Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող աւելի քան երկու տասնեակ ամերիկացի քոնկրէսականներ Ուրբաթ օր պաշտօնական շրջանառութեան մէջ դրած են Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրինագիծը։
Փաստաթուղթի հեղինակներն են քոնկրէսականներ Տինա Թայթուսը եւ Կաս Պիլիրաքիսը։ Այս մասին հաղորդած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Օրինագիծը անհատական պատժամիջոցներ կը նախատեսէ ատրպէյճանցի աւելի քան 40 պաշտօնեաներու եւ ուժայիններու դէմ։ Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ նախապէս կ’ենթադրուէր, որ ամերիկեան պատժամիջոցներու ցանկին մէջ 41 անուն ընդգրկուած պիտի ըլլայ, սակայն յետագային ցուցակը լրացուած է եւ հասած է 44-ի։
Բանաձեւի հեղինակները առաջարկած են Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանել մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ յանցագործութիւններու համար։
Փաստաթուղթի հեղինակներէն Տինա Թայթուսը X-ում գրառման մէջ նշած է, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն դէմ պատժամիջոցները պէտք է սահմանուին «Արցախի հայերու ցեղային զտումին եւ ընդդիմութեան դէմ կիրառուող բռնաճնշումներուն պատճառով»։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը համազգային արշաւ սկսած է՝ ի աջակցութիւն Թիթուս-Պիլիրաքիս Ատրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման շարժումին՝ https://anca.org/sanctions: