմ սահմանափակեր գծողը։ Համաշխարհային երկրորդ ուղղութիւնը արդի արուեստի ուսուցումն է։ Ես այդ արուեստը կ’ուսուցանեմ։ Իւրաքանչիւր գծող ստեղծագործ պիտի ըլլայ, ոչ թէ միայն ընդօրինակող»։
«Մշակութային քաղաքականութիւն մշակելը կարեւոր կը համարէ՞ք միութիւններու պարագային», հարցուցինք։
«Անշուշտ կարեւոր է մշակութային քաղաքականութիւն մշակելը։ Կեդրոններ ունենալը բաւարար չէ։ Պէտք է պատանիին, երիտասարդին մէջ ստեղծագործելու կրակը վառ պահել, որպէսզի հետաքրքրութիւնը արթննայ ու մտքին սահմանները բացուին։ Արուեստի ուսուցումը չափի ու ձեւի մէջ պէտք չէ սահմանափակել։ Համաշխարհային գծողներ կան, որոնց գործերուն մէջ չափի-ձեւի հասկացութիւնը սովորականէն դուրս է։
«Դժբախտաբար ներկայիս դպրոցներէն ներս ալ արուեստին պէտք եղած ուշադրութիւնը չի տրուիր։ Ութսունական թուականներուն, երբ արուեստ կը դասաւանդէի, դասականին կողքին ստեղծագործել կը սորվեցնէի։ Ամիսը անգամ մը գործնական աշխատանքի պահեր կ’ունենայինք, նոյնիսկ կը յիշեմ Ճեմարանին բակը, գետնին վրայ կաւիճով գծել կու տայի աշակերտներուն։ Արուեստը սիրել պիտի տաս, որպէսզի հետեւի, յաճախէ ակադեմիա կամ այլուր։ Այլապէս հետաքրքրուած պիտի չըլլայ ու մենք պիտի դժգոհինք, որ մեր արուեստի կեդրոնները մեծաթիւ աշակերտներ չեն յաճախեր։ Անշուշտ աշակերտն ալ ընդունակ պիտի ըլլայ, որպէսզի ստեղծագործէ ու զարգանայ։ Դժբախտաբար փորձառուներու հետ խորհրդակցութեան պակաս կը նկատենք։ Արուեստի մեր կեդրոնները նախքան իրենց ծրագիրները մշակելը չեն խորհրդակցիր ինծի կամ այլ արուեստագէտներու հետ, միտքեր փոխանակելու համար, հակառակ անոր որ քանիցս տրամադրութիւն  յայտնած եմ կամաւորաբար գործակցելու»։
Եւ վերջապէս հարց տուինք, թէ արուեստը հաւաքականութեան մը մշակութային որակը, ճաշակը կը բարելաւէ՞։ Պարտաքճեան հաստատեց.
«Անշուշտ։ Եթէ արուեստագէտը հանդիսատեսին նորութիւն մը ցոյց տայ, բնականաբար կը զարգացնէ ու կը նպաստէ որ անոր շատ մը բարդոյթները, հարցերը լուծուին։ Կարեւորը սովորականէն դուրս ելլելն է ու հանդիսատեսին հրամցնել նոր ուղի, նոր մտածելակերպ եւ նոր ոճ։ Այլապէս եղածը կրկնելով ստեղծագործած չենք ըլլար։ Թերեւս հիանալի դիմանկար մը գծես, ատով սակայն նոր բան մը հրամցուցած չես ըլլար դիտողին»։
Զրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան