Դեսպան, Սուրիոյ ԱԳՆ Դիւանագիտական ուսումնարանի տնօրէն, ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի մէջ Սուրիոյ նախկին դեսպան Իմատ Մուսթաֆայի համոզմամբ, միջազգային հանրութիւնը պէտք է կարելի բոլոր միջոցները ի գործ դնէ` կաշկանդելու, սահմանափակելու հայ ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ընդլայնողական նկրտումները: Դիւանագէտը համոզուած է նաեւ, որ առանց Թուրքիոյ միջամտութեան եւ ռազմական օգնութեան` Լեռնային Ղարաբաղի ողբերգութիւնը տեղի չէր ունենար:

«Արմէնփրէս» զրուցած է Իմատ Մուսթաֆայի հետ` Հայաստան այցելութեան հիմնական նպատակին, տարածաշրջանային ու անվտանգային հարցերու, Սուրիոյ հայկական համայնքի դերակատարութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ:
– Պարոն դեսպան, նախ կը խնդրեմ ներկայացնէք Հայաստան այցելութեան նպատակը, ի՞նչ համաձայնութիւններ ձեռք բերիք:
– Մասնագիտական մակարդակով այցելութեան նպատակը հետեւեալն է. ես Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական ուսումնարանի տնօրէնն եմ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ունի դիւանագիտական հիանալի դպրոց, եւ մենք կը փափաքինք համագործակցութիւն, իրական ամուր յարաբերութիւններ հաստատել երկու դպրոցներուն միջեւ: Մենք կը ցանկայինք փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրել: Որպէս սկիզբ` Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցը 12 սուրիացի դիւանագէտներ հրաւիրեց Հայաստան` մասնակցելու դիւանագիտութեան երկշաբաթեայ դասընթացին: Մենք ալ յուսով ենք, որ քանի մը հայ դիւանագէտներ փոխադարձաբար կը հրաւիրենք այցելելու մեր ուսումնարանը եւ մասնակցելու աշխատաժողովներու, դասընթացներու: Այսպիսով, մասնագիտական մակարդակի վրայ այս է Հայաստան այցելութեանս նպատակը: Բայց նաեւ անձնական հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի նկատմամբ. ինչպէս, հաւանաբար, գիտէք, իւրաքանչիւր սուրիացի Հայաստանը իր սրտին շատ հարազատ կը համարէ` Սուրիոյ սուրիահայերու իւրայատուկ աւանդին շնորհիւ: Անոնք գերազանցութեան հասած են իրենց առած իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ: Սուրիոյ մէջ իւրաքանչիւր հայ եղած է Հայաստանի հիանալի դեսպան: Այնպէս որ, Հայաստան Սուրիոյ մէջ բարձր կը գնահատուի։ Եւ որպէս սուրիացի` ես միշտ երազած եմ այցելել Հայաստան` տեսնելու այս գեղեցիկ երկիրը, որ մեզ ուղարկած է այդ գեղեցիկ, խելացի, աշխատասէր եւ ազնիւ մարդիկը:

– Որպէս դիւանագէտ` ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ-սուրիական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը:

– Մէկ կողմէ յարաբերութիւնները գերազանց են: Երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու ջերմութիւնն ու խորութիւնն արտացոլուած են նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ: Այսպիսով, երկու կառավարութիւնները կապ կը հաստատեն իրարու հետ, կը համագործակցին, կը խորհրդակցին: Նոյն հարցերու վերաբերեալ մենք մեծաւ մասամբ միասնական դիրքորոշում ունինք: Միւս կողմէ` միայն այս մակարդակով չեմ բաւարարուիր: Ես կ՛ուզեմ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները տեսնել շատ աւելի լաւ եւ ուժեղ, նկատի ունենալով Սուրիոյ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ժողովուրդի միջեւ յարաբերութիւններու խորութիւնը:
– Ըստ Ձեզի` Հայաստանն ու Սուրիան ի՞նչ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ունին, ո՞ր ոլորտներում համագործակցութեան հեռանկարներ կը տեսնէք:
– Պէտք է յիշել, որ հայ ժողովուրդի եւ Սուրիոյ պատմութեան մէջ ընդհանրութիւններ կան: Մենք միշտ ունեցած ենք յարաբերութիւններ, ներգրաւուածութիւններ: Կ՛երեւի գիտէք, որ մեր պատմութեան մէջ պահ մը Տիգրան Մեծը նաեւ Սուրիոյ թագաւոր եղած է: Դամասկոսը եւ Հալէպը Տիգրան Մեծի օրօք մեծ թագաւորութեան մաս էին: Բայց պատմութեան այլ ժամանակաշրջաններուն եւս մենք ունեցած ենք շատ ամուր կապեր եւ փոխանակումներ: Ունեցած ենք նաեւ տխուր պատմութիւն այն բանի հետեւանքով, որ թուրքերը, Թուրքիան ի գործ դրին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, նաեւ` ցեղասպանութենէն առաջ եւ նոյնիսկ` ցեղասպանութենէն ետք, նաեւ այն բանի հետեւանքով, որ Թուրքիան ըրաւ Սուրիոյ: Այսպիսով, մենք ունինք ընդհանուր ցաւեր, ընդհանուր պատմութիւն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ձգտումներ` յանուն մեր տարածաշրջանի եւ մեր ժողովուրդի աւելի լաւ ապագայի:
– Պարոն դեսպան, ինչպէս գիտէք` Հայաստան ներկայիս մարտահրաւէրներու կը բախի: Ատրպէյճանի յարձակումին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան բռնի տեղահանուեցան աւելի քան 100 հազար հայեր: Խախտուած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստան կը ձգտի խաղաղութեան, սակայն, ինչպէս գիտէք, արդէն երկար ժամանակ է, որ չի յաջողիր Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի հասնիլ: Այսպիսով, որպէս Սուրիոյ դիւանագիտութեան քաջատեղեակ անձ, ի՞նչ կը կարծէք` Սուրիան ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ այս առնչութեամբ, ո՞րն է, ընդհանուր առմամբ, Սուրիոյ դիրքորոշումը այս հարցին գծով:

– Նախ` Սուրիան լիովին կ՛աջակցի հայկական դիրքորոշման Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Սուրիան, ինչպէս գիտէք, պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մեր խորհրդարանը որոշում ընդունեց` գիտակցելով եւ ընդունելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութեան փաստը: Ահա, թէ ինչո՛ւ մենք յատկապէս զգայուն ենք, երբ այսօր կը տեսնենք իւրաքանչիւր զարգացում, որ հայ ժողովուրդին ցաւ կը պատճառէ եւ պատճառ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղէն առաւելաբար դէպի Հայաստան, նաեւ` այլուր, մէկ արտագաղթի եւս, մէկ սփիւռքի ձեւաւորման եւս: Ասիկա մեզ շատ կ՛անհանգստացնէ: Մենք մեծ կարեկցանք կը տածենք Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ եւ կը դատապարտենք անոնց դէմ կատարուածը: Պէտք է խոստովանիմ, որ մենք շատ քիչ բան կրնանք ընել այս հարցով օգնելու համար, քանի որ, կը կարծենք, որ առանց Թուրքիոյ միջամտութեան եւ ռազմական օգնութեան, Լեռնային Ղարաբաղի նոր ողբերգութիւնը տեղի չէր ունենար: Թուրքիան այսօր նոյնը կ՛ընէ Սուրիոյ հետ: Ան կը միջամտէ եւ կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած ահաբեկչական խմբաւորումներուն, կը պաշտպանէ զիրենք: Մենք ալ այսօր Սուրիոյ մէջ կը տուժենք թրքական գործողութիւններուն հետեւանքով:

– Իսկ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման վերաբերեալ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Սուրիան:

– Մենք ամբողջութեամբ կը պաշտպանենք հայկական դիրքորոշումը, ամբողջութեամբ: Եւ կը կարծենք, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքն ու պարտականութիւնն է պահպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը:
– Ին՞չ կարող է անել Սուրիան այս հարցով:

– Մենք կարելիութիւն ունինք միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելու, չենք կրնար ասկէ այլ կողմ ուղղուիլ: Բայց այս մեր մօտեցումը կարեւոր է արձանագրել միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին` ՄԱԿ-ի կամ տարածաշրջանային կամ բազմազգ որեւէ հանդիպման ընթացքին:
– Ըստ Ձեզի` ի՞նչ պէտք է ընէ միջազգային հանրութիւնը` Հայաստանի դէմ նոր հաւանական պատերազմ չարտօնելու համար:
– Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործադրէ կարելի բոլոր միջոցները` զսպելու, սահմանափակելու հայ ժողովուրդին նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ընդլայնողական նկրտումները:
– Պարոն դեսպան, ըստ Ձեզի, Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ ի՞նչ դերակատարութիւն ունի:
– Ներկայիս եւ պատմութեան ընթացքին Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին Դուք աւելի լաւ գիտէք, քան ես: Կրնամ ըսել, որ գրեթէ նոյն բանը Թուրքիան մեզի հետ ըրաւ Սուրիոյ մէջ: Նոյնը ըրաւ նաեւ Կիպրոսի հետ, Յունաստանի հետ: Այսպիսով, Թուրքիան շատ թշնամական եւ շատ վտանգաւոր դարձաւ իր դրացիներուն համար:

– Դուք խօսեցաք Սուրիոյ հայ համայնքին մասին, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է Համայնքը Սուրիոյ մէջ: Հայաստանը ի՞նչ դեր ունեցած է Սուրիոյ մէջ:

– Սուրիոյ հայ համայնքը ինչ որ կ՛ընէ գերազանցապէս կ՛ընէ, ասիկա յայտնի երեւոյթ է: Սուրիոյ մէջ մենք շատ հպարտ ենք, որ ունինք զգալի հայկական համայնք: Հայ համայնքին ազդեցութիւնը Սուրիոյ կեանքին վրայ շատ աւելին է, քան տեղւոյն հայերուն իրական թիւը: Եթէ Սուրիա գտնուիք, կը մտածէք, թէ այնտեղ միլիոնաւոր հայեր ունինք: Անշուշտ, այդպէս չէ, որակի հաշուին այդպէս կը զգացուի: Տեղւոյն հայերը շատ յարգուած ու գնահատուած են սուրիացի ժողովուրդին կողմէ:

Երբ հայերը ցեղասպանութենէն յետոյ Սուրիա եկան, սոված էին, աղքատ, վախցած, թոյլ: Նոյնիսկ պատշաճ հագուստ չունէին, հալածուած էին: Շատեր որբ կամ այրի էին: Այդ շրջանը հայերու կեանքին մէջ շատ սարսափելի շրջան էր: Երբ Սուրիա հասան, մասնաւորապէս` Հալէպ, ժողովուրդը անոնց շատ լաւ, մեծ հիւրընկալութեամբ ընդունեց, անոնց հետ կիսեց իր ջուրն ու հացը: Այս հայ համայնքը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին հաստատուեցաւ, ապահով զգաց, սկսաւ տքնաջան աշխատիլ: Հայերը ծաղկեցան, բարգաւաճեցան, յետոյ Սուրիոյ շատ աւելին տուին, քան մեզմէ ստացած էին գաղթի օրերուն: Մեն այսպէս կը նայինք այս իրողութեան եւ մենք մեզ կը յուշենք, որ ինչ փոքր լաւութիւն ըրած են հայերուն, իսկ անոնք մեզի շատ աւելին տուած են, շա՜տ աւելին: Ինչպէս ըսի` մենք շատ հպարտ ենք Սուրիոյ մէջ հայկական ներկայութեամբ, քանի որ հայութիւնը կը հարստացնէ մեր կեանքը:

– Պարոն դեսպան, որքան գիտեմ` Դուք առաջին անգամ Հայաստան կը գտնուիք: Ին՞չ տպաւորութիւններ ստացաք մեր երկրէն:
– Երբ հասայ Երեւան, Նորին գերազանցութիւն տիկին դեսպանը, որ օդանաւակայանին մէջ զիս դիմաւորեց, մինչեւ իմ հիւրանոց ընկերակցեցաւ` անմիջապէս զիս տարաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ: Ես այնտեղ երկու ժամ անցուցի: Սրտիս մէջ մեծ վիշտ զգացի երբ այդ ամէնը տեսայ: Բայց ես նաեւ հպարտութիւն զգացի, որովհետեւ մենք հայ ազգին կողքը եղած ենք անոր դժուար ժամանակներուն: Այսօր Հայաստան հիանալի վերածնունդ կ՛ապրի: Տպաւորուած եմ այն ամէնով, ինչ որ տեսայ այս օրերուն: Այցելեցի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, մեծ յոյզեր ապրեցայ: Ես ինծի ըսի, որ այս ազգը յաւերժ ապրելու համար է, ոչ մէկ այլ պետութիւն չի կրնար ոչնչացնել հայերը, դուք անխորտակելի էք:

– Պարոն դեսպան, կը փափաքէի՞ք մեր զրոյցին որեւէ բան աւելցնել:

– Ոչ, պարզապէս կ՛ուզէի աւելցնել, որ թէեւ կը ներկայացնեմ Սուրիոյ կառավարութիւնը` որպէս դեսպան, բայց կը խօսիմ նաեւ որպէս Սուրիոյ քաղաքացի, միայն քաղաքական մեկնաբանութիւններ ու տեսակէտներ չեմ յայտներ: Խօսքերս իսկապէս կը բխին սուրիացիի մը սրտէն:

Հարցազրոյցը` Աննա Գրիգորեանի
Լուսանկարները` Հայկ Մանուկեանի
Արեւմտահայերէնի վերածումը՝ «Գանձասար»-ի