ՀՄԸՄ Սուրիա դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ շրջանի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն պատգամաւորներ՝ Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան եւ եղբ. Յարութ Գաբրիէլեան, Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ հրաւիրեալ՝ եղբ. Կարօ Գալայճեան:
Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2019-ին Սուրիոյ պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիի բացումին, «Հայաստանի Ֆիզիքական Կուլտուրայի եւ Սպորտի Պետական Համալսարան»ին մէջ:
Պատգամաւորական 12րդ Ընդհանուր Ժողովի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ։ Հանդիսութեան ընթացքին մեծ ուրախութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ձեռամբ «Արժանեաց» շքանշանով օժտուեցաւ Սուրիոյ շրջանի վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, նախկին Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանը: