ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական քառեակի մրցումներուն, Հալէպի մէջ Ճալաաը 74 – 66 արդիւնքով յաղթեց Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէին,  ինչպէս նաեւ Հոմսի մէջ Քարամէն յաջողեցաւ 67-92 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակից Նաուաիրը:
-Հալէպի Ահլի ակումբը մէկ տարուան ժամանակաշրջանով երկարաձգեց պասքեթի խումբի խաղացող Ճեմիլ Սըտէյրի պայմանագրութիւնը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Անգլիոյ ախոյեանական մրցումներու աւարտին, Մանչեսթըեր Սիթին դարձաւ Անգլիոյ Փրեմիէր Լիկի ախոյեան: Այս հերթական չորրորդ տարին է, որ քաթալոնիացի Խոսէփ Կուարտիոլայի գլխաւորած խումբը կը յաջողի տիրանալ Անգլիոյ ախոյեանութեան: Յիշենք նաեւ հերթական երկրորդ տարին ըլլալով Սիթիի նորուէկիացի խաղացող Էրլինկ Հալանտ կը դառնայ լաւագոյն յարձակողական խաղացող եւ կ’արժանանայ ոսկի խաղակօշիկին՝ նշանակելով 27 կոլ: Այս վեցերորդ անգամն է, որ Կուարտիոլան կը դառնայ Անգլիոյ ախոյեան: Անգլիոյ ախոյեան եւ գաւաթակիր Մանչեսթըր Սիթիի  գլխաւոր մարզիչ Խոսէփ Կուարտիոլա հերքած է ամռան այլ ակումբ տեղափոխուելու տարբերակը: BBC-ի համաձայն Կուարտիոլա յայտնած է. «Ես տակաւին մէկ տարուան պայմանագրութիւն ունիմ եւ կ’ուզեմ մնալ այստեղ։ Յաջորդ մրցաշրջանին ալ պիտի ըլլամ  Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ. այլ  ծրագիրներ չունիմ»։ Ան Մանչեսթըր Սիթին կը գլխաւորէ 2016 թուականէն, իսկ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2025 թուական:
ՄՊԱՓԷ. «ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ԽԱՂԱԼ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՀԵՏ»
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Քիլիան Մպափէ պատասխանած է այն հարցումին, թէ որ ֆութպոլիստը կրնայ փոխարինել զինք փարիզեան խումբին մէջ ու ըսած. «Եթէ Փարիզ Սան Ժերմանը պայմանագրութիւն ստորագրեց ինծի հետ, կրնայ պայմանագրութիւն կնքել նաեւ ուրիշներու հետ։ Մեծագոյն ֆութպոլիստները կը փափաքին խաղալ իւրայատուկ ակումբներու հետ։ Փարիզ Սան Ժերմանը պարզապէս այն ակումբներէն է, որուն կ’ուզեն մաս կազմել շատ խաղացողներ»: 25-ամեայ յարձակողի խօսքերը փոխանցեց Get French Football News-ը: Նախապէս յայտարարուած էր, որ Մպափէ ազատ գործակալի կարգավիճակով պիտի հեռանայ փարիզեան ակումբէն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան