«Գանձասար» մտերմիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի նորակազմ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Համբիկ Ճապաղջուրեանի հետ՝ Ճեմարանի առաքելութեան, ճեմարանականներու ընկերական կապին ու աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուին անոնք պատկանելիութեան իրենց բարձր գիտակցութեան շուրջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.
«Գաձասար»- Եօթը ամիսէ ի վեր արդէն կը գործէ ՔԵԱ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի մասնաճիւղը: Ի՞նչ նպատակով ծնունդ առաւ միութիւնը եւ ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը տանի:
Համբիկ Ճապաղջուրեան- Միութեան հիմնադրութեան նպատակը հետեւեալն էր. Երեւանի տարածքին ճեմարանաւարտ մեծ մասսայ մը գոյութիւն ունի, որ կը գնահատուի առնուազն 200-250 շրջանաւարտներով: Այս շրջանաւարտները համախմբելու, անոնց միջեւ մշտական կապը պահելու, ինչպէս նաեւ ՔԵԱ Ճեմարանի զօրավիգ կանգնելու նպատակով հիմը դրինք Երեւանի Շրջանաւարտից Միութեան: Փորձը կատարեցինք եւ առաջին հանդիպումը կազմակերպեցինք 14 Մայիս 2023-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, համախմբելով 65-70 ճեմարանականներ, որոնց կարգին էին ե՛ւ ճեմարանին մէջ դասաւանդած քահանայ-ուսուցիչներ ե՛ւ զանազան նիւթերու ուսուցիչներ ե՛ւ շրջանաւարտներ: Անոնք իրենց խօսքերով խրախուսեցին միութեան կազմութիւնը եւ այսպիսով ընթացք առաւ մեր աշխատանքը: Միութիւնը կազմեցինք խորհրդակցելով Հալէպի ԱՔԵ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ Շրջանաւարտից Միութեան վարչութեան հետ, ինչպէս նաեւ փորձառու, երէց ճեմարանաւարտներու հետ: Յառաջացուցինք առաջին վարչութիւնը՝ Ճեմարանին տրամադրելու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն:
Երկրորդ ձեռնարկը հանդիպում մըն էր, մասնակցութեամբ ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, որոնք կը գտնուէին Երեւան կամ այլ երկիրներ եւ ամրան արձակուրդին ժամանած էին Հայաստան: Այդ հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ 10 Յունիս 2023-ին, պատուոյ նախագահն էր դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան: Զրուցեցինք ճեմարանին օգտակար դառնալու տարբեր միջոցներուն մասին:
Յաջորդ մեր ձեռնարկը, հալէպեան աւանդութեան համաձայն, ֆուլի նախաճաշ մըն էր, ճեմարանաւարտ Յարութ Ղազարեանի «Ժանօ» ճաշարանին մէջ, նախաճաշին մասնակցեցաւ նաեւ ճեմարանաւարտ արուեստագէտ Շանթ Դանիէլեանը ու ջութակով հնչեցուց հայկական մեղեդիներ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ երգիչ Եղիա Քիլէճեանը: Այս նախաճաշին նպաստեցին թէ՛ ճաշարանատէրը, թէ՛ ջութակահար Շանթն ու մենակատար Եղիան՝ իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ եւ թէ՛ վարչութիւնս՝ անհրաժեշտ պիւտճէն տրամադրելով: Նախաճաշի ընթացքին զրուցեցինք միութեան նպատակին շուրջ, շեշտելով որ մեր հիմնական նպատակը ճեմարանաւարտներու մթնոլորտը պահելն ու յաճախակի հանդիպումներով զրուցելն է, ոչ թէ միայն նիւթական ապահովելը:
29 Յուլիսին, օգտուելով ճեմարանի 1983-ի մեծաթիւ շրջանաւարտներու Երեւան գտնուելէն, կազմակերպեցինք պարահանդէս մը՝ մատչելի գիներով եւ Հալէպի աւանդական մթնոլորտով, որուն իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ ճեմարանաւարտ երգիչ Սուրէն Աճէմեան, իր նուագախումբով: Այդ ձեռնարկին հաւաքուեցաւ կոկիկ գումար մը, որ անմիջապէս փոխանցուեցաւ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Ճեմարանի այդ տարուան պրովէի շրջանաւարտներուն խրախճանքին ամբողջ ծախսը մենք հոգացինք: Ձեռնարկի հասոյթէն նախքան Ամանորը Ճեմարանի բոլոր հայ պաշտօնեաներուն եւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի ուսուցչակազմին անհատական օժանդակութիւն տրամադրեցինք:
20 Օգոստոսին կազմակերպեցինք ընթրիք մը, որուն սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ Քանատայէն ժամանած, հալէպահայ սիրուած երգիչ Մհեր Մինասեանը:
Ուսումնական այս տարուան վերամուտին՝ 12 Սեպտեմբերին, գրենական պիտոյք ապահովեցինք եւ տրամադրեցինք ՔԵԱ Ճեմարանի աշակերտութեան: 21 Հոկտեմբերին «Յառաջ» կեդրոնէն ներս կազմակերպեցինք հալէպահայ երբեմնի ուսուցիչ, գրող Գէորգ Պետիկեանի «Սփիւռք» գիրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ եղաւ ու խօսք առաւ նաեւ ԱՔԵ Ճեմարանի ներկայ տնօրէն Զեփիւռ Է. Րէիսեանը: Այս ձեռնարկին մեզի օգտակար դարձաւ նաեւ կեդրոնի պատասխանատու տիկին Անի Բրդոյեան-Ղազարեանը:
Նախաձեռնած ենք նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ գիտական, մարզական, արուեստի եւայլն, համաշխարհային վարկ վայելող ճեմարանականներու ալպոմի մը պատրաստութեան:
«Գ.»- Որո՞նք են ձեր դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւնները՝ Հայաստանի շրջանաւարտները ի մի բերելու, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի աշխատանքային ժամերը տարբեր են եւ չեն համընկնիր Հալէպի մեր սովորոյթներուն:
Հ.Ճ.- Երեւան հաստատուած հալէպահայ երիտասարդներու հիմնական դժուարութիւնը աշխատանքային ժամերու համադրումն է: Գիտենք, որ Հալէպի մէջ, երիտասարդութեան մեծ մասը մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00- իր աշխատանքը կ’աւարտէ, որմէ ետք կը ծառայէ միութիւններէն ներս կամ կ’այցելէ ակումբներ՝ ընկերային մթնոլորտին մաս կազմելու: Այստեղ պարագան տարբեր է: Մեր երիտասարդները պարտաւոր են աշխատելու տարբեր ժամերու եւ մեծամասնութեան ազատ ժամերը չեն համընկնիր յաճախ: Մեր հիմնական մէկայլ դժուարութիւնը իրականութեան մէջ կեդրոն չունենալն է, որուն կողքին երիտասարդներու աշխատանքային ժամերու տարբերութիւնը եւ աշխատավայրերու հեռաւորութիւնը կը դժուարացնեն յաճախ անոնց ընկերային կեանքը եւ հանդիպումներու առիթը սակաւ կը դարձնեն: Բայց եւ այնպէս, մենք կը մտածենք համեստ կեդրոն մը ապահովել մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որպէսզի մարդահաւաքը աւելի դիւրին իրականանայ եւ մնայուն հանդիպումներու միջավայր մը ստեղծուի:
«Գ.»- Կը գտնուիք Հալէպ, վստահաբար այցելեցիք նաեւ ԱՔԵ Ճեմարան: Ձեր կարծիքով Ճեմարանի դերը ի՞նչ եղած է սերունդներու կապի պահպանման մէջ: Ի՞նչ կը յորդորէք Ճեմարանի ներկայ աշակերտներուն:
Հ.Ճ.- Ճեմարանը սոսկ կառոյց մը չէ, Ճեմարանը այդ կառոյցէն ներս տիրող ներքին մթնոլորտն է, իսկ այդ մթնոլորտին մէջ մեծ դեր ունի հայ լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդութիւնը: Հայերէնի ուսուցումն ու օգտագործումը կը ստեղծեն անքակտելի կապ մը ճեմարանականներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայկական իրականութեան հետ: Հայերէնը մեզ բոլորս կը միացնէ մէկ երդիքի տակ: Պատի՛ւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք սատարած են ու կը սատարեն հայկական մթնոլորտի պահպանման: Եզրափակելով կը կարծեմ, որ հայերէնի պահպանման համար տարուող աշխատանքներուն մէջ խստապահանջ պէտք է ըլլալ նոյնիսկ Սուրիոյ ծանր այս պայմաններուն մէջ, որովհետեւ լեզուն է մեր դիմագիծը պահողն ու մեզ նոյն նպատակներուն շուրջ համախմբողը: Ճեմարանին դերը մեծ է այս առումով, իսկ մենք՝ շրջանաւարտներս, աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուինք պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ Ճեմարանին ու ճեմարանականներուն:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Զարմիկ Պօղիկեան